Շարժանկարը՝ Օհանի, agos.com.tr
Հայութիւնը առաջին անգամ այս անունով մկրտողները օսմանցիներն էին: Ճակատագրի հեգնանքն է թերեւս, որ նոյն այդ օսմանցիներու իշխանութեան վերջին տարիներուն հաւատարիմ հայերը սուրէ անցան՝ անհաւատարմութեան մեղադրանքով:
Շատ չանցած սուրէն փրկուած այդ փոքրաթիւ հայերը հաւատարմութիւն ցոյց տուին ֆրանսացիներուն եւ դարձան ֆրանսական բանակի Արեւելքի Լեկիոնին մէկ մասը, որ պիտի գար Կիլիկիան ազատագրելու: Անոնք կրցան Ֆրանսայի համար կռուելով հասնիլ Կիլիկիա, սակայն ֆրանսացիները շուտով համաձայնեցան նորաստեղծ թուրք կառավարութեան հետ եւ սուսուփուս Կիլիկիան անոնց յանձնեցին:
Հաւատարիմ հայերը կրկին բռնեցին գաղթի ճամբան:
Իսկ Թուրքիա մնացողները դարձեալ կոչուեցան «հաւատարիմ քաղաքացիներ», թէկուզ վերջին աստիճանի քաղաքացիներ, սակայն արդէն որպէս Թուրքական Հանրապետութեան փոքրամասնութիւն: Արդէն անոնց դիմաց հաւատարմութենէ բացի այլընտրանք ալ չէր մնացած այլեւս…
Միւս կողմէն 20-րդ դարասկիզբին հայերը տակաւին հաւատարմութիւն փաստելու վազքի մէջ էին ցարական իշխանութիւններուն առջեւ: Այսպէս՝ 1910-ին Յովհաննէս Թումանեանը արդարացնելու համար Ռուսական Պետական Դումային մէջ հայերուն ուղղուած «յեղափոխականի» մեղադրանքը, ան կը գրէր, թէ «եթէ կայ մի ժողովուրդ, որ յեղափոխական չի եւ լինելու էլ իսկ տրամադրութիւն ու հնար չունի, այդ հենց ինքը հայ ժողովուրդն է»:
Քանի մը տարի յետոյ կիսամեր վիճակի մէջ գտնուող հաւատարիմ հայ ժողովուրդին ռուսական բանակը կը թողէ ինքն իր դժբախտ ճակատագրին՝ դէպի վերջին հայկական գաւառները սողացող Թուրք բանակին առջեւ:
Հակառակ անոր, Հայաստանը կ’անկախանայ, յետոյ կը խորհրդայնանայ ու հայ ժողովուրդը կրկին հաւատարիմ կ’ապրի՝ այս անգամ Սովետ Միութեան մէջ: Այդ հաւատարմութեան որպէս նշան Երկրորդ Աշխարհամարտին ան կու տայ համեմատականօրէն ամէնէն մեծ թիւով զոհերը: Դեռ չհաշուած անթիւ, անհամար Սիպիր աքսորուած մտաւորականները, քանդուած արժէքները եւայլն… Սակայն հայ ժողովուրդը՝ հաւատարիմ…
Անդինը սփիւռք դարձած հայ ժողովուրդի միւս հատուածը ամէն մէկը իր երկրին մէջ կը դառնայ այդ երկրին հաւատարիմ քաղաքացին: Գաղթականի որդին վիզը ծուռ ու երկրի տիրոջ հաւատարիմ կը հետապնդէր իր օրուայ հացն ու եղեռնի լացը:
Ու այսպէս հայութեան հատուածները ամէն մէկը իր տիրոջ հաւատարմութիւն կատարած ժամանակ ունեցաւ երկու կաթողիկոսութիւն, իրար միս կրծող քանի մը կուսակցութիւններ եւ դեռ շարքը երկար է… Մինչեւ որ կերտեց անկախութիւն:
Բոլորին կը թուէր, թէ այլեւս հաւատարմութիւն տալու մարդ չմնաց, բայց այդ խաբկանքը շուտ բացայայտուեցաւ, եւ Ռուսաստանը կրկին յայտնուեցաւ մեծ եղբօր դերակատարութեամբ, եւ հայը երեկուընէ աւելի սկսաւ մէջք ծռել անոր առջեւ՝ ի նշան այդ հաւատարմութեան:
Ի վերջոյ նորաստեղծ պետութիւնը դարձաւ այնքան հաւատարիմ, որ այլեւս անոր քաղաքացիներուն ուղղուած ամէնէն ստոր անարգանքներուն անգամ պատասխանելու կամ հարց տալու ունակ չէ, յանուն այդ սնանկ հաւատարմութեան պահպանման:
Արդեօք ժամանակը չէ՞ այս զզուելի հաւատարմութեան սինտրոմէն ձերբազատուելու եւ մեր այդքան առատ գովասանքի ու բաժակաճառերու արժանացած «հայու հանճարը» գործի դնելու: Գէթ իմանալու համար, թէ այդ միայն բաժակաճառի՞ առարկայ է, թէ իրաւ գոյութիւն ունի:
Մեր նախնիները մեզ դաստիարակած են հաւատարմութեան սկզբունքով՝ «Հայը միշտ հաւատարիմ է, շինարար է, բարի է:» Երանի անոնք թողէին, որ սերունդները հասակ առնէին բնատուր մարդկային խելացութեամբ եւ ինքնասիրութեամբ, որ իմանային, թէ այդպիսի հաւատարմութիւնը ե՛րբ անհրաժեշտ է, ե՛րբ պիտանի կը դառնայ եւ երբ` վնասակար:
Թերեւս արդէն ժամանակն է յայտարարելու, որ հաւատարիմ հայը զզուելի է, ու ինչքան որ ան տուրք տայ իր հաւատարմութեան համար, այնքան աւելի զզուելի պիտի դառնայ բոլորին աչքին:
Անիմաստ է ըսելը, թէ ժամանակը ոչ թէ կոյր հաւատարմութեան, այլ սթափ մտածելու եւ խելքի ժամանակն է, քանի որ այդ ի սկզբանէ այդպէս է: