«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 2-րդ դրուագին հիւրն է Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը։
Երեւանի սրտին մէջ, Պետօն ու Ռուբէնը կը հիւրընկալեն Ռուբէնին երկար տարիներու ընկերը, որ աշակերտական խումբով մը կը գտնուի Հայաստան: Զրոյցը կը ծաւալի սփիւռքահայ վարժարանի առաքելութեան, դաստիարակութեան մարտահրաւէրներուն, հայրենիք-սփիւռք կապի ու շօշափելի արդիւնքներու շուրջ։
Հիմնական կէտեր՝
● Հայրենագնացութիւնը որպէս դաստիարակութիւն. Րաֆֆի Սարգիսեանը կը պատմէ տարիներէ ի վեր իրականացուող Հայաստան այցելութիւններու մասին, որոնք աշակերտին համար դասագիրքի չոր տեղեկութիւնը կը վերածեն կենդանի ապրումի։ Զրոյցը կը վերյիշէ վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պրն. Մարգար Շարապխանեանի տեսլականը՝ հայու հոգին հայրենի հողին վրայ ծաղկեցնելու հրամայականը։
● Դպրոցի ընդլայնումը. Րաֆֆին կը յայտնէ Թորոնթոյի հայ համայնքի պատմական ձեռքբերումին մասին՝ նոր շէնքի գնումը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին կրթական ամենէն մեծ ներդրումներէն մէկը կը համարուի։ Այս քայլը պատասխանն է աճող աշակերտութեան եւ այն «սպասմցան ցանկերուն», որոնք կը վկայեն վարժարանի հանդէպ ունեցած մեծ վստահութեան մասին։
● Լեզուի պահպանման տագնապը. Բաց սրտով կը քննարկուի սփիւռքահայ տան մէջ հայախօսութեան նուազումը։ Րաֆֆին կը շեշտէ, որ «մէկ ձեռքով ծափ չ’ըլլար» ու դպրոցը առանձինն չի կրնար հրաշքներ գործել, եթէ ընտանիքը լեզուն չդարձնէ առօրեայ հաղորդակցութեան միջոց։
● Արցախի բացը եւ հայրենիքի նոր ընկալումը. Թէեւ ներկայիս Արցախ այցելութիւնը անկարելի է, սակայն ծրագիրը կը շարունակէ աշակերտներուն մէջ արթնցնել հայրենիքի հանդէպ սիրոյ ԵՒ պատասխանատուութեան զգացումը՝ Եռաբլուրի խորհուրդէն մինչեւ Ուշի գիւղի պարզ ու հարազատ միջավայրը, ինչպէս նաեւ հանդիպում՝ Արցախէն տեղահանուած աշակերտներու հետ։
● Մշակոյթը բեմէն դուրս. Աւանդական պարն ու խոհանոցը որպէս ինքնութեան ամրապնդման միջոցներ. նպատակն է պատրաստել ոչ թէ «այցելուներ», այլ հայորդիներ, որոնք իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ միշտ տեղ պիտի պահեն հայրենիք(ներու) հզօրացման համար։
Այս դրուագը հրաւէր մըն է վերարժեւորելու սփիւռքի մէջի գործող հայկական դպրոցի դերը՝ որպէս ինքնութեան կերտման կենսունակ միջավայր եւ դէպի ապագայ նայող անփոխարինելի կամուրջ։
***
«Ճակատաբաց»-ը կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները միանալու այս խորքային նաւարկութեան՝ փնտռելու համար հայկական աշխարհի իրական հարցերուն պատասխանները։
Եթէ դուն կամ ծանօթներէդ մէկը ունիք «բաց ճակատով» ըսելիք, նոր տեսլական կամ քննարկելիք թարմ գաղափար մը, գրեցէ՛ք մեզի [email protected]: Մեր հարթակը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք ըսելիք ունին ու պատրաստ են զրուցելու անկաշկանդ, համարձակ եւ (արեւմտա)հայերէնով:




