Երևանում բնակվող սիրիահայ մշակութային գործիչ Աբրահամ Խնկիկյանն անդրադարձել է հունվարի 13-ին «Էրեբունի պլազա» հյուրանոցում սփյուռքի նախարարության` սիրիահայերի համար կազմակերպած համաժողովի ընթացքում արված հայտարարություններին: Սյունակը ներկայացված է ստորև:
Յունուարի 13-ին կայացած հաւաքի օրը երկու անընդունելի կետեր կային, որոնց մասին կ'ուզեմ անդրադարնալ: Առաջինը այն չակերտուած խօսքն էր, որ սփյուռքի նախարարության ներկայացուցիչը ըսաւ «ցածր աշխատավարձերու» մասին, թէ «Սուրիահայը պարտաւոր է յարմարիլ, ինչպէս որ կը յարմարի տեղաբնակ հայը»։ Եւ ահա այս հիմնախնդիրն է, որ չկարենալ յարմարուողը կրկին գաղթականի ցուպը ձեռքն առած, նորէն որպէս թափառական դուրս կը մղուի իրեն համար վերջնական հանգրուանը պատկերացուցած մայր հայրենիքէն:
Այս ընթացքով, աշխատանքային այս ողորմելի վարձատրութեամբ եւ աշխատանքային այս անտանելի իրավիճակով, սուրիահայերուն մեծ տոկոսը կը հեռանայ հայրենիքէն, այնպէս, ինչպէս կը հեռանայ տեղաբնակ ողջ աշխատուժը։ Այս ցաւը միայն սփիւռքահայութեան ցաւը չէ, այսօր ողջ Հայաստանի կոտտացող վէրքն է, որուն դարմանը փնտռել-գտնելու փոխարէն, կը յորդորեն ժաղովուրդին յարմարիլ՝ ինչի՞ն եւ ինչպէ՞ս:
Այսպէս օրինակ, երկու երախայի մայր մը՝ դեղագործ, կ՚աշխատի իր մասնագիտութեամբ, առանց արձակուրդի, ամիսը 30 օր, օրական 9 ժամ եւ կը ստանայ 80.000 ՀՀ դրամ։ Երկու երախաները կը յաճախեն դպրոց անվճար, բուժումը՝ անվճար, բնակարանի վարձը՝ 45.000 ՀՀ դրամ։ Երթուղայինի ծախսը նուազագոյնը օրական 200դ (30օր = 6000 դ), կազ, ելեկտրական հոսանք, ջուր եւ այլ կոմունալ ծախսեր՝ 30.000 ՀՀ դրամ, առանց հաշուի առնելու ձմեռնային յաւելեալ կազի սպառումը եւ ցուրտէն պատսպարուելու անհրաժեշտ պէտքերը։ Այս ընտանիքը արդէն իսկ բացը մնաց, առանց սնուելու։ Այս ընտանիքին հայրը ստիպուած Սուրիավերդարձաւ ի գին ամէն ինչի իր երախաներուն ապրուստը ապահովելու:
Ուրիշ օրինակ մը՝ բժշկուհի մըն է, որ կ՚աշխատի իր մասնագիտութեամբ օրական 4-6 ժամ եւ կը ստանայ 45,000 ՀՀ դրամ, ունի երկու երախայ, բնակարանի վարձ, կոմունալ ծախսեր եւ սնուելու կարիք, միւս կենցաղային ծախսերը առանց նկատի առնելու: Ինչպէ՞ս կարելի է յարմարիլ:
Այս եւ ասոր նման բազմաթիւ օրինակներ կարելի է ներկայացնել, ոչ միայն սուրիահայերու մէջ, տեղաբնակներու մէջ, ալ աւելի ահաւոր վիճակներ երեւելի են: Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է, իր լաւ ու վատ կողմերով։ Եթէ կան թերութիւններ` այդ թերութիւնները դարմանելը մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է։ Պէտք չէ անտեսել եւ անցնիլ, չքննադատելը նոյնպէս անբարոյութիւն է: Ահա այս իսկ պատճառներով ե՛ւ տեղաբնակը, ե՛ւ սուրիահայը ստիպուած կը հեռանան երկրէն:
Երկրորդ հարցը Աշտարակի Նոր Հալէպ թաղամասի ծրագիրն է։ Արձանագրութեան ժամանակ ըսուեցաւ, որ բնակարանները ստանալէն ետք ամսական մասնավճարով, դրամատնային թեթեւացուած տոկոսով, վարձավճարի նման պարտքը պիտի մարուի, որը խորհիլ կուտայ, թէ բնակարանով ապահովուած քաղաքացին որոշ տարիներ զրկանքներով ապրելէ ետք, բնակարանի մը սեփականատէր կը դառնայ:
Բայց հիմա պարզուեցաւ, որ 5000 ԱՄՆ դոլարի համարժէք դրամ պէտք է վճարուի որպէս կանխավճար, որպէսզի ծրագիրը գործադրութեան մէջ մտնէ եւ երկու տարիէն կարելի ըլլայ յաջորդաբար յանձնել բնակարանները: Հոս կ'առաջանայ երկու հիմհախնդիր. մին՝ 5000 ԱՄՆ դոլարի համարժէք դրամ ունեցողը այդ գումարը զետեղած է որեւէ դրամատան մէջ եւ կ'օգտուի ստացած տոկոսէն որպէս օժանդակ եկամուտ՝ իր ստացած չնչին աշխատավարձին հետ գումարած, եթէ անշուշտ աշխատանք ունի։ Ուրեմն երկու տարի զրկուիլ այդ օժանդակութենէն եւ անկէ ետք սկսիլ վճարել դրամատնային վարկը, արդէն անհնար է:
Եթէ առաջին խնդիրը լուծուեցաւ, ապա միւս խնդիրն այն է, թէ Աշտարակ բնակող քաղաքացին (սուրիահայը) ո՞ւր պիտի աշխատի, Երեւա՞ն քաղաք։ Նորէն իր առջեւ կը ծառանայ բոլոր դժուարութիւններուն վրայ առաւել, երթեւեկութեան համար ծախսուելիք գումարը, խնդիր, որը ընտանիքի անդամներուն տեղաշարժման համար խոշորագոյն արգելքն է:
Այս բոլորին հանդերձ սփյուռքի նախաարությունը տակաւին կը պնդէ, թէ սուրիահայերը իրենք ուզեցին եւ իրենց պահանջին համաձայն առնուեցան այս քայլերը, իսկ հիմա կը հրաժարին բնակարան գնելու իրենց ցանկութենէն...
Civilnet











