Գլխավոր Լրահոս

Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը 5 տարեկան. «Ճակատաբաց» Անի Բրդոյեանի հետ

«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 3-րդ դրուագին հիւրն է Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնի տնօրէն Անի Բրդոյեանը:

Երեւանի սրտին մէջ, Ռուբէնն ու Պետոն կը հիւրընկալեն Անին, որ Հալէպէն տեղափոխուած է Երեւան ու կը ղեկավարէ «Յառաջ» արեւմտահայերէն կեդրոնը, որ այս տարի կը նշէ իր հնգամեակը: Զրոյցը կը ծաւալի Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի իրավիճակին, լեզուի պահպանման ու զարգացման, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէն դասերու ներառման, երիտասարդութեան ներգրաւման եւ «Յառաջ» կեդրոնի ծրագիրներուն մասին:

Հիմնական կէտեր՝

● Հալէպէն Երեւան. Անի կը պատմէ իր Հայաստան գալու մասին, իր նախնական աշխատանքներուն, տարբեր ծրագիրներու ներգրաւուածութեան,արեւմտահայերէնի կապուածութեան մասին ու «Յառաջ» կեդրոնի հետ իր աշխատանքին մասին:

● Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. Անին իր հայեցողութեամբ, կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի իրավիճակը Հայաստանի մէջ, յատկապէս՝ Միջին Արեւելքէն դէպի Հայաստան մեծ ներհոսքի պատճառով արեւմտահայերէնի ընկալումը եւ հասանելիութիւնը, որ արեւելահայերէնին կողքին կ'ապրի ու կ'ապրեցնէ:

● Դպրոցներ. Անին կը խօսի այն աշխատանքին մասին որ «Յառաջ» կեդրոնը կը տանի Հայաստանի դպրոցներէն ներս՝ արեւմտահայերէնը ներառելու պետական ծրագրին մէջ. կը նշէ քանի մը յաջող օրինակներ եւ յոյս կը յայտնէ, որ ամբողջ Հայաստանով մէկ այս գործը պիտի իրականանայ:

● Թատերական ընթերցումներ. Յատկապէս «Յառաջ» կեդրոնէն ներս տեղի կ'ունենան ծանօթ եւ ոչ այնքան ծանօթ արեւմտահայերէն թատերական ընթերցումներ, որոնց նպատակն է գիրքերէն դուրս բերել այդ ստեղծագործութիւնները եւ ներկայացնել հասարակութեան, նոյնիսկ ընթերցումներ կազմակերպելով որոշ դպրոցներէ ներս:

● Ամառնային ճամբար. Առաջին անգամ ըլլալով «Յառաջ» կեդրոնը իր «Ափէ-Ափ» ծրագրի ծիրէն ներս կը կազմակերպէ ամառնային տասնօրեայ ճամբար մը՝ համագործակցութեամբ Երեւանի մէջ գտնուող դպրոցներէն մէկուն, ուր մինչեւ 14 տարեկան երեխաները առիթ պիտի ունենան տարբեր ոլորտներու մէջ տարբեր ծրագիրներով անցընելու իրենց ամառնային արձակուրդը։

Այս դրուագը կը քննարկէ արեւմտահայերէնը իբրեւ զարգացող լեզու եւ միջավայր մը, որ արդէն կամաց-կամաց իր տեղը կը գտնէ պետական ու պաշտօնական ծրագիրներու մէջ:

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում