Իրանը՝ Սովետական Միութեան Ճանապարհով

Պատմութեան մէջ շատ երկիրներ եւ ուժեր ստեղծեցին այնպիսի հեքիաթային առասպելներ, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ ղեկավարել իրենց ժողովուրդները, կամ որպէսզի կարենան ընդլայնել իրենց սահմանները եւ ուրիշներու վրայ գերիշխել:

Անոնցմէ ամէնէն ծանօթը թերեւս Սովետական Միութեան համայնավարութեան առասպելն էր, որուն միջոցով Սովետական Միութիւնը իր սահմաններէն դուրս փորձեց իշխել տարբեր երկիրներու վրայ եւս: 70 տարի փորձեցին իրենց կաղապարները տարածել բոլորին վրայ, բայց չյաջողեցան: Հայաստանը եւս իր բաժինը ստացաւ այդ բոլորէն, սակայն բարեբախտաբար անվերադարձ լքեց այդ ճամբան:

Մինչ Սովետական Միութիւնը համայնավարութեան առասպելը քարոզելով կ’ուզէր աշխարհին իշխել, ահաւասիկ Իրանը շահագործելով շիիական կրօնական դաւանանքային գաղափարախօսութիւնը կը փորձէ իր գերիշխանութիւնը պարտադրել աշխարհի վրայ տարբեր տեղեր: Ինչպէս որ սովետները աշխարհի վրայ միլիոններ զինուորագրած էին մուրճ ու մանգաղի դրօշին տակ, նոյնպէս այսօր Իրանը իսլամական յեղափոխութեան քօղին տակ կը փորձէ իր գերիշխանութիւնը պարտադրել Միջին Արեւելքի երկիրներուն վրայ, երբեմն նոյնիսկ ուրիշներ շիիացնելով:

Տարածաշրջանին մէջ Իրանի ռազմավարութիւնը կը յենի շարք մը երկիրներու մէջ շիաներուն աջակցելով զանոնք իշխանութեան ղեկը հասցնելուն վրայ, ինչպէս Իրաքը, Պահրէյնը եւ Լիբանանը, իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ՝ աշխատելով շիիզմի տարածման վրայ, ինչպէս Եմէնի, Եգիպտոսի եւ Մարոքի մէջ: Նշենք, որ Մարոքը երբ զգաց շիիական սպառնալիքը անմիջապէս Իրանի դեսպանը վտարեց երկրէն՝ դեռ 2009 թուականին:

Իրաքը երկար դիմադրութենէ՝ Ամերիկայի կողմէ գրաւելէն եւ յետոյ վերջինին հեռանալէն ետք, հասունցած պտուղի նման ինկաւ Իրանի գիրկը: Անկէ շատ առաջ Սուրիան շարք մը պայմանագիրներով Իրանի հետ անքակտելի կապերով կապուած էր արդէն: Իսկ Լիբանանի մէջ տասնամեակներէ ի վեր արդէն ոտք դրած են, եւ վերջերս Իրանի գերիշխանութիւնը աղաղկող մակարդակի հասաւ՝ Մայրիներու երկրին մէջ Հիզպուլլայի զէնքի ուժով հաստատած իշխանութեան շնորհիւ:

Չնայած որ Սովետական եւ իրանական օրինակները իրարու հետ նմանութիւններ ունին՝ երկրէն դուրս առասպելներու եւ գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած գերիշխանութիւն հաստատելու առումով, սակայն իրանականը աւելի վտանգաւոր է այս պահին, քանի որ սովետական գաղափարախօսութիւնը սնանկացած եւ աշխարհի երեսէն գրեթէ անհետացած է, իսկ Իրանի դաւանանքային խտրականութեան վրայ հիմնուած ծաւալապաշտութիւնը տարածաշրջանին մէջ կրօնական պատերազմներու առիթ կրնայ հանդիսանալ: Այդ պատերազմներու նշոյլները արդէն կան սուրիական ճգնաժամին մէջ արաբական երկիրներու ներգրաւմամբ՝ ընդդէմ Իրանի եւ Հիզպուլլայի Սուրիոյ մէջ ունեցած դերակատարութեան: Արաբ եւ սուննի իսլամ ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը այսօր Իրանի լիբանանեան արբանեակը՝ Հիզպուլլան կը նկատեն որպէս բացայայտ թշնամի:

Իսկ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր այլ տեղեր, լայն տարածում գտած թիւրիմացութիւն մը կայ, ըստ որուն իսլամութեան մէջ կան «մարդասպան սուննիներ եւ լայթ շիաներ»: Ոեւէ կողմի մարդասպան կամ «լայթ» ու բարեացակամ ըլլալը լիովին պայմանաւորուած է հակամարտութեան կողմերու ռազմավարական եւ կենսական շահերով: Այդպիսի ընդհանրացումները միայն քսենոֆոպիայի արդիւնք կրնան ըլլալ:

Անկախ այս բոլորէն՝ Իրանի նոր նախագահ Րոհանիէն, որ այդ երկրի չափանիշներով չափաւոր բարեփոխումներու կողմնակից կը համարուի, մեծ ակնկալիքներ ունենալը վաղահաս է: Վերջապէս անոր իշխանութիւնը Իրանական Յեղափոխութեան Պահապաններու Կորպուսին վրայ շատ վիճելի է: Վերջինը իրանական միջուկային ծրագրին եւ Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ Իրանի ներգրաւուածութեան մասին ըսուելիք վերջին խօսքը իրեն կը վերապահէ: Չմոռնանք նաեւ, որ Իրանի միջուկային ծրագրի կարգ մը աշխատանքները սկիզբ առին, երբ Րոհանին երկրի միջուկային ծրագրի մասին հիմնական բանակցողն էր:

Իրանի, այս պարագային՝ Րոհանիի հնարքը թերեւս կը կայանայ անոր մէջ, թէ որքա՛ն պիտի կարողանայ «ընտրական մեղրամիսը» երկարաձգել: Պէտք է նկատի առնել, որ Մոլլա Րոհանին պահպանողական է եւ ի վերջոյ լիովին պիտի հետեւի մեծ այաթոլլահ Ալի Խամենիին ցուցմունքներուն, անկախ անկէ թէ ինք ինչ ցանկութիւն ունի:

Տարածաշրջանին մէջ նախորդ տասնամեակներու համայնավարական սպառնալիքը այսօր փոխարինուած է շիիական սպառնալիքով: Իսկ արեւմուտքը կարծես թէ յետայսու պէտք չունի ուղղակի միջամտելու, այլ հնարաւոր է տարածաշրջանի դերակատարները իրարու դէմ հանելով իր նպատակներուն հասնիլ:

Իսկ վերադառնալով Հայաստան, արդեօք տարածաշրջանային գեր-տէրութիւն եւ միջուկային Իրանը աւելի լաւ տնտեսական գործընկեր կրնա՞յ ըլլալ Հայաստանի համար, թէ աւելի համեստ հաւակնութիւններով, ոչ ծաւալապաշտ եւ չափաւոր քաղաքականութեամբ հարեւան Իրանը: Հայաստանին կը մնայ այդ շրջագիծին մէջ խորհիլ եւ տարածաշրջանի ամէնէն երկարատեւ խաղաղութեան պայմաններու ապահովման ուղղութեամբ քաղաքականութիւն վարել:

Մեկնաբանել