Ճալա՛ա

1930-ականներուն քէմփերու քանդումին զուգահեռ Տաւուտիէյի բարձունքը Հալէպի հայկական արուարձաններէն մէկը դարձաւ. հոս ունեցանք դպրոց, եկեղեցի, ակումբ: Անցեալ դարի եօթանասունականներուն, նիւթական մեր վիճակին բարելաւման պատճառաւ լքեցինք ու իջանք քաղաք, որովհետեւ շոգեկառքի գիծին եւ այլ պետական կառոյցներու գոյութեան պատճառաւ ընդարձակ տարածութիւններ առանց մարդաբնակ շէնքերու մնացած էին մեկուսացնելով Տաւուտիէն, որ մինչեւ այսօր ալ նոյն առանձնացած վիճակին մէջ կը գտնուի: Հայերուն տեղը գրաւեցին քիւրտերը, Տաւուտիէն վերանուանուեցաւ Աշրաֆիէ եւ ժամանակի ընթացքին դարձաւ առանձին քաղաք մը: Հայերը յաճախ կը կրկնէին - Ի՜նչ լաւ կ'ըլլար եթէ Տաւուտիէ մնայինք, մենք զայն դրախտի կրնայինք վերածել: Տագնապէն ետք այստեղ աւելցաւ արաբներուն թիւը շնորհիւ հոս ապաստան գտնող գաղթականներու: Ութսունականներուն Աշրաֆիէյի ստորոտը Մխիթարեանները կառուցեցին հոյակապ դպրոց մը, որմէ ոչ շատ հեռու Ճէլա՛ա քրիստոնեայ մարզական միութիւնը կառուցեց իր մարզադաշտը եւ համանուն ճաշարանը. այս վերջնոյն յաճախորդներուն մեծամասնութիւնը բնականաբար հայերէ կը բաղկանար, ինչպէս միւս բոլոր ճաշարաններունը, ուր մեր հայրենակիցները կ'երթային ուշ երեկոյեան եւ հայկական ու արաբական երգերը զիրենք կը պարեցնէին մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը: Իննսունականներուն Մխիթարեան վարժարանին շուրջ բարձրացաւ նոր, զուտ քրիստոնէական թաղամաս մը: Այս թաղամասը իր գեղեցկութեամբ, ընդարձակ տուներով, լայն փողոցներով եւ մաքուր կլիմայով դարձաւ ցանկալի բնակավայր հայութեան համար. մինչեւ տագնապի սկիզբը շրջանի 2500 բնակիչներէն աւելի քան 1700-ը հայեր էին: Այս թաղամասը կոչուեցաւ Ճալա՛ա:
Հիմա, այդ թաղամասի փողոցներուն մէջ կը շրջիմ: Տուներուն առջեւ հատուկենտ ինքնաշարժեր կան. տագնապէն առաջ այստեղ ինքնաշարժ կանգնեցնելու տեղ չէր մնար: Կը նայիմ շէնքերուն, տուներուն մեծ մասին փեղկերը ամուր փակուած են, եւ ներսէն լոյսի ոչ մէկ նշոյլ կը նկատուի: Գիտեմ որ անոնց բնակիչները քիչ քիչ գաղթեցին, նոյնիսկ լուսաւոր լուսամուտներու բնակիչները տան տէրերը չեն. այս տուները Հալէպցիին համար բարձր գիներով վարձու տրուած են Հալէպի «միւս» կողմէն եկածներու, Հալէպցիին համար բարձր կ'ըսեմ որորվհետեւ 30-35 հազարը դուրս գացածներուն համար ընդամէնը հարիւր տոլար կ'ընէ եւ մեծ բան մը չէ, սակայն անոնք տունը օրինաւորապէս վարձու տուած են, որպէսզի տան մէջ մարդ ըլլայ, մտածելով որ այսպիսով չի բռնագրաւուիր զինուորականներու կամ գաղթականներու եւ կամ ապագային... ո՞վ գիտէ: Միւսերը տան դռները երկաթապատած եւ այդպէս հեռացած են:
Կը քալեմ Ճէլա՛ա-ը Աշրաֆիէյէն բաժնող մզկիթին կողքով: Այս փողոցը կը կոչուի Շարէ՛է Ալխազզէն՝ ջրամբարի փողոց՝ որովհետեւ փողոցի վերջաւորութեան իրապէս կայ ջրամբար մը: Այս փողոցը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ է, որովհետեւ մեր շրջանի ամենավտանգաւոր վայրն է, ուր անցած ժամանակաշրջանին եղած է հրասանդներու թիրախ եւ ուր տասէ աւելի մարդիկ զոհուած են:
Կը քալեմ մինչեւ փողոցին վերջաւորութիւնը, դէմը բաց դաշտ է, ճիշդ դիմացը հայկական գերեզմանոցներն են եւ Արեւմտեան Շէյխ Մագսուտ թաղամասը, որ քիւրտերուն հակակշռին տակ է ներկայիս: Բաց դաշտին արեւմտեան կողմը Աշրաֆիէյի այն մասն է ուր յաճախ ընդհարումներ տեղի կ'ունենան եւ ուրկէ մեզի երբեմն կը հասնին դիպուկահարներու փամփուշտները:
Կը մտնեմ Էլ Շարէ՛է Էլուըսթանի՝ Մէջտեղի փողոց: Հոս փողոցները պաշտօնապէս անուններ չունին, թաղամասը կը պատկանի Աշրաֆիէյին: Այս փողոցի անկիւնի շէնքի առաջին յարկի պատշգամը գոյութիւն չունի, ընդդիմադիրներու արձակած պայթուցիկներով լեցուն փիւթակազի շիշ մը քանդած է զայն: Այս փողոցին մէջ կան շէնքեր որոնց վրայ քանի մը անգամ հրասանդներ արձակուած են եւ մեծապէս վնասած, պատճառ դառնալով հապճեպ կերպով ամայանալուն:
Տխուր է փողոցը, շատ տխուր, երեկոյեան ժամը վեցն է, հատուկենտ մարդիկ կան, ոչ հայեր, գլխածածկ կանայք են, նշելի է որ վարձուոր ընտանիքներուն մեծ մասի տղամարդիկը շատ քիչ կը տեսնուին, անոնց մեծ մասը զինուորականներ են: Այստեղի հայ տանտէրերը հիմա Շուէտի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, կամ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած են, հեռու հրասանդներէ. անոնցմէ ոմանց ծերունի հայրերն ու (կամ) մայրերը հոս մնացած են եւ այլոց օգնութեան մշտակարօտ վիճակ մը ունին: Ինչո՞ւ ասոնք հոս մնացած (ձգուա՞ծ) են, մեղք չե՞ն խեղճերը, որոնք նիւթապէս բաւարարուած ըլլալով հանդերձ ամենախեղճերն են հալէպահայերու շարքին:
Կը հասնիմ փողոցին ծայրը եւ կը դառնամ դէպի ձախ, այստեղ Ապու Օմարի ելեկտրական սարքերու խանութն է, բաց մնացած միակ խանութը թաղամասին: Ապու Օմարն ալ գրեթէ անգործ է, սակայն ան ինքնիրէն համար գործ մը ստեղծած է, բնակիչներուն՝ հոս կամ ոչ, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ պանքի հաշիւները կը վճարէ, գանձելով յաւելեալ գումար: Ապու Օմարը իր խանութը վարձած է Հայաստան գաղթած հայէ մը:
Ճիշդ դիմացս Մխիթարեան վարժարանն է, երբեմնի փառաւոր կրթօճախը՝ Միաբանութեան հպարտութեան առարկան՝ իր օրինակելի լուսաւոր դասարաններով, հարուստ գրադարանով, սրահով, ընդարձակ խաղավայրով, որ ամրան երեկոները ընտանեկան հաճելի զբօսավայրի կը վերածուէր: «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»՝ այս ամէնը անէացան. Հիմա յաճախակի հրասանդներու ենթակայ դպրոցը ունի ընդամէնը 80 աշակերտ...
Անիրականանալի միտք մը կը ծագի ուղեղիս մէջ. Ճալա՛ա-ի եւ հարեւան Սիրիան Ճէտիտէ թաղամասին մէջ տակաւին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կան, Ազգային իշխանութիւններն ու այլ պատկան մարմինները հայկական դպրոց մը փակուելու սպառնալիքէն կամ հայկականութենէ դադրելու վտանգէն փրկելու ի խնդիր չե՞ն կրնար համոզել զանոնք, կամ ստիպել անոնցմէ մէկ մասին, որ իրենց զաւակները այս դպրոց ղրկեն՝ ձրիաբար: -Հաւանաբար մութը սկսած է մթագնել նաեւ ուղեղդ,- դառնօրէն կ'ըսեմ ինքզինքիս.- Այս ինչեր կ'անցընես միտքէդ: -Լա՛ւ,,- կը շարունակեմ,- չԷ՞ որ սուրիացի բազմահազար աշակերտներ փողոցն են, պետութիւնը չի՞ կրնար ստիպել զանոնք դպրոց ընդունիլ...
Դպրոցի զուգահեռ փողոցը ունի Աստուածաշուչնեան իր հարսանիքով մեզի յայտնի Կանա անունը՝ Կանա ԱԼ Ճալիլ՝ հոյակապ, սքանչելի: Փողոցին վերջաւորութեան տեղադրուած է ելեքտրածին սարք մը ՝generator, որուն նախկին տէրը զոհ դարձաւ հրասանդի մը: Այս generator-ը վերի փողոցը տեղադրուած այլ երկու հատի հետ մեր միակ լուսատուն է: Այս փողոցին մէջ կայ քանդուած շէնք մը. փիւթակազի շիշի անկման ատեն ես երրորդ անգամ ականատես եղած եմ հայ տղոց շուտափոյթ օգնութեան հասնելուն, մինչ հրշէջ մեքենաները մէկ ժամ ետք ժամանեցին մարելու Մխիթարեանի կրակ առած չոր խոտերը: Փողոցին վերջաւորութեան կայ պետական դպրոց մը, որմէ ետք դէպի վար փողոց մը եւս կը կառուցուէր դէպքերէն առաջ: ուԱյս դպրոցին մէջ ապաստան գտած են մի քանի հարիւր վտարանդի գաղթականներ: Մենք կը զգուշանանք այս գաղթականներէն, զանոնք համարելով գող, կռուազան, խաբեբայ, անոնց զաւակները՝ փողոցային լակոտներ, որոնք ընդունակ են ամէն վատ արարք կատարելու:
Երբ ջուր չունենանք «Մխիթարեան»ը իր հորէն ջուր կը մատակարարէ մարդոց՝ դպրոցին դուրսը տեղադրուած ծորակներու միջոցաւ: Ասկէ ամենաշատ կ'օգտուին գաղթականները, միւսերը մեծ մասամբ կը գնեն ջուրը: Այս վերջին կտրուելուն, մազութի չգոյութեան պատճառաւ հորի ջուրի մնաց հորին մէջ եւ ծորակները փակ մնացին: Գաղթականները իրենց անհրաժեշտ ջուրը կրեցին 7-8 հարիւր մեթր հեռու գտնուող այլ հորէ մը, որուն պատասխանատուները երբեմն մազութ կ'ունենային, զոր կը հայթայթէին ջուր ծախողներ մեքենաները:
Անգամ մըն ալ ես գացի ջուր բերելու, վերադարձայ քալելով, 25 լիթր ջուրի ծանրութեան տակ կգելով: Գաղթականներու կռուազան «լակոտ»ները ի զարմանս ինծի, ամբողջ ճանապարհի ընթացքին իրենց օգնութիւնը կ'առաջարկէին.. թէեւ մերժեցի սակայն անկեղծօրէն ուրախացայ, շատ ուրախացայ. ուրեմն ասոնք միայն գող-աւազակ-կռուազան չեն...
Յաջորդ օր, ջղային վիճակ մը ունէի. այսօր ինչպէս ջուր պիտի կրեմ, ուրտեղէն պիտի բերեմ: 1000 լիթրը 2500-3000 սուրիականի կը լեցնեն քու ջրամբարդ, վերջերս կ'ըսեն նաեւ, թէ դուն պիտի ճարես բեռնակառքին պէնզինը: թաքսիով բերես՝ լիթրը 5-6 սուրիական պիտի արժէ, բարեկամէ մը խնդրես որ իր ինքնաշարժով բերէ, պէնզին ուրտեղէ՞ն: Էօ՜ֆ... Տրամադրութիւնս շատ գէշ էր. Աստուա՛ծ իմ չափը անցաւ, համ-հոտ չմնաց այլեւս (այլե՞ւս):
Կէսօրին տուն վերադարձայ: Մեր մուտքին երկու անծանօթներ տեսայ, 2 քսանհինգ լիթրանոց փլասթիքէ տակառիկներով:
Մօտեցայ. –Սալամ Ալէյքոմ՝ խաղաղութիւն ընդ ձեզ,- ըսի:
Պատասխանեցին- Ալէյքոմ Սալամ...
-Այս ջուրը ուրտեղէ՞ն բերած էք,- հարցուցի.- Մօտի՞կ տեղէ:
-Այս ջուրը քեզի համար բերած ենք,- ըսին .- Երէկ մեր պզտիկները քեզ տեսած են...
... Ասոնք ալ մեր գաղթականները, որոնց տղամարդոց մեծ մասը ըստ չար լեզուներու ընդդիմադիր է, զինեալ...
... Ամէն պարագայի կը մտածեմ, կարծես թէ ապագան այդքան ալ վախնալիք չէ...
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 8 Նոյեմբեր 2015
Civilnet










