Հայաստանի անվտանգութիւնը այսօր աւելի՞ յուսալի է քան երէկ։ Այս հարցի շուրջ զրուցեցինք Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի միջզգային յարաբերութիւններ եւ դիւանագիտութիւն բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ։
Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման լոյսի տակ զրոյցը ընթացաւ անվտանգութեան երաշխիքներու համեմատական գնահատականը ներկայացնելու ուղղութեամբ։ Փրոֆ. Գոչիկեան անդրադարձաւ Արեւմուտքէն չափազանցուած ակնկալութիւններ ունենալու վտանգին։ Ան նաեւ չբացառեց աւելի արդիւնաւէտ Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի գաղտնի բանակցութիւններու առկայութիւնը։ Զրոյցը ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» հարթակէն վարեց Աբօ Պողիկեան։
Civilnet




