«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 4-րդ դրուագին հիւրն է բազմակողմանի արուեստագէտ Արա Օշականը։
Երեւանի սրտին մէջ, Ռուբէնը եւ Պետոն կը հիւրընկալեն Արան, որ Հայաստան կը գտնուէր իր լուսանկարչական-վաւերագրական ծրագիրներէն մէկուն ամբողջացման համար։ Զրոյցը կը ծաւալի Արայի ընտանիքին, Օշական անունի ժառանգութեան, հողի, պատկանելիութեան եւ ինքնութեան շուրջ։ Ան նաեւ կ’ընդլայնուի Արայի արուեստին եւ (մեր) պատմութիւնը վաւերագրելու կարեւորութեան մասին։
Հիմնական կէտեր՝
● Այց Օշական գիւղ. Արան կը պատմէ իր հօր՝ մտաւորական Վահէ Օշականին հետ Օշական գիւղ կատարած այցին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ իր «զրոյց»-ին մասին։
● Պատկանելիութիւն. Լոս Անճելըս, Պէյրութ, Հայաստան եւ Արցախ՝ հարազատ վայրեր ու հայրենի հող, եւ թէ ինչպէս տարբեր վայրերու մէջ ապրելով, տարբեր համերու, հոտերու եւ հարազատ ձայներու միջոցով հայու ինքնութիւնը կը կազմուի ու ամբողջական կը դառնայ։
● Արցախ. Արային հայրը՝ Վահէ Օշականը, որպէս դասախօս կը գործէր Արցախ՝ Ստեփանակերտի համալսարանէն ներս, եւ հոնկէ ալ կ’առաջանայ Father Land լուսանկարչական գիրք-յուշագրութեան գաղափարը, որ շուրջ 20 տարիներու ընթացքին պատրաստուած է։
● Տեղահանութիւն. 2023 թուականի Արցախի հայութեան տեղահանութենէն ետք, Արան կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը լուսանկարէ տեղահանուած արցախահայեր՝ արուեստի եւ արհեստական բանականութեան միջոցով բարձրացնելու անոնց ձայնը եւ պատկերացնելու Արցախ վերադարձը։
● Վաւերագրում. Դրուագը կ’աւարտի՝ շեշտելով մեր պատմութիւնը վաւերագրելու կարեւորութիւնը եւ զուգահեռներ տանելով Ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր նախնիներուն հետ։
---
Այս դրուագը կը քննարկէ մտաւորական ընտանիքէ սերած արուեստագէտի մը սփիւռքեան աշխարհահայեացքը՝ տարբեր հայրենիքներու մէջ գտնուելով եւ տարբեր մշակութային ազդեցութիւններու տակ ապրելով, իր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան փնտռտուքին մէջ։ Ան կը փորձէ մշտապէս կապ մը ստեղծել բնակութեան վայրին հետ եւ վաւերագրել ներկան։
---
«Ճակատաբաց»-ը կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները միանալու այս խորքային նաւարկութեան՝ փնտռելու հայկական աշխարհի իրական հարցերուն պատասխանները։
Եթէ դուն կամ ծանօթներէդ մէկը ունիք «բաց ճակատով» ըսելիք, նոր տեսլական կամ քննարկելիք թարմ գաղափար մը, գրեցէ՛ք մեզի՝ [email protected]։ Մեր հարթակը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք ըսելիք ունին եւ պատրաստ են զրուցելու անկաշկանդ, համարձակ եւ (արեւմտա)հայերէնով։





