«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 13-րդ դրուագին հիւրն է Մելանի Գլըճեանը՝ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ-համալսարանի (ԻՆԱԼՔՕ/INALCO) արեւմտահայերէնի դասախօս։
Երեւանի սրտին մէջ, Պետոն ու Ռուբէնը կը հիւրընկալեն Մելանին, որ Ռուբէնի նախկին դասախօսն է ՝ քննարկելու սփիւռքեան լեզուական ինքնութեան, արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի մեթոտներուն եւ լեզուական կենսունակութեան շուրջ հարցեր։ Զրոյցը կը ծաւալի Գերմանիայէն մինչեւ Ֆրանսա եւ Երեւան երկարող փորձառութեանց, ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի պատմական դերին, IMAS մագիստրոսական ծրագրին եւ Ամին Մաալուֆի «բազմաշերտ ինքնութիւններու» հայեցակարգին շուրջ։
Հիմնական կէտեր՝
● Հայտելպըրկէն Փարիզ՝ լեզուական կազմաւորում. հալէպահայ ընտանիքի մէջ ծնած Մելանիին մանկութիւնը Գերմանիոյ մէջ, Միջին Արեւելքէն եկած հայ ուսանողներու բազմաձայն միջավայրը, տան մէջ հայերէն խօսելու վճռականութիւնը եւ աւելի ուշ՝ Ֆրանսայի մէջ գրաւոր ու գրական հայերէնի իւրացումը։
● ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական դերն ու առաքելութիւնը. 1795-էն ի վեր հայերէնի դասաւանդման աւանդոյթը (իբրեւ առաջին վեց լեզուներէն մէկը)՝ դիւանագէտներէն մինչեւ արեւելագէտներ ու հայագէտներ պատրաստելու գործին մէջ, եւ ամպիոնի զարգացումը՝ գրաբարէն ու արեւմտահայերէնէն մինչեւ արեւելահայերէն։ Այսօր ներառուած են 103 լեզուներ. արեւելահայերէնը մտած է անկախութենէն ետք՝ գործնական պահանջով։
● Լեզուն մարդո՛ւն համար է, ոչ թէ լոկ պահպանման. «մեռած լեզուի» կամ զուտ մեղքի ու պարտականութեան բարդոյթներէն անցում դէպի կենդանի հաղորդակցութիւն. ընտանիքի վերջին հայախօս անդամի մահէն ետք արթնցող լեզուական որոնումներն ու նոր սերունդի ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնը։
● IMAS առցանց ծրագիրը եւ սփիւռքեան խճանկարը. արեւմտահայակեդրոն հեռավար մագիստրոսականի դերը սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման գործին մէջ. Պէյրութէն, Տուպայէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Եւրոպայէն ու Հայաստանէն ուսանողներու համախմբումը եւ միջհամայնքային համագործակցութեան ցանցի ստեղծումը։
● Դասական ուղղագրութիւնը իբրեւ կամուրջ. Մեսրոպեան (դասական) ուղղագրութեան կիրառումը իբրեւ ուսումնական չափանիշ. Հայաստանէն եկած արեւելահայ ուսանողներու նախնական դժուարութիւններն ու ապա դասականը իւրացնելու փորձառութիւնը՝ հատուածական պատնէշները քանդելու ճամբուն վրայ։
● Արդիական մանկավարժութիւն եւ նորարար մեթոտներ. քերականական անշունչ կանոններէն անցում դէպի ծրագրային ուսուցում (Project-Based Language Learning - PBLL) եւ խաղարկային մօտեցումներ (դպրոցական սեղանի խաղի օրինակով)՝ դասարանէն ներս ապահովելով կենդանի բազմաձայնութիւն։
● Բազմաշերտ ինքնութիւններ. լիբանանցի ֆրանսագիր մտաւորական Ամին Մաալուֆի «Les Identités meurtrières» («Մահացու ինքնութիւններ») գիրքի ներշնչումով՝ ինչպէ՞ս հաշտեցնել ու համատեղել ծննդավայրի, ապրած երկրի եւ հայկական պատկանելիութեան տարբեր շերտերը։
● Հայաստանը եւ արեւմտահայերէնի ապագան. Սուրիոյ եւ Լիբանանի տագնապներէն ետք Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնի նոր կենսունակութիւնը, թուային նախաձեռնութիւններու (VLUME, փոտքասթներ եւ այլն) դերը լեզուական բացը լրացնելու մէջ, եւ իրատեսական լաւատեսութիւնը լեզուի վաղուան նկատմամբ։
Այս դրուագին ընթացքին զրուցեցինք արեւմտահայերէնի դասաւանդման նորարար մօտեցումներուն, սփիւռքեան համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման եւ լեզուն կենդանի շունչով յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու հեռանկարներուն մասին։


