Տխուր է տօնական Հայաստանը

Հրավառություն Հանրապետության հրապարակում, սեպտեմբերի 21, Երևան
Լուսանկարը՝ Հարութ Էքմանյանի

Իմ երկիր Հայաստանը տխուր է այսօր, իր Անկախութեան Օրը:

Ինչպէ՞ս թէ տխուր է Հայաստանը, դիտէ՛ հեռատեսիլը եւ անմիջապէս կը նկատես որ այսօր տօն է, կը նկատես թէ որքա՜ն ուրախ է Հայաստանը իր անկախութեամբ, որքա՜ն ուրախ է Հայը Հայաստանի անկախութեամբ:

Ես կը դիտեմ «Երգ Երգոց»ի տօնական յատուկ հաղորդումը, քիչ ետք հաւանաբար նաեւ Հանրապետութեան հրապարակէն տօնական համերգ ուղիղ եթերով սփռուի եւ դիտեմ այդ տօնական համերգը, լսեմ ուրախութիւն արտայայտող անկեղծ խօսքերը, քիչ ետք հաւանաբար սփռուի Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտութիւն առթող ուղերձը: Հպարտ է Հայաստանը իր անկախութեամբ, բայց գիտեմ որ իմ Երկիր Հայաստանը՝ Նայիրին այսօր՝ իր Անկախութեան Օրը տխուր է: Տխուր է ոչ թէ որովհետեւ հազար ու մէկ չլուծուած հարցեր ունի, բնականաբար քսաներեք ամեայ երկիր մը պիտի ունենայ իր լուծելի եւ դժուար լուծելի խնդիրները, առաւել եւս մեծ երկրաշարժէ ետք Ղարաբաղեան հարցի ընդմէջէն ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ղարաբաղեան հարցի ընդմէջէն կ’ըսեմ, որովհետեւ, յիշեցէք, շատ կարեւոր պարագայ մը, մենք Խորհրդային այլ հանրապետութիւններուն նման Միութեան քանդումին հետեւանքով ինքնաբերաբար անկախութիւն չստացանք, այլ Արցախի ազատութեան համար պայքարի ընթացքին կատարուած ժողովրդային հանրաքուէի իննսուն ինը տոկոսանոց արդիւնքով, հանրաքուէ որուն կայացումը որոշուելէն վեց ամիս ետք այն տեղի ունեցաւ սովետական սահմանադրութեան հիմամբ, թէեւ արդէն հիւանդ Միութիւնը քայքայուած էր:

Հայաստանի ժողովուրդը արժանաւորապէս տիրացաւ իր անկախութեան, առանց վախնալու պայքարելով հսկայ պետութեան մը դէմ որ իր պատմութեան մէջ ունէր Պուտափէշտի եւ Չեխիոյ խռովութիւններու ճնշման արիւնալի էջերը, հապա՞ իր ամբողջ պատմութիւնը:

Հայաստանի ժողովուրդը ամենայ քաղաքակիրթ ձեւով պայքարեցաւ Ղարաբաղի եւ իր անկախութեան համար: Կը յիշէ՞ք. յիշեցէ՛ք, ամբողջ Հայաստանը Օփերայի՝ Ազատութեան հրապարակ կու գար, ուր ոչ մէկ ծաղիկ կամ խոտ կը տրորուէր, ինքնաշարժի տէր մարդիկ գիշերուայ ուշ ժամերուն իրենց անկողինէն կ’ելլէին որպէսզի Ազատութեան հրապարակէն մարդիկ իրենց հեռաւոր տուները հասցնէին, մի զարմանաք, ձրիաբար: Գիւղացիները բեռնատար մեքենաներով սննդեղէն կը բերէին հազարաւոր մարդկանց, բանտարկեալ գողերը իրենց ընկերներուն կոչ արձակած էին գողութիւն չընել եւ երկար ամիսներ Հայաստանի տարածքին գողութեան որեւէ դէպք չէր արձանագրուած:

Այդ երանելի վեհագոյն օրերուն հայ կանայք ծաղիկներ նուիրեցին օփերան շրջապատող սովետական բանակի զինուորներուն, մեր երիտասարդները իրենց կուրծքով դէմ դրին սովետական բանակի հրասայլերուն եւ զոհուեցան, եւ անոնցմէ ոմանց դիակները իրենց վերջին կայանը գտան եռաբլուրի մէջ: Եռաբլուրի այսօրուայ պատկերը չեմ գիտեր, սակայն կը յիշեմ եւ կը վերատեսնեմ թէ ինչպէս մեր երիտասարդները կը մաքրէին տեղանքը վայրի բոյսերէ եւ կը փորէին մեր առաջին նահատակներուն գերեզմանները: Մարդիկ իրենց ուսումը կիսատ թողելով, իրենց կիներն ու զաւակները, իրենց կարիքը ունեցող ծերունի մայրերն ու հայրերը թողուլով Ղարաբաղ կ’երթային ինքնաշէն զէնքերով նուաճելու անկախութիւն:

Հայ ժողովուրդը ազնուացած էր, աւելի ճիշդ վերագտած էր իր ազգային յատկանիշերը, ուստի եւ իրաւունք ունէր տիրանալու իր անկախութեան եւ նուաճեց իր անկախութիւնը, մութ ու ցուրտ, անհաց օրերով պարուրուած թանկագին անկախութիւնը:

Այսօր տխուր է Հայաստանը, քսան երեք տարեկան Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը, չկարծէք թէ որովհետեւ հարիւրամեայ Մեծ Եղեռնի թարմ վէրքերն են միայն պատճառը, միլիառաւոր պարտքեր ունենալն է միայն պատճառը, Հայաստանը նաեւ տխուր է իմ պատճառաւ, որովհետեւ ես այնտեղ չեմ, իր մէջ ըլլալով իրմէ դուրս եմ, անշուշտ կռահեցիք թէ ով եմ ես. ես սուրիահայն եմ, որ Հայաստանը կը նկատեմ ժամանակաւոր կացարան՝ Եւրոպա չուելու ժամանակաւոր կայարան, ես Հալէպի, Քամիշլիի, Դամասկոսի Րաքքայի վրայ արձակուող ռումբերէն ու փամփուշտներէն փախած եւ Հայաստան ապաստանած ու հոն ապրող մարդն եմ, որ չկարենալով դառնալ ՀԱՅ կը մնամ Սուրիահայ որ իր մտքին եւ հոգւոյն մէջ ստեղծելով բազմաթիւ առաւելութիւններ ի նպաստ իր ծննդավայրին, Հայաստանի քաղաքացի կը դառնայ սոսկ անձագրով: Հայրենիքէն հեռացող հայաստանցի հայն եմ ես: Հեռու իրմէ, շա՜տ հեռու, աշխարհով սփռուած մայրենի լեզուն մոռցող կամ զայն չսորված հայրենազուրկ հայն եմ, եւ դեռ արիւնոտած մարմնով ու հոգուով հալէպահայն եմ, մարդկային զոհեր տուող դպրոցները դատարկուող, եկեղեցիները քանդուող սուրիահայ գաղութն եմ:

Եւ ես տխուր եմ այսօր, տխուր եմ որովհետեւ չեմ կրնար մասնակցիլ Նայիրեան իմ երկրի Անկախութեան տօնին, որքան ալ դիտեմ եւ լսեմ տօնական համերգները:

Եւ տխուր է Երկիրը Նայիրեան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որքան ալ տօնական համերգներ սփռէ, որքան ալ անկեղծ ըլլան Պարոն Նախագահին ուղերձի խօսքերը ուղուած մեր բոլորիս, նոյնիսկ եթէ այդ բառերը նախ եւ առաջ հասցէագրուած ըլլան ինծի:

Հայաստանը տխուր է, որովհետեւ ես հոն չեմ, իր մէջ չեմ:

Մեկնաբանել