Պատշաճ չէ հարցնելը՝ թէ արդեօք անոնք հայ են, արաբ, քուրտ, թէ այլ ազգի

Մեծ դժուարութիւններով եւ միայն Թուրքիոյ ճամբով Հայաստան ժամանած բազմանդամ ընտանիք մը մօտ երկու օր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մնալէ ետք երէկ Հայաստանէն արտաքսուեցաւ դէպի Թուրքիա:

Արտաքսման պատճառը այն էր, որ անոնք չկրցան օրէնքով պահանջուած փաստաթուղթերը ներկայացնել օդակայանի իրաւասու մարմիններուն: Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը այդ մասին մանրամասն պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածեց` բացատրելով Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի պահանջքները եւ կառավարութեան որոշումները այս հարցին մասին:

Մէկդի դնելով այդ օրէնքի եւ որոշման թերի եւ անթերի կողմերը, ինչպէս նաեւ ազգութեամբ հայ ըլլալը բնորոշելու պայմաններու մասին բոլոր քննադատութիւնները, մէկդի դնելով նաեւ այն փաստը, որ այդ մարդիկը հայ էին թէ արաբ, այստեղ մէկ այլ հարց կայ, որ պէտք է դիտել նաեւ մարդասիրական դիտանկիւնէ:

Այսօր երբ մարդիկ Սուրիոյ մէջ տիրող ցաւալի դէպքերէն հեռու կտոր մը խաղաղութիւն կը փնտռեն, մեղմ ըսած, պատշաճ չէ անոնց ապաստան տրամադրելու ժամանակ հարցնելը՝ թէ արդեօք անոնք հայ են, արաբ, ասորի, քուրտ թէ այլ ազգի: Այդ մէկը առաւել եւս անընդունելի է Հայաստանի կողմէ՝ սուրիացիին նկատմամբ, առանց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան խտրականութեան:

Սուրիացի ժողովուրդը հայկական ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերուն հետ իր հողն ու հացը կիսած է, առանց անոնց առջեւ ազգային կամ կրօնական այսպիսի պայմաններ դնելու: Այսօր Սուրիոյ դրացի երկիրներն անգամ, անկախ անոնց քաղաքական դիրքորոշումներէն,սուրիացիներու նկատմամբ այդպիսի պայմաններ չեն դրած:

Սուրիոյ հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած թուրքական մամուլը առիթ չի փախցներ պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու սուրիահայութեան սատարման մասին կոչերը գովազդելու որպէս «Թուրքիոյ կողմէ սուրիահայութեան հանդէպ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան դրսեւորումներ»: Իսկ այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանեան իշխանութիւնները սուրիահայ ընտանիքը ետ դէպի Թուրքիա ուղարկած են:

Օրէնք մը, որ չափէն աւելի ազգայնական հոտ ունի, կ’արգիլէ սուրիահայ ընտանիքին Հայաստան մուտք գործելը: Փոխարէնը՝ այդ օրէնքի գործադրումը բնաւ ազգային շահերու հետ համահունչ չէ:

Վերադառնալով փոխհատուցման մասին Հայաստանի ներկայացուցած այս օրինակին, իրաւասու մարմինները այս հակասութիւնները պէտք է անհապաղ հարթեն, մանաւանդ նկատի առած սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրական կապերը, իսկ երկու երկիրներու տասնամեակներու բացառիկ յարաբերութիւնները: Աւելին՝ միջազգային եւ մարդասիրական պարտականութիւնները մէկ կողմ, այդ մէկը անսահման կարեւորութիւն ունի Հայաստանի պետականութեան իր ժողովրդի հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ:

Մեկնաբանել