Մուսա Լեռան հեքիաթ. «Ոչ մէկ ծառ երկինքին դպած է»

Մուսա լեռ: Լուսանկարը` houshamadyan.org-ից:
Սեպտեմբերի 19-ին մուսալեռցիները, և ոչ միայն, հավաքվում են իրենց նոր Մուսալեռ գյուղում եփելու ավանդական հարիսան:
Այս տարի այդ օրը առավել խորհրդանշական է. 2015-ը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցն է, այլև Մուսալեռան հերոսամարտի 100-ամյակը:
Մուսա լեռան հարուստ ավանդույթների վկայությունն է մուսալեռցիների բանահյուսությունը: ՍիվիլՆեթը ներկայացնում է Մուսա Լեռան հեքիաթներ:
«Մուսա Լերան ժողովրդական հեքիաթներ»-ի ժողովածուն հրատարակվել է 1973թ., Բեյրութում: Դրանք հավաքել և մշակել է Սոնա Զեյթլյանը:
***
Հին է զրոյցը իր տարած յաղթանակներէն գինովցած գոռոզ բռնակալին: Երկրին իշխանները, մեծամեծները հիացումով կը խօսէին իր զինուորական տաղանդին, յանդգնութեան ու խիզախութեան մասին: Սակայն բոլորն ալ դժգոհ էին իր մեծամտութենէն, անհանդուրժողութենէն, կամայականութիւններէն, ձեռնհաս և նախաձեռնութեան ոգիի տէր անձերու դէմ անխնայ հալածանքէն:
Եօթը տարիներու յաղթական պատերազմէ մը ետք բռնակալը մեծ խնջոյք սարքեց: Պարտուած երկիրներու գերեալ, շղթայակապ արքաներն ու իշխանները սպասարկութիւն կ’ընէին: Խնջոյքին ներկա էին նաեւ յաղթողին փառքը հիւսող աշուղը եւ ապագայի մասին գուշակութիւններ ընող տերվիշը:
Մէկէն թիկնապահ մը, ներս մտնելով, խոր գլուխ տուաւ բռնակալին ու ըսաւ.
-Տէ’ր, գնչուներ եկած են եւ երկու խօսք կը խնդրեն:
-Թող գան,-ըսաւ բռնակալը անտարբերութեամբ եւ անյագ յաճոյքով շարունակեց դիտել իրեն սպասարկող ստրուկները:
Երկու ծերունի գնչուներ վախվխելով ներս մտան եւ գլխահակ` բռնակալին հրամանին սպասեցին:
-Փառք տուէք, որ լաւ տրամադրութեան մէջ եմ, այլապէս ձեզ վռնտել կու տայի: Դե’հ, խօսեցէք:
-Տէ’ր, մենք խեղճ թափառականներ ենք: Այլեւս յոգնած մեր աստանդական կեանքէն, խաղաղ անկիւն մը կը փնտռենք մեր գլուխը հանգչեցնելու համար: Պտըտեցանք շատ երկրներ եւ ամէնուրէք ձեր գովքը լսեցինք. լսեցինք ձեր փառքի մեծութեան, ձեր բանակներու անխոցելիութեան, ձեր երկրի բարգաւաճութեան մասին: Տէ’ր, վստահ ենք, որ ձեր շուքին տակ միայն կրնանք մեր կեանքի վերջին օրերը խաղաղ անցընել:
-Ի՞նչ է ձեր խնդրանքը:
-Տէ’ր, ափ մը հող:
Մուսա լեռ: Լուսանկարը` houshamadyan.org-ից:
Վեզիրը քայլ մը առաւ թագաւորին մօտենալու համար, սակայն անոր շանթահարիչ ակնարկը զայն տեղն ու տեղը գամեց:
-Քու տուած խորհուրդին պէտք չունիմ,-գոռաց բռնակալը, ապա գնչուներուն դառնալով հարցուց. -Ո՞րքան հող կ’ուզէք:
Գնչուներէն մեկը, կովու կաշիի կտոր մը հանելով, ըսաւ.
-Ահա’, այս կաշիին տարածութեան չափ:
-Ինծի պէս աշխարհակալի մը համար, այդքան հող մրջիւնի մը իրաւունք է: Դե’հ, գացէք ու անհուն բարեացակամութեանս արդիւնքը վայելեցէք:
Խնջոյքը տեւեց մինչեւ առաւօտ եւ գուսանի սազին նուրբ լարերը անդադար գովերգեցին արքաներու արքան: Սակայն վեզիրը, իշխաններն ու մեծամեծները դժգոհ մեկնեցան: Այն հողը, որ իրենց ժողովուրդի արեան գնով ձեռք բերուած էր, շատ հեշտութեամբ օտարներու տրուած էր: Դժգոհ մնացին, սակայն չհամարձակեցան բողոքել:
Անցաւ ժամանակ:
Օր մը բռնակալը պալատի պարտէզին մէջ կը ճեմէր, երբ յանկարծ շնչասպառ սուրհանդակ մը հասաւ, եւ, ճամբաներուն փոշին դեռ չմաքրած, աճապարեց թագաւորին ներկայանալ.
-Տէ’ր,- հեւաց սուրհանդակը, - նենգամիտ գնչուները անարգ խաղ մը խաղացին մեր գլխուն: Այն կովու կաշին, որ ձեզի ցոյց տուին, բարակ կտրեցին, թել շինեցին եւ մեր երկրի մէկ երկրորդին վրայ տարածելու չափ երկնցուցին:
Բռնակալը յոնքերը կիտեց եւ իսկոյն հրաման ըրաւ մարտի փողերը հնչեցնելու: Ապա, բանակին գլուխն անցած լերան բարձունքը հասաւ եւ տեսաւ, որ մեծ հովիտին մէջ գնչուներուն զօրքը մըխրեմի պէս կ’եռար**: Ե՞րբ գրաւած էին այդքան տարածութիւն, ե՞րբ հաւաքած էին այդքան մարդիկ:
Թշնամին անակնկալի բերելու եւ խուճապի մատնելու համար, թագաւորը յանկարծակի յարձակում գործեց:
Քանի մը ժամ ետք, դա’րձեալ բարձրացաւ լերան գագաթը, այս անգամ տարած յաղթանակը ըմբոշխնելու համար:
-Հէ՜յ,-գոչեց ինքնագոհ ժպիտը դէմքին,-ինծի դիմադրել փորձողը ահա այսպէս չարաչար կը պարտուի: Այս յաղթանակը գինիով պիտի տօնենք:
Լուսանկարը` houshamadyan.org-ից:
Գլուխները բաւական տաքցած էին, երբ հզօր արքան տերվիշին դառնալով ըսաւ.
-Ով իմաստուն մարդ, տեսնեմ այսօր ի՞նչ գուշակութիւն պիտի ընես:
-Տէ’ր, շատ պտըտած, շատ տեսած, շատ բան անցած է գլուխէս: Գիտեմ, որ պիտի զայրանաս, սակայն չեմ կրնար ստել: Ափսո՜ս, ոչ մէկ ծառ երկինքին դպած է**:
-Հանելուկներու ժամանակը չէ, տե’րվիշ, խօսե’: Այսքան փառապսակներ խլելէ ետք, ապագաս ի՞նչ պիտի ըլլայ:
-Տէ’ր, պատասխանդ արդէն տուի: Ամենէն բարձր ծառն անգամ կայծակը կը զարնէ ու կը գլորէ. ո’րքան մեծնաս` վերջդ անկում է:
Բռնակալը կատաղութենէն շառագունեցավ եւ անմիջապէս հրամայեց կտրել տերվիշին չարագուշակ լեզուն: Ապա իր հաւատարիմ աշուղին դառնալով ըսաւ.
-Դու’ն, որ այսքան տարի գովքս հիւսեր ես, դու՞ն ինչ կ’ըսես:
-Տէ’ր, աշխարհի քաղցրն ու լեղին ճանչցած մարդ եմ: Կը տեսնեմ քեզ`սաստիկ զայրացած, կը տեսնեմ մէկ կողմ ինկած արիւնլուայ տերվիշն ալ, սակայն չեմ կրնար ստել: Նոյնիսկ ամենաբարձր լեռներու վրայէն ճամբայ կ’անցնի**:
-Դարձեալ հանելուկ: Ժամանակը չէ՞, աշու’ղ, կարճ ու կտրուկ, այսքան փառապսակներ խլելէ ետք, ապագաս ի՞նչ պիտի ըլլայ:
-Տէ’ր, արդէն պատասխանեցի: Ապաւինելով մեծութեանդ, շա’տ հպարտացար. սակայն արհամարհած ճիւղդ աչքդ կրնայ հանել, արհամարհած քարդ գլուխդ կրնայ ծակել:
Բռնակալը անողոք սուրը քաշեց եւ մէկ զարկով կտրեց աշուղին գլուխը: Ապա, դէմքը շառագունած, աչքերը արիւնկալած գոռաց.
-Ստրուկնե’ր, գիտցէք, որ փառքս կրնայ անհետանալ միայն...միայն եթէ այդ պնակին մէջի տապկուած ձուկը խլրտայ ու դիմացի ավազանը ցատկէ:
Հազիւ խօսքերը բերնեն ելած` ո՜վ հրաշք, տապկուած ձուկը սկսաւ շարժիլ, երերաց, բարձրացաւ ու կիսաշրջանակ մը գծելով ջուրը ցատկեց:
Արքան մնաց քարացած եւ մէկէն կայծակնահար կաղնիի պէս տապալեցաւ: Ոչ ոք մօտեցաւ, ոչ ոք ցավեցաւ:
Ժամանակը փոշիացուց իր բարձր պատուանդանէն ինկած արքայից արքան:
մըխրեմ** - մանր մրջիւն
ոչ մէկ ծառ երկինքին դպած է** - որքան բարձրանաս, փառքի տիրանաս, վերջդ անկում է
Նոյնիսկ ամենաբարձր լեռներու վրայէն ճամբայ կ’անցնի** - մի արհամարհեր ուրիշները, մի մեծամտիր, դուն ալ կրնաս ոտքի կոխան ըլլալ
Իրադարձություն
Civilnet










