Ծախուող բոլոր տուները արաբները կը գնեն, ո՞ր խենդ հայը կամ քրիստոնեան անշարժ գոյքի դրամ կը յատկացնէ անորոշ ապագայ ունեցող այս երկրին մէջ... ու մեր թաղերուն դիմագիծը ամբողջութեամբ կը փոխուի, մեր դրացիները հայերէ աւելի արաբներ կը դառնան, մեր առօրեայ կապը մասնագիտական յարաբերութիւններէ անդին կ'երթան, կը սերտանան եւ կը սկսին վերածուիլ ընտանեկան կապերու: Մեր թիւը կը շարունակէ նուազիլ, կը մեծնայ տարբերութիւնը աղջիկներու եւ տղոց թիւերուն, երիտասարդ տղաքը կը շարունակեն երկրէն հեռանալ, խուսափելու զինուորակած ծառայութենէն, անոնք քանի մը տարի համալսարանի նոյն դասարանը կը մնան ապա աւարտելէ ետք վկայական չստանալու գնով կը հեռանան երկրէն:
Ու մենք կը շարունակենք ապրիլ. Կը պահենք մեր դպրոցները, մեր միութիւնները կը ջանան պահել իրենց գոյութիւնը, ռամկավարները իրենց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնով լուսանցքէ դուրս են, ոչ մէկ գործունէութիւն, միմիայն ներկայ կը գտնուին այլ միութիւններու միջոցառումներուն: Հնչակեանները կը փորձեն ամէն գնով պահել իրենց Կիլիկեան Վարժարանը, Ն.Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, ուր ներկայիս անոնց թատերախումբն ու պարախումբը ելոյթներ կը պատրաստեն: Պատնէշի վրայ են Հ.Ե.Ը.ն ու Համազգայինը, անոնք ունին երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, երգչախումբեր. Հայ երիտասարդաց Ընկերկացութեան Սենեկային Նուագախումբը միակն է ամբողջ Սուրիոյ մէջ: Պատկերացուցէք, այս բոլոր խումբերը այս տարի ելոյթներ ունեցան, նպաստելով ոչ միայն գաղութի աշխուժացման այլ հանդէս եկան բարձրարուեստ ելոյթներով, մանաւանդ Հ.Ե.Ը.ի Սենեկային նուագախումբն ու «Անդրանիկ» պարախումբը, վերջինիս ելոյթները կարելի է ընդունիլ որպէս բեմական նուաճում եւ բարձրաճակատ ներկայացնել այլ երկիրներու խստապահանջ հանդիսատեսին իսկ: Համազգայինը մեծ շուքով տօնեց իր իննսուն ամեակը ներկայութեամբ Պէյրութէն եւ Երեւանէն հիւրերու, Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւնը քանի մը ձեռնարկներով նշեց իր պանծալի հարիւր ամեակը...
Այսինքն հաւաքական մեր կեանքը եռուն է Հալէպի մէջ:
Մեր երեք համայնքներուն մայր եկեղեցիները վնասուած էին: Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի իւրայատուկ փայտեայ աառաստաղը արդէն նորոգուեցաւ, Նաւակատիքն ալ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ: Հայ Առաքելական Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նորոգութիւնը հասաւ իր աւարտին, Հայ Կաթողիկէ Գթութեանց Մայր եկեղեցիի նորոգութիւնները սկիզբ առին: Գաղութը կը վերականգնի , Գաղութի հաւաքական կեանքը առողջ է ու կը շարունակենք ապրիլ:
Հապա՞ անհատական մեր կեանքը:
Կը շարունակենք օգնութիւններու ապաստանիլ, կը շարունակենք անորոշ ապագային վհատած առքերով նայիլ:
Այս ընթացքով չենք կրնար շարունակել. ջայլամութիւն չընենք եւ չըսենք, թէ գաղութը պիտի վերականգնի: Գաղութը պիտի չվերականգնի: Երկու ճանապարհ կայ, երկուքէն մէկը պէտք է ընտրենք ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ, կամ ալ հաւաքականօրէն երկուքի պէտք է բաժնուինք եւ երկու ճամբով հաւասարապէս ընթանանք.
Առաջինը՝ օգնութիւն տալու փոխարէն գործ պէտք է հայթայթենք երիտասարդներուն, օգնութիւնը մեզ մուրացկան կը դարձնէ, իսկ գործը...
Հոգեբան ընկերուհի մը ունիմ որ կ'ըսէ.
-Մեծ, պզտիկ, կին, տղամարդ, ուսանած, չուսանած պէտք է աշխատին.աշխատանքի մեծ ծրագիրներ պէտք է մշակուին եւ յաջողցնեն, հաւաքուած գումարները կը թափուին այս ձեւով եւ անօգուտ է ժամանակաւոր նիւթական օգնութիւնը, մինչ գործը, աշխատանքը թէ՛ նիւթական կ'ապահովէ եւ թէ՛ Հոգեկան գոհունակութիւն կ'ապահովէ:
Երկրորդը՝ Օգնել բոլորին Հայաստանի մէջ հաստատուիլ, օգնել նոյնիսկ եթէ յարկ ըլլայ որոշ համայնական կամ միութենապատկան կալուածներ ծախել, չէ՞ որ այս կալուածները վերջ ի վերջոյ գաղութին կը պատկանին, եւ եթէ գաղութը չքանայ կամ նօսրանայ, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան մեր կալուածները:
2018 տարին հասաւ իր աւարտին:
2019 թուականը բարի թող ըլլայ հայութեան եւ Հայաստանին եւ Արցախին համար:
Շնորհաւոր Նոր տարի:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 31 Դեկտ. 2018Հալէպ 2018 - Մաս 2

Հալէպ, 31 Դեկտ. 2018Տեղադրություն
Մանուէլ Քէշիշեան