Գլխավոր Լրահոս

Դաշնակցային Ատեանը Կ՛արտօնէ Շարունակել Թուրքիոյ Կողմէ Ղազարեաններու Կրօնական Իրաւունքներու Խախտումներուն Դէմ Դատը

Դաշնակցային Ատեանը Կ՛արտօնէ Շարունակել Թուրքիոյ Կողմէ Ղազարեաններու Կրօնական Իրաւունքներու Խախտումներուն Դէմ Դատը

Asbarez.com

Հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուած Անգարայի բողոքներուն՝ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեանը 16 Մարտին որոշեց շարունակել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ հայր եւ զաւակ Պարգեւ եւ Կարօ Ղազարեաններու անունով բացուած դատը, որ Անգարան կ՛ամբաստանէ նշեալներուն կրօնական եւ մշակութային իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով։

2018ին բացուած դատէն ետք, Անգարա ոչ միայն կը մերժէր ստանձնել իրեն յղուած դատին փաստաթուղթերը, որոնց հիման վրայ պէտք է պատասխանէր ատեանին, այլ նաեւ կը պահանջէ, որ դատը անմիջաէս կասեցուի։

Վերջապէս, «Քերքոնեան Տաճանի» իրաւաբանական հիմնարկը անցեալ Հոկտեմբերին յաջողեցաւ արտաքին գործոց նախարարութոան միջոցաւ Թուրքիոյ յանձնել փաստաթուղթերը, որոնք ամիս մը ետք վերադարձուեցան՝ առանց պատասխանի եւ դատը կասեցնելու պահանջով։

Ասոր հիման վրայ, ատեանը հաստատեց, թէ փաստաթուղերը տեսնուած են Անգարայի կողմէ եւ թէ դատավարուիւնը կարելի է շարունակել, որուն շնոհիւ կարելի կրնայ ըլլալ Թուրքիան դատապարտող վճիռ մը ապահովել։

Հարցը ծագած էր, երբ Թուրքիոյ գործակալները սպառնալով՝ ճնշումներ բանեցուցած էին Կլենտէյլէն (Քալիֆորնիա) Պարգեւ Ղազարեանի վրայ եւ վարկաբեկած էին զայն, երբ ան 2017ին կը փորձէր իր կրօնական եւ մշակութային իրաւունքներուն համաձայն՝ այցելել պատմական Քեսապի մէկ ուխտատեղին՝ Պալլումի մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ։

Դատին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նաեւ արգելք հանդիսացան Պարգեւին, որ որոշ ուխատեղիներու յատուկ ազգային աւանդութիւնները ազատօրէն փոխանցէ իր զաւակին՝ Կարոյին։

Դատը բացուած է Պարգեւին կողմէ, որ կը շեշտէ, թէ թրքական կողմին առած քայլերը միջազգային օրէնքներու խախտումներ են եւ մաս կը կազմեն Թուրքիոյ բնիկ հայ քրիստոնեաներուն իրաւունքները ոտնակոխելու Անգարայի քաղաքականութեան։

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում