Գլխավոր Լրահոս

Թօթափելով անզօրութեան զգացումը

Թօթափելով անզօրութեան զգացումը

Սփիւռքը չի շարժիր, կը բողոքենք։ Կը բողոքենք Հայաստան ապրողներով, սփիւռքահայերով։ Կը բողոքենք, որովհետեւ այն ինչ որ կը տեսնենք սփիւռքի տարածքին իբրեւ արձագանգ Արցախի ժողովուրդին մատնուած գոյութենական վտանգին, պարզապէս անհամարժէք կը նկատենք ու կ՝ակնկալենք աւելին։

Սփիւռքը շարժելու դասական քանի մը ձեւեր ունի.

  • Ցուցական աշխատանքներ, դեսպանատուներու կամ տեղական պետական կառոյցներու դիմաց ու շուրջ հաւաքներ, քայլարշաւներ, վերջին շրջանին՝ նաեւ ճանապարհներու փակում:
  • Քարոզչական աշխատանքներ։ Ցոյցերը ընդհանրապէս քարոզչական նպատակ կը հետապնդեն, ուշադրութիւն հրաւիրելու Արցախի օրհասական վիճակին շուրջ։ Տեղական մամուլը թերեւս կ՝անդրադառնայ, ցոյցը տեսնող հանրութիւնը կ՝իրազեկուի։  
  • Քաղաքական աշխատանքներ՝ տեղական թէ պետական ընտրեալ ու գործադիր իշխանութեանց վրայ ճնշումներու, բացատրական գործունէութեամբ անոնց դիրքորոշումներուն վրայ ազդելու եւ անոնցմէ յստակ քայլեր պահանջելու առաջադրանքով։ 
  • Հայաստանին, Արցախին նիւթական օժանդակութիւն հասցնելու զօրաշարժով։

Հայաստանի ու Արցախի շուրջ զարգացումները, յատկապէս 2020ի պատերազմի ու անկէ ետք տեղի ունեցած յուսալքող երեւոյթները անզօրութեան համատարած հոգիվճակի մատնած են սփիւռքեան գործօն շրջանակները, որու իբրեւ հետեւանք վերի բոլոր հնարաւոր գործողութիւնները շօշափելի չեն դառնար։ Կը տեսնենք փոքրաթիւ ցոյցեր, հաւաքներ, որոշ ոչ նպատակասլաց ու ազդու քաղաքական արշաւներ, յարաբերական աշխատանքներ, իսկ նիւթական աջակցութեան ուղղութեամբ գրեթէ ամբողջական մերժում։

Դիւրին է կրաւորականութիւնն ու ձեռնածալութիւնը արդարացնել Հայաստանի իշխանութիւններէն յուսախաբուածութեամբ։ Աւելի դիւրին է զայրոյթի ու դատապարտումի ամէնէն գունաւոր զեղումներով սիրտ հովացնել։ Դիւրին չէ, սակայն, անտարբեր մնալ ի տես մեր հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ 

Իշխանութիւններուն հանդէպ նոյնիսկ արմատապէս ընդիմադիրներ տակաւիրն կրնան շրջանցելով պետական կառոյցները, նպաստել Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ուժեղացման գործին առնուազն երկու ծրագիրներու ընդմէջէն։

Ա.- Բոլոր անոնք որ ազգ-բանակ գաղափարի ջատագովներ են, կրնան ուղղակի աջակցիլ, մեծ թէ փոքր գումարներով, կամ մասնագիտական տարբեր ձեւի մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ արդէն մարտական ճամբայ անցած ու պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակին հետ համագործակող ժողորրդային զինեալ կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին, օրինակ ՈՄԱն, Ազատազէնը, Տիգրան Մեծը եւ ուրիշներ։

Քաջալերելով սփիւռքահայ երիտասարդները գալու Հայաստան ու իրենց ազգակից տղաներու ու աղջիկներու հետ մարտական վարժութիւններ կատարելու, առանց իսկ դիրքեր երթալու ու պաշտպանական գործօն պարտականութիւններ կատարելու պարտաւորութեան կամ յանձնառութեան։Այսպիսի այցելութեանց երկկողմանի ստեղծած ոգեւորութիւնը կարելի չէ թերագնահատել։    

Այս աջակցութիւնը կրնայ ըլլալ ինքնաբուխ, անհատ երիտասարդներու կողմէ (ես անձնապէս տեսած ու շփուած եմ սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ, որոնք երկշաբաթեայ մարզումներու մասնակցած են Հայաստանի մէջ ու վերադարձած իրենց շրջանները՝ գործին օգտակար ըլլալու հաստատակամութեամբ)։ Աջակցութիւնը նաեւ կրնայ սփիւռքի աւանդական կամ նորաստեղծ միութիւններու կողմէ նախաձեռնուիլ, մանաւանդ անոնց կողմէ, որոնք ազգ-բանակ գաղափարի կրողներ ու ջատագովներ են։

Բ.- Նիւթական անուղղակի աջակցութիւն Հայաստանի բանակի հզօրացման կարելի է ուղղորդել երկրի մէջ օրէ օր աւելի զարգացող ռազմական ճարտարարուեստի ոլորտին մէջ գործող մասնաւոր ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր գնելով։ Կան արդէն շօշափելի արդիւնքներու հասած ընկերութիւններ, որոնք վստահաբար պիտի ուզեն յաւելեալ միջոցներ ներգրաւել բարձրացնելով իրենց մրցունակութիւնը, արտադրութեան որակն ու ծաւալը։

Եթէ կամքը կայ, միջոցը կը գտնուի։ Ո՞վ չուզեր Հայաստանի սահմանները տեսնել պաշտպանուած, ո՞վ չուզեր պարտուած, նուաստացած հոգեվիճակէն դուրս գալ։ Վստահ եմ միայն քիչեր։

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում