Ռոպէր Քօփթաշ, որ յայտնի է Թուրքիոյ մէջ հայ մշակութային միջավայրին բերած իր ներդերումներով եւ իբրեւ «Սիվիլնեթ»ի սիւնակագիր, վերջերս հրատարակեց իր առաջին վէպը «փխրուած»ը, որ գրուած է թրքերէնով եւ որ կը պատմէ թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայ ընտանիքի տարբեր սերունդներու պատկանող անհատներ խորտակուած են նախորդ սերունդներէն ժառանգուած հոգեցնցումներէն: Վէպը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է եւ առաջին հրատարակութիւնը մէկ ամսուայ ընթացքին բոլորովին վաճառուած: «Փխրուած»ը վէպը ներկայացնելով իբրեւ «ոչ միայն մէկ ընտանիքի պատմութիւնը, այլ նաեւ մարդկային բոլոր զգացումներուն պատմութիւնը...», Իլէթիշիմ հրատարակչատունը արդէն երկրորդ հրատարակութինը հրապարակ կը հանէ: Քօփթաշ կ'ըսէ, որ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ իր վէպը հայերէնի թարգմանուի Հայաստանի մէջ:
«Փխրուած»ի պատմութիւնը կը սկսի «Թ.» կոչուող անծանօթ քաղաքէն, որ կը գտնուի պատմական Հայաստանի, այսինքն ներկայիս Անատոլիոյ մէջ, եւ կ՝երկարի մինչեւ Իսթանպուլ: Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքին վրայ բանեցուած քաղաքական եւ ընկերային ճնշումներուն անհատի ներաշխարհին եւ ընտանեկան յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնները քննութեան առարկայ ընելով, «Փխրուած»ը թրքական ու հայկական գրականութիւններու մէջ բացակայ թեմաներ ի լոյս կը հանէ: Գործող անձերը կը պայքարին ոչ միայն իրենց ներաշխարհին հետ, այլ նաեւ կը դիմագրաւեն իրենց ժամանակներու դաժան իրականութիւնները: Իւրաքանչիւրը, իր ձեւով, կ'ուզէ ետին թողուլ նախորդ սերունդներէն ժառանգուած ցաւերը եւ փախչիլ իրենց ճակատագրուած իրավիճակէն։ Այնուհանդերձ, անոնք անընդհատ կը հանդիպին նոր արգելքներու եւ մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է յաղթահարուին:
Վիպագիր եւ գրաքննադատ Սիւրէյյա Էվրէն Թուրքիոյ ամէնէն յայտնի գրական եւ գրաքննադատական պարբերաթերթերէն «Կ24»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ ողջունած է վէպին հրապարակումը, աւելցնելով, որ Քոփթաշի «Ունուֆաք»ը (փխրուած»ը) առասպելական եւ մեկնարկային գործ մըն է։ Նախ այս վէպը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ հայերու կեանքին անհաւատալիօրէն համապարփակ պատկերը` ընդգրկելով սերունդներ, քաղաքներ, թաղամասեր, մասնագիտութիւններ, կենսաձեւեր ու կերպարներ: Պատկերներու ամբողջական հաւաքածոյ մըն է։ Ապա՝ կը ներկայացնէ թարմ եւ ուժեղ մօտեցում մը գրական հանգուծային հարցի մը, թէ ինչպէս պէտք է ցոլացնել 1915-ը գրականութեան մէջ։ Վերջապէս՝ այս վէպը հաւաքածոյ մըն է բազմաթիւ պատմութիւններու ու մտածումներու Թուրքիոյ մէջ գաւառներէն դէպի Իսթանպուլ գաղթականութեան, ինչպէս նաեւ երկրէն դուրս՝ դէպի Արեւմուտք մեկնողներու մասին։ Վէպը «ընտանեկան հոյակապ պատում մըն է, հիւսուած բազմաթիւ կերպարներու ձայներով, տեսանկիւններով եւ պատմութիւններով»։
Քօփթաշի վէպը, որ հարստացած է անոր լրագրական եւ հրատարակչական փորձառութենէն բխած դիտարկումներվ, մէկ ընտանիքի պատմութեան ընդմէջէն կ'անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ ապրողներու սերունդէ սերունդ փոխանցուած ընկերային-հասարակական ցաւերուն։ Հոգեբանութեան, պատմութեան եւ քաղաքականութեան հիմքերու վրայ հաստատուած՝ այս վէպը ընթերցանութեան հազուագիւտ փորձառութիւն մը կը խոստանայ։
Երբ հարց տրուած է իր վէպի վերաբերեալ իր մտածումներու մասին, Քոփթաշ ըսած է թէ «Փխրուած»ը գրած է նախ եւ առաջ հասկնալու համար թէ ինչպիսի վնասներ պատճառած են հայերուն դիմագրաւած մեծ եւ փոքր աղէտները՝ ընտանիքի մը անդամներուն հոգեկան աշխարհին։ Ան բացատրած է թէ գրելու ընթացքին ինք հետաքրքրուած չէ պատմական մեծ դէպքերով, այլ աւելի՝ թէ ինչպէս այդ դէպքերուն ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձով մարդոց ներաշխարհին վրայ։ Քոփթաշ նաեւ յայտնած է թէ վէպը կը կեդրոնանայ այնպիսի հարցերու վրայ, ինչպէս՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուած վախերն ու հոգեկան վէրքերը, աւանդական ընտանեկան կառուցուածքը, տղամարդոց տիրապետող դիրքը, գաղթը եւ հայերու միջեւ դասակարգային տարբերութիւնները։ Ան նշած է թէ թրքերէնը այն լեզուն է, որով ինք կրնայ լաւագոյնս արտայայտուիլ եւ թէ որոշած է վէպը գրել այդ լեզուով, որպէսզի թուրք ընթերցողները աւելի լաւ հասկնան հայերու հոգեվիճակները։ Թէեւ հայերէնով վէպ մը գրելու բաւարար կարողութիւն չունի, Քոփթաշ յայտնած է թէ չափազանց երջանիկ պիտի ըլլար եթէ վէպը թարգմանուէր հայերէնի։
Civilnet











