«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 6-րդ դրուագին հիւրն է «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն, իրաւագիտութեան դասախօս Հրայր Պալեանը:
Երեւանի սրտին մէջ, Ռուբէնն ու Պետոն կը հիւրընկալեն Հրայր Պալեանը, որ Հայաստան կը գտնուէր իր գրքի՝ «Anatomy of Peacemaking: Nagorno-Karabakh Conflict & Missed Opportunities»-ի հայերէն թարգմանութեան առիթով: Զրոյցը կը ծաւալի Արցախի մասին անձնական յիշողութիւններու եւ սփիւռքեան հայեացքներու շուրջ. խորքային զրոյց տեղի կ’ունենայ «Անաւարտ Խաղաղութիւն» գիրքին շուրջ, փորձելով վերլուծել պատերազմի եւ պարտութեան պատճառները եւ յաջորդող ժամանակաշրջանը:
Հիմնական կէտեր՝
Արցախեան շարժումը որպէս հայկական ինքնութեան վերականգնում. Սփիւռքի հայութեան համար 1988-ի շարժումը, Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած ցոյցերը, բողոքի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւնները, Արցախ կատարուած առաջին այցելութիւնները:
Վերլուծութիւն՝ բանակցութիւններուն շուրջ. Հրայր Պալեան, իր բազմակողմանի եւ լայն հետազօտութեան եւ հարցազրոյցներուն (նախագահներ, նախարարներ, դիւանագէտներ) հիման վրայ, մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ կորսուած առիթներն ու հնարաւորութիւնները, երկու կողմերու ծայրայեղ դիրքորոշումները, եւ միջազգային հանրութեան փոքր հետաքրքրուածութիւնը:
Բանակցային հիմնական կէտեր. BATNA (բանակցութեան այլընտրանքային լաւագոյն տարբերակ / Best Alternative to a Negotiated Agreement) հասկացութիւնը, 1997-ի փուլային ծրագիրը, 1999-ի Մեղրիի ծրագիրը, 2001-ի Քի Ուեսթի գրեթէ յաջողութիւնը, 2006-2007-ի Մատրիտեան սկզբունքները, մինչեւ 2019-2020-ի յայտարարութիւնները, ժողովուրդը պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստանի համար դասերը:
Յետ-պատերազմական իրականութիւն. Այսօր, ընդունելով, որ պարտուած կողմ ենք, հասկնալով իրավիճակը, անընդունելի է այս պարտուողական քաղաքականութիւնը, անվերջ զիջումները: Պէտք է աշխատիլ Պաքուի մէջ գտնուող հայ պատանդներու ազատ արձակման ուղղութեամբ, Հայաստանի գրաւեալ տարածքներու ազատագրմամբ, ինչպէս նաեւ աւելի կոշտ դիրքորոշում հետապնդել խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ:
Այս դրուագը կը բացայայտէ, որ Արցախը Սփիւռքի համար արժանապատուութեան եւ հայութեան ինքնութեան զարթօնքի խորհրդանիշ էր։ Դժբախտ աւարտին համար միայն մէկ պատճառ չկայ. բազմաթիւ, 9 առանց հերթականութեան գործոններ կան (ներքին մօտեցումներ, միջնորդական թերութիւններ, աշխարհաքաղաքականութիւն, պատրաստութեան պակաս)։ Անհրաժեշտ է իրատեսական այլընտրանքներ, ժողովուրդը պատրաստել զիջումներուն եւ բոլոր կողմերը հաշուի առնել, առանց սակայն ազգային արժանապատուութիւնը ոտնախոխ ընելու, յատկապէս Պաքուի մէջ գտնուող հայ պատանդները մոռնալու, եւ Հայաստանի այն տարածքներ որոնք տակաւին գրաւման տակ են թշնամու կողմէ:



