«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 5-րդ դրուագին հիւրն է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հումանիտար եւ ընկերային գիտութիւններու բաժնի վարչական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանը:
Երեւանի սրտին մէջ, Պետոն ու Ռուբէնը կը հիւրընկալեն Լիբանանէն Հայաստան վերջերս տեղափոխուած Գայիանէն: Զրոյցը կը սկսի անուններու (ուղղա)գրութիւններով ու կը ծաւալի սփիւռքահայերու ինքնութեան փնտռտուքներուն, Լիբանանի ներկայիս անորոշ ու յաճախ տագնապալի իրավիճակին, արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման դժուարութիւններուն եւ Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն շուրջ:
Հիմնական կէտեր՝
Առաջին փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ. Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը աւարտելէ ետք, 19 տարեկանին Գայիանէն առանձին կը տեղափոխուի Հայաստան՝ հետեւելու պարարուեստի: Ան կը կիսուի այդ տարիներու դժուարութիւններով, Սովետական Միութեան կենցաղային ժառանգութեան հետ բախումով, Թատերական ինստիտուտ տեղափոխուելով եւ թէ ինչպէս այդ տարիները զինք դուրս բերին Սփիւռքի կանխորոշած նեղ ինքնութեան սահմաններէն ու դարձուցին «մարդ»:
Վերադարձ Հայաստան եւ քաղաքացիական հպարտութիւն. 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղետալի պայթումէն, Քովիտէն ու Լիբանանի տնտեսական ծանր ճգնաժամէն ետք, Գայիանէն ընտանիքով կը հաստատուի Երեւան: Ան կը նշէ, որ հակառակ պատերազմական ծանր օրերուն, ինքզինք երբեք «գաղթական» չէ զգացած, այլ հպարտ է Հայաստանի քաղաքացի ըլլալով, իր բոլոր պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով, աշխատելով ու հարկ վճարելով:
Լիբանանահայ գաղութը եւ արեւմտահայերէնի ներկան. Գայիանէն կը ներկայացնէ հայկական վարժարաններու ֆիզիքական ու նիւթական գոյութենական պայքարը: Ան կ'անդրադառնայ թիւերու եւ որակի անկման, դասական մեթոտներու դիմադրութեան եւ այն պատճառներուն, թէ ինչու ծնողները երբեմն կը նախընտրեն ոչ հայկական վարժարանները՝ երեխաներու ապագայ ընկերային-տնտեսական վերելքը ապահովելու համար:
Հայաստանը իբրեւ սփիւռքի հաւաքատեղի. Զրուցակիցները կը համաձայնին, որ Հայաստան գալով հնարաւոր կ'ըլլայ ճանչնալ ու վերարժեւորել սփիւռքի ամբողջական տարողութիւնն ու բազմազանութիւնը: Գայիանէն կը շեշտէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր չէ ուղղորդել սփիւռքեան ինքնութիւնը, եւ սփիւռքը պէտք է աւելի շատ կեդրոնանայ ինքնակազմակերպման վրայ, քան թէ Հայաստանէն ունեցած ակնկալիքներուն, որոնք յաճախ հիասթափութեան կը յանգեցնեն:
Այս դրուագը կը բացայայտէ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայու անկեղծ, առանց պիտակներու եւ «բաց ճակատով» հայեացքը հայրենիքի, լեզուի եւ արմատներուն մասին:
***
«Ճակատաբաց»-ը կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները միանալու այս խորքային նաւարկութեան՝ փնտռելու համար հայկական աշխարհի իրական հարցերուն պատասխանները։
Եթէ դուն կամ ծանօթներէդ մէկը ունիք «բաց ճակատով» ըսելիք, նոր տեսլական կամ քննարկելիք թարմ գաղափար մը, գրեցէ՛ք մեզի [email protected]: Մեր հարթակը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք ըսելիք ունին ու պատրաստ են զրուցելու անկաշկանդ, համարձակ եւ (արեւմտա)հայերէնով:





