Գլխավոր Լրահոս

Յոյսը Սարդարապատի զանգակներն են

Յոյսը Սարդարապատի զանգակներն են

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

44 օրեայ պատերազմի մասնակից կամաւոր մը, որ անցեալին նոյնպէս կամաւոր մասնակցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին, կը մեկնաբանէր երկու կռիւներու տարբերութիւնը: «Այն ժամանակ համարեա իրարու հաւասար զէնքով պատերազմեցանք: Մեր եւ իրենց ձեռքին նոյն Քալաշնիքովն էր: Մենք ունէինք հայրենիքը օտարի լուծեն պաշտպանելու կամքը, ինչ որ իրենք չունէին: Իսկ այս անգամ, լման 30 տարի հայրենի երկիրը ազատագրելու քարոզչութեան ազդեցութեան տակ յաղթանակի կամքով եկողը թշնամին էր: Աւելին՝ ունէր զէնքի գերակշռութիւն: Անզօր մնացինք, նոյնիսկ սարսափի մատնուեցանք ԱԹՍ-ներու դիմաց: Եւ մանաւանդ՝ հակարակորդը ռազմափորձերով պատրաստուած էր յարձակման ու մենք յանկարծակիի եկած»:

Անհատական այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը բացատրէ պատահածը եւ հետեւանքները: Խօսակիցս չուզեր քաղաքական մեկնաբանութիւններ տալ: Համոզուած է թէ մարտնչող բանակի ամենավատ սպառնալիքն է քաղաքականութիւնը: «Զինուորը պիտի հնազանդի հրամանատարի հրամաններուն եւ արհեստավարժ կերպով պիտի կատարէ իր  պարտականութիւնը, նոյնիսկ կեանքը զոհելու գնով»: Բայց նաեւ գիտենք թէ թաւշեայ յեղափոխութիւնով գահընկեց եղածներու ենթակայ սպաներ այս պատերազմը վրիժառութեան առիթ համարեցին եւ զինուորին հրամայեցին դիրքերը լքել ու մաշկը ազատել: 

Պարտութենէ ետք ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը արգելք եղաւ նման դաւաճանութեան հեղինակներուն արժանի կերպով հարցաքնման: 

Այս պայմաններու տակ շատ հասկնալի է Իլհամ Ալիեւի ամբարտաւան ելոյթները: Ան հիմա ունի շփանալու բազմաթիւ պատճառներ: Անոնց կարեւորագոյնն է համաշխարհային դիւանագիտութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը: Նաւթատոլարներու շնորհիւ Ալիեւ հագած է անպատժելիութեան պատմուճանը, որ Թուրքիոյ նախագահին հագածին հետ նոյն դերձակին ձեռքէն ելած է: 

Հարիւրամեայ դաժան փորձերով տեսած ենք թէ հայը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն նման  չէ ունեցած, չունի, եւ պիտի չունենայ բարեկամ պետութիւններ: Պետութիւնները իրարու մերձեցնողը միայն ու միայն անոնց շահերուն համընկնումն է: Երբ երկու պետութիւններու միջեւ կան փոխադարձ շահարկման եղանակներ, անոնք կը ներկայանան իբրեւ բարեկամ, կամ աւելի դիւանագիտական եզրով՝ դաշնակից:

Ազերպայճան ունենալով շահութաբեր լծակներ, դիւրաւ դաշնակից կ'ըլլայ Իսրաէլի, Թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ: Բացի Ռուսիոյ Դաշնութենէն, Պաքուին մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք տրամադրող այս երկիրները  իրենց արտադրութիւնը կ'ապահովեն ԱՄՆ եւ Եւրոպական երկիրներէ ստացած գիտելիքով ու թեխնիկական սարքերով:

Մեզի համար աւելի կարեւոր է այս ժխտական պայմաններու դիմաց հայուն պատասխանը: Նախ նշենք որ այս հարցադրումի պատասխանը հաւանականութիւններէն մէկը ճշդելով չենք կրնար գտնել: Այո, կարելի է ընտրել տարբերակ մը, ըստ որու անհատը պիտի ըսեր «Կարճատեւ կեանք մըն է ինծի պարգեւուածը եւ չեմ ուզեր այդ պարգեւը ապագայ չունեցող երկրի մը համար սպառել»: Նոյնիսկ անհատը յանուն իր զաւակներուն բարօրութեան կրնայ լքել երկիրը: Այդ ալ հասկնալի է: Բայց երբ կան մարդիկ, որոնք ի գին բոլոր խոչընդոտներու չեն լքեր հայրենի երկիրը ու կը ջանան համակերպիլ բոլոր տեսակի զրկանքներուն, որպէսզի յարմար բոլոր առիթներով յաղթահարեն զանոնք: Պարտինք հաստատել թէ նման կամք ունեցողներուն դիմաց, առաջին խմբակին պատկանողները լքած են ոչ միայն հայրենի երկիրը, այլ հայ կոչումին սահմանած բոլոր արժանիքները: 

Ալիեւի անպատկառ սպառնալիքներուն իբր պատասխան մեր ժողովուրդը կրկին անգամ կը հնչեցնէ Սարդարապատի զանգակները, որոնք շատ աւելի դժուար օրերուն սանձեցին ազգը ոչնչացնել ուխտած թշնամին:  

Հետևեք մեզ Telegram-ում Telegram

Կարդալ ավելին

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում