Հայաստանը կ'եռայ
Ամենայն հայոց մեծարգոյ վարչապետ,
Անչափ սիրելի Նիկոլ Փաշինեան,
Դժուար է փոքր ազգի զաւակ ըլլալ, աւելի դժուար է փոքր ազգի ղեկավար ըլլալ՝ մանաւանդ դաժան փորձութիւններու պարագային, երբ ստիպուած էք առաջնորդել, ամենայն պատասխանատուոութիւն կրել, երբ ստիպուած էք «Յաղթելու ենք»ը փոխարինել «ցաւոտ զիջումներ» ընելու պատրաստակամութեամբ, թէեւ բացարձակապէս մերժելով քափիթուլացիան՝ անձնատուր ըլլալը:
Հայաստանն ու Արցախը բոլորինս են եւ դուք մեր բոլորին առաջնորդն էք. ամբողջ ազգը կը հաւատայ ձեզի եւ կը քալէ ձեր ետեւէն: Դուք կ'ըսէք.« Հայաստանը. Արցախն ու սփիւռքը պէտք է «թասիպ«ի կաթսայ լինէին»: եւ կ'աւելցնէք որ Սփիւռքը արդէն կ'եռայ եւ դուք գլուխ կը խոնարհէք, ու կ'աւելցնէք.« Հայաստանում թասիպը դեռ այդքան չի եռում...»
Ինչպէ՞ս թէ Հայաստանը դեռ չ'եռար, Հայաստանը այդ երկիրը չէ՞ որուն զաւակները՝ հայր, որդի, թոռ, առաջնագիծի վրայ են, Հայաստանը այդ երկիրը չէ՞, որուն որդեկորուս մայրերը կոչ կ'ընեն ոչ մէկ թիզ չզիջիլ հայրենի հողէն, Հայաստանը այդ երկիրը չէ՞ որուն զաւակները կը մկրտուին մարտէն առաջ, կը նայիմ այդ մկրտուող ճահէլ, գեղեցիկ, ամուր, թիկնեղ տղոց որոնց մկրտութիւնը աւելի շատ գիտակցուած ամհուընէ առաջ վերջին օծումի կը նմանի... Հայաստանը դեռ այն երկիրն է, որուն մայրերը, աղջիկները, հեռատեսիլէն կը կարդան զոհուածներուն անունները յուսալով, որ այս անգամ ալ չեն կարդար իրենց զաւակներուն, եղբայրներուն, նշանածներուն անունները եւ միեւնոյն ատեն կը շարունակեն գուլպաներ հիւսել, քօղարկիչ հիւսել մարտիկներուն համար, մարտիկներ, որոնցմէ հազարը արդէն հերոսաբար անմահացան բայց եւ այդ անմահութեամբ հայաստանցի հազարաւոր ընտանիքներ դժբախտացուցին եւ այդ դժբախտացած մայրերը, հայրերը, զաւակները, կանայք իրենց ցաւը զսպելով կոչ կ'ընեն բարձր պահել արժանապատուութիւնը (Թասիպը՞)... Կը մնան Հայաստանի ու Արցախի հպարտ քաղաքացիներ:
Այս ամէնը սփիւռքի մէջ կը տեսնեն Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններէն եւ «եռալու» օրինակ կ'առնեն, ցոյցեր եւ դրամահաւաքներ կը կազմակերպեն... եւ անոնցմէ ոմանք (ցաւոք քիչեր) կ'ուղղուին Արցախ. այդ քիչերն որ իրաւունք կու տան ըսելու որ սփիւռքը կ'եռայ:
Մեծարգոյ, սիրելի վարչապետ, մե՛ր վարչապետ.
Զանազանութիւն մի՛ դնէք Հայաստանցիի, Արցախցիի եւ Սփիւռքահայու միջեւ, մեզ բոլորս տարէ՛ք ապահով ափ: Կը հաւատանք որ միասնաբար պիտի կարենանք՝ կռուելով անմանցորդ, ինչպէս որ անձամբ դուք հաւաստիացուցիք այսօրուան ձեր կոչին մէջ, դուք հաւաստիացուցիք նաեւ, որ «ՄԵՐ ՈԳԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԷԼ ՉԻ ԳԻՏԻ»:
Դուք այս հաւաստիացումը, սիրելի Նիկոլ, առիք ԵՌԱՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ:
Մանուէլ Քէշիշեան











