Գլխավոր Լրահոս

Հասնինք ու ինչու չէ՝ անցնինք մէկ միլիառ տոլարի սահմանը

Հասնինք ու ինչու չէ՝ անցնինք մէկ միլիառ տոլարի սահմանը

Աբօ Պողիկեան

Յայտարարութիւն մը տեսայ, ուր Հայաստան համահայկական հիմնադրամին նոր առաջադրանք մը կը թելադրէր. Արցախի համար ձեռնարկուած հանգանակութեան արդիւնքը հասցնել մէկ միլիառ տոլարի։

 Մէկ միլիա՞ռ... անիրական երազ չէ՞։ Քանի մը միլիոն հաւաքելով երբեմն այնքան կը հրճուինք, կը շնորհաւորենք մենք մեզ, որ չենք անդրադառնար, որ մեր չափանիշները կը խեղճացնենք, խեղճացուցած ենք վաղուց։ Այս ցաւալի գործընթացին վերջ պէտք է տալ ու զարկ տալ երեւակայութեան, ստեղծագործ մտքի սլացքի, կազմակերպական շնորհքի ծաղկման, եւ մասնագիտական տաղանդի նպատակասլաց օգտագործման։

Հայութեան համար մէկ միլիառ տոլարը ի’նչ գումար է որ։

Այսպիսի պարագաներու յաճախ կը սկսինք մեղադրել մէկս միւսը։ Ինչո՞ւ սփիւռքը չի տար աւելի, ինչո՞ւ հարուստ ու բարեկեցիկ սփիւռքահայերը կը գոհանան ոչ այնքան մեծ գումարներ նուիրելով, մանաւանդ այնպիսի կենաց մահու պահերու երբ հրապարակային կոչեր ու յանձնառութիւններ կը յայտարարուին՝ «ամբողջ կարելիութիւններով», «բոլոր միջոցներով», «անսակարկ նուիրոմով»՝ զօրակցելու հայրենիքին, հայոց պանծալի ու յաղթական բանակին, Արցախին։ Դժբախատաբար այս կոչերու արդիւնքները կը վարկաբեկեն, տարտամ կը դարձնեն «կենաց մահու» բանաձեւումը, որ յաճախ օգտագործուած է անտեղիօրէն։

Պէտք է այստեղ յստակացում մը կատարել. Ժամանակին, մինչեւ վերջերս, սփիւռքի մէջ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին, որոնք գրեթէ օրինաչափօրէն սակաւաթիւ ներկայութիւն կ՝ունենային, հռետորները իրենց յուսախափութեան զոհ կը դարձնէին այդ սակաւաթիւ ներկաները, դատապարտելով համայնքի անտարբերութիւնը։ Սեփական կազմակերպական անշնորհքութիւնը քննարկման նիւթ չէր կրնար ըլլալ։ Մեղաւորը ամբողջ համայնքն էր։ Արդիւնքը կ՝ըլլար, որ սակաւաթիւ ներկաները յաջորդ հրաւէրին ընդառաջելու շատ քիչ պատրաստակամութիւն կ՝ունենային։

Հիմա նոյնը նուիրհաւաքներու պատմութիւնն է։ Երբ հանգանակողները կը բաւարարուին սովորական՝ թէկուզ բարձրաձայն, թէկուզ յուսահատական կոչերով ու ճիչերով, երբ նախկին հանգանակութիւններուն վստահութիւն ներշնչող հաշուետուութեամբ, թափանցիկութեամբ չեն ներկայանար հանրութեան, երբ նպատակը յստակ չի բանաձեւուիր արդիւնքը կ՝ըլլայ այն ինչ որ եղած է միշտ. Անբաւարար։ Այս պատմութեան մէջ երբեք, երբեք պէտք չէ մեղադրել նուիրատուները, անոնց քիչ կամ շատ նուիրատուութիւնները։ Այս մարդոց ուսերուն վրայ է ընդհանրապէս համայնքներու կառոյցներու պահպանումը, որոնց վրայ պարբերաբար կ՝աւելնան համազգային պարտաւորութիւնները։ Շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն միայն պէտք է յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, իսկ կազմակերպութիւններէն պէտք է պահանջել աւելին, պէտք է պահանջել նոր, արդիւնաւէտ գործիքներ՝ հանգանակութեան ամբողջ գործանթացը բարձրացնելով նոր մակարդակի, հասնելով նոր շրջանակներու, ներգրաւելով լուսանցքի վրայ կանգնած, վստահելի ղեկավարում ճառագայթողներու սպասող մարդոց, այնքան, որ մէկ միլիառ տոլար հանգանակելը դառնայ սովորական, այլ ոչ երազային։

Այս տեսակի աշխատանքի ուռուականը հորիզոնի վրայ կ՝երեւի կարծես։ 

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում