Սփիւռքը նախընտրական պայքարի տեսադաշտէն նե՞րս, թէ՞ դուրս
Սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին եւ փոխադարձաբար պայքարող կուսակցութիւններու ուշադրութիւնը կամ անուշադրութիւնը սփիւռքի հասարակական կարծիքին հանդէպ՝ իրենց ջատագոված հարցերու վերաբերեալ։ Այս էր քաղաքագիտոբւթեան դասախօս փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ մեր զրոյցի նիւթը։
Սփիւռքի մէջ ակնրեւ է փոփոխութիւնը դէպի համեմատաբար վերապահ ու կրաւորական դիրքորոշում Հայաստանի մէջ դերակատարութիւն ունենալու ուղղութեամբ, որ ուղղակի կամ անուղղակի արդիւնքն է Հայաստանի իշխանութեանց վերաբերմունքին՝ այդ դերակատարութեան նշանակութիւնը չկարեւորող, չգնահատող։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կարգաւորման տարբեր կուսակցութիւններու առաջարկները կը քննարկենք երբ բոլոր պայքարող ուժերը հրապարակեն իրենց նախընտրական ծրագիրները։ Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։



