Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը իր պաշտօնը արդարացնելու տեւական ճիգի մէջ է եւ պատուով կ՝արդարացնէ իր իսկ կողմէ յղացուած ծրագիրներու իրագործումով։ Տարիներ շարունակ Պերճ կը ձեռնարկէ դէպի Հայաստան եւ վերջերս նաեւ դէպի Լիբանան բժշկական օգնութեան առաքելութիւններ կազմակերպելու աշխատանքներ։
Հայ եւ օտար բժիշկներ իր նախաձեռնած առաքելութեան մէջ ներգրաւելու, նիւթական մեծ ծախսերու ծանրութեան տակ մտնելու, անհրաժեշտ գումարները հանգանակելու դժուարին գործը գլուխ հանելու արդէն տարիներու փորձ ունի Պերճը, որուն շուրջ համախմբուած են Ֆրեզնոյի համայնքի նուիրեալ այլ հայորդիներ։
Պերճի հետ զրոյցը Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն։ Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
Civilnet




