Գլխավոր Լրահոս

Հալէպ-Պէյրութ Ճամբան Արժանապատւութենէ կ'անցնի

Հալէպ-Պէյրութ Ճամբան Արժանապատւութենէ կ'անցնի

Յիշէ որ մարդ ես: Մէկ կողմ թող առանց ելեկտրականութեան, առանց ջուրի, առանց վառելանիւթի կեանքդ: Մէկ կողմ դիր անապահով վիճակդ. Մէկ խօսքով մոռցի՛ր այն ամէն ինչը, որոնք  մարդկայնութենէն ամէն վայրկեան բան մը կը պակսեցնեն եւ քանի մը օրուայ համար Պէյրութ ճամբորդէ:

Քանի մը օր կը մտմտաս, թէ ինչպէ՞ս պիտի ճամբորդես, հանրակառքով թէ՞ թաքսիով: Ի հարկ է առաջինը, որովհետեւ թաքսին շատ սուղ է:

Առտու կանուխ կ'արթննաս եւ կը ժամանես մեկնումի կայան: Մուտքին հարցաքննութան կ'ենթարկուիս: Ցեխոտ փողոցով ճամպրուկդ քարշ կու տաս: Հանրակառքդ կը գտնես: Բեռդ եւ անձնագիրդ կը յանձնես ու կը սպասես ճամբայ իյնալու...

Երկուք ու կէս ժամ ուշացումով կը շարժիք: Մեծ թիւով հայեր կան ձեր հանրակառքին մէջ: Ապահովութեան գրասենեակի անձնագրերու ստուգումի եւ հանրակառքի վառելանիւթով ապահովման սպասման ընթացքին՝ հայ ճամբորդները իրար հետ կը ծանօթանան: Անոնցմէ ոմանք պիտի վերադառնան, ոմանք ալ պիտի փորձեն շատ աւելի հեռուները երթալ:

Մեզի բաժին ինկած Հալէպը մէկ ելք ու մուտքի ճամբայ ունի: Որ ուղղութեամբ ալ երթալու ըլլաս՝ պէտք է շարժիս դէպի հարաւ արեւմուտք, ապա դէպի արեւելք եւ ընտրես ճամբադ:

Մինչեւ Հալէպէն ելքը իւրաքանչիւրին անձնագիրը արդէն քանի մը անգամ կը ստուգուի: Մինչեւ Հալէպէն ելքը արդէն կը հանդիպիք քանդուած շէնքերու: Երբ շրջանը գրաւուած էր ըմբոստ զինեալներու կողմէ՝ պետական բանակի օդանաւերը պայթուցիկ նիւթերով լեցուած տակառներ նետած են այս շէնքերուն վրայ: Յաճախ ինքզինքիդ հարց կու տաս թէ եթէ քեզի մօտիկ շրջանները կը սարսափին հրասանդներէ, ապա ի՞նչ թող ընեն զինեալներու կողմէ այս «ազատագրուած» շրջաններու բնակիչները, որոնց վրայ այնքա՜ն տակառներ կը տեղան:

Ճանապարհին այնքա՜ն  շատ են զինուորական անցարգելները, եւ այնքա՜ն իրար նման հանրակառք բարձրացող զինուորները, որոնց մեծ մասը խոժոռ դէմք ունի, տխուր, եւ զննող, բայց իրականութեան մէջ ոչ ատելավառ: Մինչեւ ձեր անձնագրերու ստուգումը, դուրսը զինուոր մը կը քննէ ձեր պայուսակները: Ամէն ինչ հարթ եւ հեզասահ ընթանալու համար շատ բան պէտք չէ: Վարորդին օգնականը ամէն անգամ քանի մը տուփ ծխախոտ կու տայ անոնց, երբեմն ալ քանի մը հարիւր Սուրիական Լիրա: Առջեւ նստած հայ կիներ, քծնա՞նք թէ գորով արտայայտող հրապուրիչ ժպիտով, երբեմն ափ մը չարազեղէն կ'երկարեն զինուորին, որ առնելուն պէս իր բերանին միջոցաւ կը սկսէր իր որովայնը լեցնել:

 

Թերեւս քծնանք է, քանի որ մեր կեանքերը այս խեղճ ու կրակ զինուորէն կախեալ է: Նոյնն ալ կը մտածեն այլ պարագաներու մէջ աւելորդ տղամարդկութիւն ցուցաբերող ամուսինները, որոնք հիմա կը փորձեն ծամածռուած ժպիտ մըն ալ իրենք ուրուագծել իրենց շրթներուն վրայ:

Մեր հիմնական յատկանիշը դարձած է քծնիլը: Քծնիլ՝ ոեւէ մէկուն: Քծնիլ փռապանին, որ առանց հերթի մէկ-երկու հաց տայ: Քծնիլ գործատիրոջ, որ յանկարծ այս օրերուն մեզ գործէն չհանէ: Քծնիլ նպարավաճառին, որ շարունակէ պարտքի տալ: Քծնիլ ժէնէրաթորի տիրոջ եւ անոր քով աշխատող այդ խոժոռ մարդուն, որպէսզի մի քանի օր ետք գանձէ շաբաթական «ամփէր»ներու սակագինը: Քծնանքով բարձրաձայն օրհնել մեր մօտէն անցնող զինեալը... Քծնանքով Աստուծմէ երկար կեանք աղերսել փութակազի հերթ արձանագրող թաղային պատասխանատուին համար, թէեւ համոզուած ենք որ անարդար եւ անպարկեշտ անձ մըն է, եւայլն, եւայլն...

Ամբողջ ճանապարհին՝ հարիւրաւոր քելոմեթր, ոչ մէկ մարդկային հետք կայ: Քանի մը կիսաքանդ ամայի գիւղեր: Միայն զինուորական անցարգելները կը յուշէին, որ անմարդաբմակ երգրագունդի մը վրայ չենք գտնուիր:

Երանելի օրերուն մէկ ու կէս ժամէն կը հասնէինք Համա քաղաք: Հիմա հինգ ժամ կը տեւէ ձեր, Համա Նահանգի Սալամիյէ գիւղաքաղաք հասնիլը:

Անցարգել: Զինուոր մը կը բարձրանայ օթոպիւս.- «Ո՞ւր են տղամարդիկը» կը գոռայ խիստ ձայնով, որուն մէջ աւելի շատ զաւեշտական բան մը կայ:

 

Կը շարունակէ նոյնքան զաւեշտախառն խիստ ձայնով.- «Պէյրութ գացող իւրաքանչիւր տղամարդ հազար սուրիական լիրա պիտի տայ: Դուք Պէյրութ կ'երթաք, ես կը նեղուի՞մ:»

Բոլորդ այս խօսքերը կատակ կը սեպէք, սակայն ինք կը յառաջանայ եւ ետեւի շարքէն կը սկսի դրամ հաւաքել: Ճամբորդները տարակուսանքով, բայց կը վճառեն հազարները: Եւ յանկարծ մէկը կը համարձակի ըսել թէ չունի:

- Չունի՞ս: Վար իջի՛ր, իջի՛ր: Արա՛գ ըրէ:

Տղան կ'իջնէ: Ուրիշ մը կը փորձէ հինգ հարիւր սուրիականով ազատիլ: Իրմէ կը գանձուի առաջարկուածը եւ սակայն իրեն ալ կը հրամայուի վար իջնել: Ասիկա վերջնականապէս կը համոզէ հանրակառքի տղամարդիկը կողմնորոշուիլ դէպի հնազանդութիւն:

Կարգը կը հասնի քեզի.

- Ե՞ս ալ պիտի տամ,- կը հարցնես շեշտով մը, որ ցաւոք չես կրնար ըսել թէ առանց քծնանքի է, եւ կը շարունակես նոյն ոճով.- Ես դպրոցի ուսուցիչ եմ:

 

Գիւղացին մէկ երկվայրկեան կը տատամսի ապա-. Ո՛չ, դուն պիտի չտաս,- կ'ըսէ ու հեռանայ՝ շարունակելու իր գանձումները: Գառնուկի հմազանդութեամբ կը վճառեն նաեւ վար իջածները:

Հանրակառքը ուրախ-զուարթ կը շարունակէ իր յաղթարշաւը  դէպի Պէյրութ, իր ետին ձգելով ձեր արժանապատուութենէն պատառիկ մը:

Ծայր առած աշխոյժ խօսակցութենէն կ'իմանաս, որ ժողովուրդը այս անցարգելը կոչած է «Հաճէզ միլիոն», որ կը նշանակէ միլիոնանոնց անցարգել: Հաշուելէ ետք թէ ամէն Աստուծոյ օր այդ անցարգելէն անցնող ճամբորդներէն կը գանձուի մօտ մէկ միլիոն Սուրիական Լիրա:

Հոմսէն ետք ճամբան կը լաւանայ: Խորթուբորթ ճամբաները ետեւը կը մնան, սակայն անցարգելները չեն պակսիր: Իսկ Դամասկոս-Պէյրութ մայրուղիին վրայ ամէն քայլափոխի անձագրերը կը ստուգուին՝ ահ ու դող պատճառելով մանաւանդ երիտասարդներուն, որ կը վախնային պահեստի կանչուած զինուորներու ցանկին մէջ իրենց անունին ալ յայտնուելէն:

Սուրիական սահմանը հեշտութեամբ կ'անցնիք: Երկու-երեք քիլոմեթրանոց չէզոք գօտին կը կտրէք եւ կը հասնիք լիբանանեան սահման: Գիտէք թէ մուտքի արտօնութեան կամ «չարտօնութեան» հարց կայ, եւ պատրաստուած էք քծնանքով զանազան ընդունելի պատճառներ տալ:

Ելքի եւ մուտքի կտրոնները պինդ ձեր ձեռքերուն մէջ կը քալէք դէպի աւետեաց երկիր: «Դրան» առջեւ երեք զինուորներ կան, որոնք Լիբանան մուտք գործելու թոյլտուութիւն տուող սրահ ոտք դնել կ'արտօնէին, կամ չէին արտօներ:

 

Կը մօտենաս: -Ո՞վ ունիս,- կոշտօրէն կը հարցնէ երեք զինուրներէն մին, որ միւսերէն տարբերող արտաքին նշաններ չունէր:

- Զաւակս...

- Անցի՛ր, արա՛գ ըրէ, անցիր:

 

Կը մտնես սրահ եւ Լիբանան մտնելու թոյլտուութիւն ստանալէ ետք դուրս կ'ելլես:

- Ո՞ւր,- կը հարցնէր զինուորը մէկու մը:

- Կ'ուզեմ տօները Պէյրութի մէջ նշել:

- Ի՞նչ  կ'ուզես,- որոտաց զինուորը եւ գիծ քաշեց ճամբորդական կտրոնին վրայ:

- Կ'ուզեմ նոր տարին Պէյրութի մէջ դիմաւորել...

- Ետ դարձիր եւ Սուրիոյ մէջ դիմաւորէ,- կը չարախնդայ զինուորը եւ ճամբորդական կտրոնները կը պատռէ:

- Սուրիական կտրոնս,- կը ճչայ մարդը:

- Հեռացի՛ր այստեղէն,- հեռացի՛ր, արա՛գ: Բոլո՛րդ հեռացէք... Որոնց որ թոյլատրած ենք թող հանրակառք բարձրանան, եալլա՛:

 

Այս այնչափ կոպիտ ու անարգական կերպով արտասանուած «եալլա» բացականչութիւնը քեզի կը յիշեցնէ թէ դուն ով ես՝ դուն մարդկային էակ չես: Դուն մարդ չես: Բոլորը կրնան քու արժանապատուութիւնդ ոտնակոխել, քանի որ դուն Սուրիացի ես...

 

Բոլորդ կը մոռնաք ձեր մարդ ըլլալը, կը բարձրանաք հանրակառք եւ ուրախ-զուարթ կ'ուղղուիք դէպի Պէյրութ...

Տեղադրություն

Թեմա

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում