Թուրքիայում լույս տեսնող «Ակօս» պարբերականում Հայոց ցեղասպանության 99-րդ տարելիցին ընդառաջ հրապարակվել է ռեժիսոր, կինոգործիչ Էրիկ Նազարյանի նամակը՝ ուղղված թուրք ժողովրդին: Նամակի արևմտահայերեն տարբերակը ներկայացնում ենք ստորև:
Եթէ Ապրիլ 24, 1915-ին Թուիթըր, Ֆէյսպուք կամ Իութուպ ըլլար աշխարհը շուտով պիտի ահազանգէր այս ողբերգական օրուան լռեցուած ճիչերուն, որ 99 տարիէ ի վեր կ'արձագանգեն: Եթէ Արմին Վակնէրը iPhone ունենար, անոր նկարած նկարները համացանցի վրայ պիտի տարածուէին եւ ան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ուղղակի դէմքը պիտի դարնար: Դժբախտաբար 99 տարի առաջ այս սեւ գարնան օրուան մասին արձանագրուած է միայն ձեռբակալուածներու կառավարական գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ եւ հայերու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Անոր համար մենք այսօր կողք կողքի կանգնած ենք: Իրար հետ մեր պատմութիւնները կիսելու, պատկերացնելու եւ կառուցելու համար ընդհանուր ինքնութիւն մը՝ բուժելու եւ արդարութիւն պահանջելու մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրէն, որ ողբերդականօրէն կը կրկնուի աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ 20-րդ դարուն: Ես Թուրք ժողովուրդին կ'ուզեմ ըսել, որ այս ոգեկոչումը նաեւ իրենց կը պատկանի: Առանց ձեր մասնակցութեան եւ ճանաչման մենք հաւաքականօրէն չէնք կրնար բուժուիլ: Հաւաքական բուժումը կարելի՞ է: Պէտք է զայն փորձել իմաստալից երկխօսութեամբ, անկեղծօրէն առերեսուելով անցեալի եւ ցեղասպանութեան իրողութեան հետ՝ ճանչնալով այս ահաւոր ողբերգութեան ուղղակի եւ երկարաժամկէտ հետեւանքները: Այս օրը նաեւ կը պատկանի արդար թուրքերուն, որոնք շատ կեանքեր փրկեցին եւ անոնց անունները դեռ մենք պէտք է սորվինք: Ապրիլ 24-ը ոգեկոչման եւ անդրադարձներու օր է աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Այս այն օրն է, որ լռեցուցին այդ առաջատար գրողներուն, արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն, որոնք նոր միտքերու հեղինակներ էին եւ մշակոյթի մէջ աշխոյժ դերակատարութիւն ունէին: Գրիչները սուրերով կոտրեցին, սակայն խաղաղասէր գրիչները միշտ ետ ոտքի պիտի կանգնին եւ ճշմարտութիւնը տարածեն՝ յանուն խաղաղութեան եւ արդարաութեան, ինչպէս որ ողորմած Հրանդ Տինքը կը մտածէր:
Civilnet











