Իրանեան դիւանագիտութեան ճկունութեան հռչակը մեծ է։ Իրանցի դիւանագէտներու լեզուն ինքնին այդ ճկունութեան աղբիւրներէն է, պէտք է խորապէս հասկնալ այդ լեզուի իւրայատկութիւնները, բառերու իմաստային խաղերը, որպէսզի որոշ չափով կարենաս հասկնալ բառերու եւ տողերու մէջ թաքնուած մտքերը։ Դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն զրուցեցինք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շրջանային քաղաքականութեան ծալքերու, այդ քաղաքկանութեան մշակման ու կազմաւորման կեդրոններու, ազգային ու պետական շահերու վրայ խարսխուած դիւանագիտութեան դրսեւորումներու մասին։
Դոկտ. Գոչիկեան նաեւ անդրադարձաւ Իրանի շրջանային եւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ ընդգծուած առաջնահերթութիւններուն։
Զրոյցը վարեց՝ Աբօ Պողիկեանը։
Civilnet




