Գլխավոր Լրահոս

Հալէպահայու Կենցաղ

Հալէպահայու Կենցաղ

«Պարանո՛ցը կտրեցէք, ապրուստը մի՛ կտրեք»

Արաբական արած

Եթէ կեանքին սպառնացող ամէն տեսակ զէնքերու վտանգը մէկ կողմ դնենք պահ մը, ապա հաստատապէս կրնանք ըսել, որ ինչպէս այսօրուայ Հալէպի մէջ բոլոր ապրողներուն, այնպէս ալ հալէպահայուն գլխաւոր մտահոգութիւնը ընտանիքին օրապահիկը հայթայթելն է:

Ո՛չ թէ կրկնութեան այլ յիշեցումի մտօք, ըսենք որ բազնաթիւ հալէպահայեր կորսնցուցին իրենց գործատեղիները՝ փոքրիկ արհեստանոցները, կամ միջակ ու մեծ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները, ոմանք ալ թէեւ արհեստանոցներ չունէին բայց բաւարար աշխատավարձով գործաւորներ էին: Ոմանք կորսնցուցին նաեւ իրենց տուները: Ոսկերիչներու համար գործ կայ, երբեմն հանգիստ չընելու չափ, բայց եթէ առնուազն քանի մը քիլօ ոսկի ունին, որովհետեւ գանձելու համար նախ պատրաստի ոսկեղէնը պէտք է յանձնեն: Ոսկեղէնը կ'արտածուի, մեր ոսկերիչներուն գործը տակաւին բարի հռչակ կը վայելէ երկրէն դուրս:

Փոխուեցաւ Հալէպահայուն դիմագիծը. երեկուան արհեստաւորը այսօր վարորդ է, փողոցը սեղանիկ մը դրած սիկարէթ ծախող կամ պտղավաճառ: Ամբողջ Հալէպը պատուած է քէպապի (հսկող չկայ միսի որակին կամ տեսակին) ախորժակ գրգռող հոտով , ամէն փողոցի վրայ կարելի է ամէն ինչ՝ ֆրիթ, ֆէլէֆէլ, էօճճէ, քէօֆթէ եւ քէպապ եփող-ծախողներու, ասոնց մէջ ալ հայեր կան: Բազմաթիւ արհեստաւորներ կը շարունակեն իրենց արհեստները կիրառել, մանաւանդ ինքնաշարժի նորոգութեան զանազան մասնագիտութիւններու տէրերը, սակայն քիչ չեն նաեւ ամէն օր արհեստանոց գացող եւ հոն դրացի արհեստաւորներու հետ նարտի խաղցողները, որոնք խաղի ընթացքին քաղաքական փայլուն մեկնաբանութիւններ կ'ընեն, մօտիկ եւ հեռաւոր ապագան կը գուշակեն, մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի լաւ օրերը կը յիշեն: բազմաթիւ են նաեւ իրենց առեւտուրի խանութները պահպանած վաճառականներ, որոնք սակայն օծանելիքի, կերպասի, շպարուելիքներ (մաքիաժ) իրերու հետ նաեւ սիկարէթ կամ բջիջային հեռախօսներու unit կը ծախեն, տարածում գտած գործ մըն է նաեւ այլոց հեռախօսի, ելեկտրականութեան կամ այլ հաշուեցուցակներու(պիլ) վճարելը քանի մը լիրա գանձելով իւրաքանչիւր հաշուեցուցակի դիմաց: Հալէպի մէջ սունկի պէս աճած են ուտելիքի մանր խանութները, նպարավաճառներու թիւը մեծցած է, բազմաթիւ խանութներ վերածուած են ժամանցի վայրերու, ուր տղամարդիկ մեծ մասամբ կանուխ երեկոյեան կ'երթան քանի մը ժամ թղթախաղով իրենց ժամանակը անցընելու. ասոնց մեծ մասը ժամանցի համար են եւ բախտախաղի հետ կապ չունին, սակայն ոստիկանները այս վայրերը կը կամայականօրէն կը նկատեն բախտախաղի մէջ եւ մեծ գումարներ գանձելով կը դառնան շահին հաւասար բաժնեկից:

Դպրոցները համարեա անվճար են, հիւանդութեան պարագային դեղերու գինին մեծ տոկոսը կը վճարեն բարեսիրական հաստատութիւնները, նոյնիսկ ծանր վիրաբուժութեան հսկայ ծախսերը կը բաժնեկցին հայ թէ օտար բարեսիրական հաստատութիւնները:

Սղութիւն է, ահռելի սղութիւն, որուն գլխաւոր պատճառը սուրիական լիրայի 600-700% անկումն. Եթէ տագնապէն առաջ ամերիկեան մէկ տոլարը հաւասար էր 50 լիրայի, ապա տագնապէն ետք ամէն օր բարձրանալով հասաւ այսօրուան 300է աւելի լիրայի արժէքին, եւ լիրան կը շարունակէ արժէզրկուիլ հասնելու համար.... աւելի ճիշդ է ըսել մեզ հասցնելու համար անդունդի ամենախոր յատակները: Եթէ սուրիացի պաշտօնեայ մը պատերազմէն առաջ կը ստանար ենթադրենք 500 տոլար եւ կ'ապրէր միջակէն ալ վեր կենցաղով մը ապա այսօր լիրայով հաշուուած աշխատավարձի զգալի բարձրացումէ ետք կը ստանայ 100 տոլարէ նուազ աշխատավարձ, մինչ ինք իր աճող ծախսերը հոգալու համար կարիք ունի իր աշխատավարձի հին համեմատութեամբ տոլարի քանակի, որովհետեւ զգալի գնողական արժէք ունեցող սուրիական հինգ հարիւրնոցներն ու նոյնիսկ հազարնոցերը այսօր պարզապէս անարժէք են, ծիծաղելի են:

Անշուշտ սղութեան կարեւոր պատճառներ են նաեւ ապրանքներու սակաւութիւնը, ճանապարհներու անապահովութիւնը, շրջափակումները. Տնական փութակազի շիշ մը տագնապէն առաջ կ'արժէր 175 լիրա՝ 3.5 տոլար, այսօր որպէս պետական սակագին ունի 1750 լիրա՝ 5-6 տոլար, երբեմն սեւ շուկայի վրայ ծախուելու համար մինչեւ 30 տոլարով: Հացը համեմատաբար շատ աժան է՝ քիլօն 25-150 լիրա, ըստ որակի: Պետութիւնը փուռերուն չափազանց աժան գինով վառելանիւթ եւ ալիւր կը տրամադրէ, պահպանելու հացին մատչելիութիւնը:

Առաջ, երբ ամսականդ 400-500 տոլալ էր, խորոված հաւին գինը 2-3 տոլար էր, այսօր կը ստանաս 70-80 տոլար, իսկ խորոված հաւի գինն է 3-5 տոլար եւ կը յաճախ, երբեմն ամիսներով կը ստիպուիս բաւականանալ հաւի եւ միսի խորովածի ախորժալի բուրմունքով:Անո՛ւշ ըլլայ:

Սղութեան հետ բնականաբար մեծ անկում արձանագրեց նաեւ որակը. Ամէն ինչի թարմն ու օթէքը իրար խառնուեցան:

Կան նաեւ նորաստեղծ ծախսեր, ինչպէս ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծախսերը: եթէ չես ուզեր ջուր կրել եւ ապա կորաքամակ քալել, հազար լիթրի դիմաց պէտք է վճարես 1000-էն 2500 լիրա երբեմն ալ Ա՜խ այդ ելեկտրածին սարքերը (generator), որոնց գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձած է արդէն, որովհետեւ պետութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ բնակչութեան ելեկտրականութիւն հայթայթել, որովհետեւ ընդիմադիրները կը յաջողին արգիլել անոր մատակարարումը: Փողոցները կը վխտան այս սարքերով, անոնց խլացուցիչ ձայնը ականջիդ մէջ կը հնչէ նոյնիսկ երբ չեն գործեր: Այս սարքերը բնակչութեան ելեկտրականութիւն կը հայթայթեն օրական 10 ժամ իւրաքանչիւր ամփէրի դիմաց գանձելով շաբաթական 900 լիրա, մէկ ամփէրով հազիւ հեռատեսիլդ եւ մէկ լամբ կր վարես, երկու ամփէրով ալ շատ բան չես կրնար գործածել, ելեկտրական գործիք մը միացնելու համար ուրիշ մը պէտք է անջատես անա թէ ոչ պիտի վազես դուրս անջատուած ելեկտրականութիւնդ միացնելու, եւ քիչ-քիչ կը նկատես, որ բարդոյթ մըն ալ աւելցած է մէջդ՝ վախը ամփէրի անջատումին եւ ամէն վայրկեան փողոց ելլելուդ կրկին զայն միացնելու: Մարդիկ ընդհանրապէս երկու ամփէր ունին որուն դիմաց ամիսը կը վճարեն շուրջ 25 տոլար երբ միջինէն բարձր նկատուող աշխատավարձ մըն է 100 տոլարը:

Լիրայի արժեզրկման հետ անկում կը կրէ նաեւ մարդկային արժանապատուութիւնը. Կաշառակերութիւնը մեծ տարածում գտած է, մարմնավաճառութեան չենք ուզեր անդրադառնալ անստոյգ տեղեկութիւններ ունենալու պատճառաւ, թէեւ ընկերային մեծ աղէտի վերածուող երեւոյթ մը դառնալ կը սպառնայ այն: Անհամար է մուրացկաններուն թիւը. Ասոնք մեծամասնութեամբ գաղթականներ են եւ հայեր չկան անոնց մէջ: Գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը նպաստընկալ դարձած է, ոմանք «արհեստ»ի վերածած են նպաստ ստանալը, գոց գիտեն թէ ո՛ր կազմակերպութիւնը ի՛նչ կու տայ, ե՛րբ կու տայ, որո՛ւն կու տայ, եւ ամէն ճիգ ( լաց, պոռչըտուք, կռիւ, միջնորդութիւն) գործի կը դնեն առաւելագոյն չափով ստանալու ամէն տեղէ, ասոնց հիմնական յատկանիշը աներեսութիւնն է. բարեբախտաբար մեծ չէ թիւը այսպիսիներուն:

Տխուր պարագայ մըն է նաեւ դուրսէն՝ ազգականներէ, բարեկամներէ, ընկերներէ դրամական օգնութիւն ակնկալողներուն օրէ օր աւելցող թիւը, թէեւ այս ալ հասկնալի է, ի՞նչ ընեն մարդիկ երբ շահուածէն նուազագոյնը քառապատիկ դրամի կարիքը ունին քիչ թէ շատ արժանավայել ապրելու համար:

Ահա մեր պատկերը: Կը հաւատանք որ, որքան ալ տխուր ըլլայ իրականութիւնը, պէտք է արձանագրուի, յանուն ճշմարտութեան՝ եւ ո՛չ միայն պատմութեան այլ մանաւանդ այսօրուան համար պէտք է փոխադրուի հարազատօրէն, ամենայն անկեղծութեամբ:

Կամաց-կամաց յոռի սովորութիւններու կրնան վերածուիլ մեր վարքն ու կենցաղը, դառնալով ախտեր:

Այս է մեր ցաւը, խոր ցաւը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 14 Սեպտեմբեր 2015

Տեղադրություն

Թեմա

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում