Ավետիս Հաջյանի նամակը՝ թուրք ժողովրդին

Թուրքիայում լույս տեսնող «Ակօս» պարբերականում Հայոց ցեղասպանության 99-րդ տարելիցի կապակցությամբ հրապարակվել է արգենտինահայ լրագրող Ավետիս Հաջյանի նամակը՝ ուղղված թուրք ժողովրդին: Նամակի արևմտահայերեն տարբերակը ներկայացնում ենք ստորև:

Պետրոս Պոյաճի Հաճեան ամէնէն հին նախահայրս է, որ կը ճանչնամ։ Հօրենական մեծ-մեծ հայրս է, որ կերպաս ներկող ըլլալով աշխատած է Քիլիսի շուկային մէջ, հոն ուր այսօր սուրիական սահմանն է։ Սպաննուած է 189­­­­6-ի առաջին ջարդի ընթացքին եւ դիակը նետուած է իրենց տան առջեւ։ Այդ պահուն մեծ մայրս կամ յղի էր կամ ալ ծննդաբերութեան ընթացքին էր՝ ծնունդ տալու հօրս Աւետիսին։ Երբ երախայ էի հայրս պատմած էր թէ մեծ հօրս սպանած էին կացինով մը, խաչի նշան ընելով անոր ճակատին վրայ։

Անոր կը պարտինք մեր մականունը։ Ուխտագնացութիւն կատարած է Երուսաղէմ, որմէ ետք ճանչցուած է որպէս «հաճի»՝, մահտեսի։ Անոնք որ կը հաւատան թէ անուն մը ճակատագրի որոշիչ է, թերեւս կռահեն, որ մեր ընտանիքին գրուած է թափառական կեանք մը։ Ճիշդ ինչպէս որ միլիոնաւոր հայերուն ճակատագիրն է, չնայած անոնց զանազան անուններուն՝ կը շրջագայեն երկրագունդը, փնտռելով օթեւան մը։ Լեցուած յոյսով, որը կը թթուի եւ կը նեխի մեր ներսը, բայց եւ այնպէս կը հաւատանք որ պիտի վերադառնանք մեր տունը, քաջ գիտակցելով թէ այդ տունը որ մեզ կը կանչէ, այլեւս գոյութիւն չունի։

Պետրոս Հաճիի զաւակ Աւետիսը, իմ մեծ հայրս, իր հօրեղբօր քով հասակ առած է Քիլիսի մէջ։ 1909-ին վանական ուսանող էր Սիսի՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ, երբ եկեղեցին բոլոր վանականներուն կը վերադարձնէ իրենց տուները, Աւետիսը երկար չի մնար այդ տունը, քանի որ հօրեղբայրը կը մտածէ թէ աւելի ապահով պիտի ըլլայ զինք հեռու ղրկել, եւ ուրեմն Աւետիսն ու իր մեծ եղբայր Ալեքսանդր, կամ Իսկէնտէր, կը մեկնին Եգիպտոս։ Հոն կը բանան սուրճի խանութ մը, չենք գիտեր Գահիրէի թէ՞ Աղեքսանդրիոյ մէջ։

Աւետիսը եւ Ալեքսանդրը կ’երթան Հալէպ 1919-ին կամ 1920-ին, կ’ամուսնանան ու կը վերադառնան Քիլիս, Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական իշխանութեան կարճ ժամանակի ընթացքին։ Աւետիսը եւ մեծ մայրս՝ Ազնիւը, ութը զաւակ ունեցած են, որոնցմէ երեքը մահացած են մանուկ հասակին։ Ազնիւը Հռոմկլացի է, Ուրֆայի մօտակայքէն, ուրկէ կու գայ նաեւ 12-րդ դարու հայ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինը։

Ազնիւ, Աւետիսին կինը, վեց կամ եօթը տարեկան էր, երբ տեղահան եղած են 1915-ին։ Անկէ առաջ Հռոմկլայի մէջ յաճախած է դպրոց, ուր ամէն օր բազմոցը հետը կը տանէր։ Անապատին մէջ կորսնցուցած է մօրը եւ մանուկ քրոջը։ Չենք գիտեր թէ ինչ պատահածէ հօրը, բայց դժուար չէ տրամաբանական ենթադրութիւն մը կատարել։ Ինք կ’ըսէ թէ զինք դրած են շոգեկառքի մը մէջ, հացի կտորով մը միասին։ Գերմանացի ձիաւոր մը նախատած է թուրք զինուորները քանի որ վատ կը վարուէին իրենց կարաւանին հետ։ Կը յիշեմ պատմելը, թէ ինչպէս նարինջի կեղեւով սնուած է։ Մաս կազմած է դէպի Հալէպ գաղթարշաւին, անապատին մէջէն։ Աղբերը պրպտած է ուտելիքի համար։ Ինք եւ քոյրը կորսնցուցած են իրենց եղբայր Կարապետին, որուն պիտի չգտնէին մինչեւ 1970 թուականը, երբ արդէն հաստատուած էր Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքը։

Կարապետը գրած է իր յուշերը, իմ տրամադրութեանս տակն է, այժմ կողպուած ապահովական տրոփով, Նիւ Եորքի մէջ: 10 կամ 11 տարեկան էր ցեղասպանութեան ժամանակ: Կը յիշէ թէ ինչպէս հասած են Հալէպի Քառասուն Մանկաց եկեղեցին: Սովէն եւ հիւանդութիւններէն մահացած հայերուն դիակները կը կուտակուէին եկեղեցւոյ դուրսը, որ հեռու տարուին: Այլ որբերու շարքին մեկնած է Հայաստան, երբ կ’անկախանայ 1918-ին: Հոն փորձած է զինուորագրուիլ, բայց կը մերժուի, ճամբայ կը գտնէ երթալու Յունաստան եւ հոնկէ կ’անցնի Ֆրանսա:

1921-ին Երբ գիշեր մը գաղտնօրէն Ֆրանսացիները Թուրքիոյ յանձնելով կը նահանջեն Կիլիկիայէն, Աւետիսը եւ Ալեքսանդրը, իրենց ընտանիքներուն հետ կը հաստատուին Թարապլուսի կամ Քարքէմիշի մէջ, սահմանին ճիշդ միւս կողմը: Հայրս Պետրոսը հոն է որ ծնած եւ մեծցած է: Այստեղ Աւետիսը եւ Ալեքսանդրը սուրճի խանութ մը ունեցած են, առտուները տաք կաթ կը մատուցէին եւ կին մը կու գար իրենց համար պարելու, ինչպէս որ հօրաքոյրս Էօժէնին կը պատմէ: Երբ բախտը կը փոխուի 1940-ին, երկու եղբայրները կը փակեն իրենց խանութը եւ կը մեկնին Հալէպ: Մեծ հայրս սկսած է հայկական դպրոցներու մօտ կարկանդակ վաճառել կառքի մը վրայ: Մահէն քիչ ժամանակ առաջ, Աւետիսը փորձած է երթալ Հայաստան, չարաբաստիկ ներգաղթի ընթացքին, 1946-ին կազմակերպուած Սովետական Միութեան կողմէ, զոր գրաւած էր միամիտ եւ դիւրահաւատ հայերուն, տանելու համար դժոխային կեանքի մը՝ դէպի հայրենիք մը որ օթեւան չէր, Արարատին արեւելեան կողմը: Մեծ հայրս սեւ ցանկին մէջ դրուած էր Հալէպի ներգաղթի կոմիտէին կողմէ, հօրս դաշնակցական ռազմականութեան պատճառով:

Հակառակ Աւետիսին, հայրս երբեք չէր ուզած ապրիլ Սովետական վարչակարգին տակ: Ինք երազած էր ազատ անկախ Հայաստանը, երազ մը որ իրականացած է Պերլինի պատի փլուզումով: Տեսած է եռագոյնին ծածանիլը Արարատի արեւելեան կողմը: Սակայն երբեք չտեսաւ իր հայրենիքի արեւմտեան կողմը: 1970-ին կեանքը զինք տարած էր Արժանթին, հեռու եւ օտարոտի Հարաւային Ամերիկա: Ան երբեք չէր լքած Հայաստանը կամ Հալէպը, պարզապէս դադրած էր հոն գոյութիւն ունենալէ: Սակայն այս տեղերը վերակենդանացուցած է իր գիրքերուն եւ իր դպրոցական դասապահներու ընթացքին:

Սոյն տողերը գրելու ընթացքին, արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ եմ, ուխտագնացութեան մը, առանց քարտէսներու: Ուքրանիան երկիր մըն է որ ահռելի քանակութեամբ արիւնաթափութիւն տեսած է, ինչպէս որ ամէն տեղ այս աշխարհին մէջ: Մենք գիտենք ասիկա, ինչպէս որ թուրքերը եւ քիւրտերը գիտեն ցեղասպանութեան մասին: Անոնք չեն ուզեր տեսնել ասիկա, եւ կամ անտարբեր են: Սակայն ես հիմա գիտեմ որ արիւնը եւ ջուրը միասին կը հոսին կեանքի գետերուն մէջէն, եւ որ տառապանքը ազգութիւն կամ կրօնք չի ճանչնար: Հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարեցնի բառերով՝ «Ես գիտէի որ մեր անհուն ցաւը նոյնն էր»: Մենք – հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, եւ այդ հողին վրայ ապրող ամէն մարդ – կը բաժնեկցինք ծառերը, կենդանիները եւ լեռները որոնք չեն գիտեր ինչ բան է գաղափարը կամ դրօշակը: Մեր տան մէջ մեզի ընդհանուր են մեր պատմութիւնը եւ մեր անհուն ցաւը: