Վրաստանը առայժմ Ռուսիոյ հանդէպ ունեցած վերապահութեան եւ հաւանաբար ամերիկեան դրդումով կը խուսափի մասնակցիլ Իրանի հրաւէրով 3+3 հարթակով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ Հայաստանի կողմէ այս հարթակին մասնակցելու համաձայնութիւնը բանակցութիւններու տարբեր ձեւաչափերուն ընդառաջելով խաղաղութեան հասնելու եւ պատերազմը կանխելու քաղաքական ճկունութեան դրսեւորում է։ Այս կարծիքին է Ամերիկեան համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց եւ դիւանագիտութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեան։
ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն դոկտ. Գոչիկեանի հետ այս զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ տարածաշրջանային բռնկումներու հաւանականութեան եւ անոնց առաջքը առնելու բազմակողմանի քայլերու արդիւնաւէտութիւնը։
Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան
Civilnet




