Իսլամ, ժողովրդավարութիւն եւ Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի եւ առհասարակ ամբողջ աշխարհի մէջ առկայ է այն սխալ պատկերացումը, թէ իսլամն ու ժողովրդավարութիւնը անհամատեղելի են: Ճիշդ է, որ ցարդ ժողովրդավարութիւնը լաւ չի գործեր իսլամական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ, սակայն կան նաեւ աւելի մեծ թիւով ոչ իսլամական երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը, ուր եւս ժողովրդավարութիւնը լաւ չի գործեր: Այդ չի նշանակեր, որ այդ երկու գործօնները ժխտական առումով փոխկապակցուած են:

Ժողովրդավարութիւնը, շատ հակիրճ, կոպիտ ու միամիտ բացատրութեամբ կարելի է ըսել, թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդի իրաւունքն է ընտրել իր ղեկավարները, ինչպես նաեւ հեռացնել զանոնք՝ երբ այլեւս չ՚ուզեր զիրենք: Այս իտէալական սկզբունք մըն է, որուն հասնելու համար պէտք է ջանալ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ:

Ճիշդ է, որ Արաբական յեղափոխութիւնները մինչեւ այսօր մէկ քայլ առաջ մէկ քայլ ետ իրավիճակ կը ներկայացնեն, երբեմն նոյնիսկ աւելի վատ: Սակայն յեղափոխութիւնները երկար ժամանակ պահանջող գործընթացներ են եւ ոչ թէ կարճաժամկէտ իրադարձութիւններ: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը մէկ տասնամեակէ աւելի տեւեց մինչեւ իր հանգուցալուծումը, իսկ Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը՝ թերեւս աւելի քան վեց կամ եօթը տարի: Այսօր կան բոլոր նախադրեալները, ըստ որոնց արաբները եւ իսլամները ի վերջոյ պիտի կարողանան ստեղծել իրենց յատուկ արդար կառավարման համակարգ մը, որ պիտի բխի իրենց այսօրուան ապրած փորձառութենէն:

Ճիշդ է, որ Եգիպտոսի մէջ Մուպարաքի տապալումէն ետք առաջին ազատ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իսլամականները կրցան 75 տոկոսէն բարձր ձայներ հաւաքել եւ անոնց ներկայացուցիչը՝ Մուրսին կրցաւ նախագահութեան հասնիլ իր ժողովուրդին ձայներով, սակայն անոնք մոռցան, որ ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութեան օրը չէ, այլ բոլոր այն օրերը, որոնք կը յաջորդեն զայն: Մուրսին չկրցաւ ժողովուրդը իր կողմը պահել, ու աւելին, ան իր արարքներով ընդդիմութիւնը առաւելագոյնի հասցուց: Ամէնայնդէպս, Մուրսիի ահաւոր վատ նախագահ ըլլալը եւ Եգիպտոսի ժողովուրդի անոր դէմ բուռն պոռթկումը, չ՚արդարացներ զինուորական յեղաշրջումը, զոր տեղի ունեցաւ, ոչ ալ բանակի կատարած յանձագործութիւնները: Եգիպտոսի մէջ, մինչեւ այս գործընթացի աւարտի հասնիլը, դեռ կը սպասուին մութ ու մռայլ ժամանակներ:

Մութ ու մռայլ ժամանակներ կը սպասուին նաեւ Սուրիոյ համար: 40 տարի մէկ ընտանիքի, մէկ կուսակցութեան կամ մէկ կլանի իշխանութիւնը 21-րդ դարուն ապրող որեւէ ժողովուրդի համար հերիք է: Հայաստանի քաղաքացին ամենալաւը պէտք է իմանայ այս ծանր իրողութիւնը՝ մեկնելով իր ներկայ փորձառութենէն:

Սուրիոյ մէջ երկար տասնամեակներ քաղաքական մշակոյթի բացակայութեան պատճառով, այդ գործընթացը, որ սկսաւ մօտ 2,5 տարի առաջ, այսօր խարխափումներ եւ ծայրաhեղական ներթափանցումներ կ՚ապրի: Ամէնայնդէպս, Սուրիոյ ժողովուրդը Միջերկրական ծովի ափին՝ քաղաքակրթութիւններու օրրանի մէջ բարգաւաճած մշակոյթը կրողն է եւ թէկուզ շատ մեծ գին վճարելէ ետք, ի վերջոյ պիտի մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղական եւ ամբողջատիրական համակարգերը: Աւարտին՝ անոնք պիտի ընտրեն իրենց ուզած ղեկավարները ու պիտի հեռացնեն զանոնք՝ երբ այլեւս չեն ուզեր: Հաւանաբար Սուրիոյ մասին այսօր ամբողջ աշխարհը աւելի քիչ կը յիշէր, եթէ միայն «մէկ մարդ» հրաժարական տար:

Հայաստանի մէջ, ուր կայ համեմատաբար աւելի մեծ քաղաքական մշակոյթ, խնդիրները գրեթէ նման են: Կայ խնդիր ժողովուրդին կողմէ ազատ ու արդար ճանապարհներով ղեկավարներ ընտրելու եւ զանոնք հեռացնելու՝ այլեւս զանոնք չուզելու պարագային: Հայաստանի ժողովուրդը շատ դասեր ունի քաղելիք արաբական եւ իսլամական ժողովուրդներու հզօր կամքէն ու դէպի ժողովրդավարութիւն անոնց ունեցած ձգտումէն, ինչպէս նաեւ զգուշանալու անոնց ունեցած տխուր փորձառութիւններէն: Այդ փորձառութիւններուն շուրջ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները վառ օրինակներ են:

Տնտեսական, քաղաքական եւ կառավարման բազմաթիւ ոլորտներու մէջ հսկայ ձախողութիւններու պատճառով, այսօր վիճակը այնպիսին է, որ Հայաստանի մէջ եւս որեւէ պահ կարելի է նման գործընթաց ծագում առնել: Իսկ այս գործընթացը շատ աւելի խաղաղ, հեշտ ու քիչ ցաւոտ կրնայ ըլլալ միայն «մէկ մարդու» հրաժարականով:

Մեկնաբանել