Ռուսաստան քայլ առաւ իր Կարմիր խաչի միջոցաւ սննդամթերք ուղարկելու Արցախ՝ Ակնայի ճանապարհով։ Ատրպէյճան տարբեր պատրուակներով խոչընդոտ կը ստեղծէ ռուսական մարդասիրական այս քայլի դէմ։ Ինչ նպատակ կը հետապնդէ Ռուսաստան այս քայլով, ինչ պատգամ կ՝ուզէ փոխանցել Հայաստանին, Ատրպէյճանին, յատկապէս Արցախի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք։ Զօրակցութի՞ւն «ռուսամէտ» նկատուած նոր իշխանութեան հանդէպ, պատգա՞մ Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ ժողովուրդին, Ռուսաստանի կողմէ «փափուկ ուժի» գործադրութի՞ւն հայկական իրականութեան մէջ։
Այս հարցերը արծարծուեցան Ամերիկեան համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան բաժանմունքի վարիչ եւ դասախօս դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ Աբօ Պողիկեանի զրոյցի ընթացքին՝ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն։
Civilnet




