Վիգէն Յովսէփեան

Զարմանալի է որ հայ քաղաքական վերլուծաբաններ տակաւին հայկական իրականութիւնը կը դիտեն պարզունակ Հայաստան-Սփիւռք կտրուածքով, ենթադրելով թէ կայ մէկ եւ յստակ Հայաստանեան մօտեցումներու (կամ նոյնիսկ շահերու) ամբողջութիւն, եւ թէ միւս կողմէ գոյութիւն ունի սփիւռքահայ միատարր հոգեբանութիւն, կամ առաջնահերթութիւններու ընդհանուր մէկ հանգանակ։
Այսպիսի պարզեցուած վերլուծումները այլեւս անհեթեթ են, ժամանակավրէպ են եւ նոյնիսկ որոշ իմաստով ալ արգելակիչ՝ այս նիւթերու շուրջ որեւէ լուրջ վերլուծական դաշտ ստեղծելու իմաստով եւ իրականութիւնները խորապէս հասկնալու համար։ Հայկական տարբեր հաւաքականութիւններու միջեւ «նոյնութիւններ» կամ կամրջող ազդակներ պէտք է որոնել, անշուշտ, եւ անոնց վրայ խարսխուող ուժականութիւն առաջադրելու փորձ կատարել, բայց՝ այդ արդէն ուրիշ բան է։
Նախ եւ առաջ, սակայն, պէտք է հասկնալ թէ կա ՞ն նոյնիքն սփիւռքահայութեան մօտ տարբեր համայնքները, տարբեր շերտաւորումներն ու ենթա-մշակոյթները զիրար կապող «բաներ», գաղափարա-հոգեբանական աշխարհները զիրար առնչող ազդակներ։ Ապա, ի ՞նչն է որ հոգեմտաւոր կամ գործնական կերպով կ՚առնչէ սփիւռքահայութիւնը (այսինքն Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող հայերը) Հայաստան պետութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, կամ նոյնիսկ համահայկական որեւէ օրակարգի հետ։ Անտարակոյս, նման առնչութիւնները - եթէ կան՝ եւ ես կը խորհիմ որ կան - պէտք է տեսնել, գուցէ վեր առնել, նոյնիսկ քաջալերել։ Բայց մինչեւ այս մէկը, կարեւոր է պարզունակ կարծրատիպերէ դուրս գալ, եւ ցանկութիւնները որպէս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն չներկայացնել։ Սփիւռք - որպէս մէկ եւ միատարր ամբողջութիւն - չկայ այլեւս, նոյնիսկ եթէ ան կար մօտիկ անցեալի որեւէ պահու։
Կայ սփիւռքահայութիւն, շատ ու շատ շերտերով, աշխարհաքաղաքական տարբեր վիճակներու մէջ, ու զանազան ենթա-մշակոյթներով բնութագրուող, եւ այս բոլորը իրար առնչող ու կամրջող համահայկական օրակարգի ՄԵԾ եւ զգալի բացակայութիւն։
Շուտով՝ աւելին։
Civilnet











