Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կամ Եւրոպան ունի՞ն լծակներ այս տարածաշրջանին մէջ, որոնց միջոցաւ կրնան ազդել ուղղակի Թուրքիայի, կամ Ատրպէյճանի, կամ Թուրքիոյ ճամբով Ատրպէյճանի վրայ, կանխելու համար Արցախի ժողովուրդի դիմագրաւած ցեղասպանութեան վտանգը։
Ինչ պէտք է ընենք մենք ազգովին, մանաւանդ իբրեւ պետութիւն։ Կրնա՞նք մենք կենսունակ պետականութիւն ունենալ երբ ի դէմս մեր ժողովուրդի մէկ մասի դիմագրաւած գոյութենական վտանգին անկարողութեան ու անճարութեան մատնուած ըլլալու վիճակը կը ցոլացուի իշխանութեան գլուխ կանգնած գործիչներու կեցուածքէն ու գործողութիւններէն։
Այս հարցերու մասին է ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն մեր զրոյցը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց եւ դիւանագիտութեան ամբիոնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Քոչիկեանի հետ։
Civilnet




