Մարիա Թիթիզեան
Այս պատմութիւնը պատերազմի, ընկերութեան, յիշողութեան, կորուստի եւ անցագիրի մը մասին է:
Առաւօտեան ժամը 5-ին Պէյրութէն ճամբայ ելանք դէպի Լաթաքիա, Սուրիա: Եկած էինք քէսապահայերը տեսնելու, անոնց հետ ժամանակ անցնելու, իմանալու Քէսապէն անոնց տարհանման մասին եւ այս բոլորին ընդմէջէն հասկնալու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Քէսապի ճակատագիրը:
Այդ 14 ժամուայ ճամբորդութեան բոլոր պատմութիւնները արտաբերելը ժամանակի կը կարօտի: Անոնցմէ քանի մը հատը կարելի է միանգամայն պատմել, իսկ որոշ պատմութիւններ ալ աւելի շատ ժամանակի պէտք ունին՝ մարսելու եւ զարգացնելու համար:
Երեք շաբաթէ ի վեր քեսապահայութեան ապագան անորոշ է: Մարտ 21-ի առաւօտեան հակակառավարական խումբերու յարձակումէն ետք 600 հայ ընտանիքներ խմբովին տարհանուեցան դէպի Լաթաքիա: Անոնցմէ շատերը կարծեցին, որ քանի մը ժամուան մէջ պիտի կարենան վերադառնալ իրենց տուները, առաւելագոյնը՝ քանի մը օրէն: Մեծամասնութիւնը իրենց վրայի հագուստներով հեռացան, առանց որեւէ ուրիշ բանի: Այդ քանի մը օրերը երկարեցան քանի մի շաբաթուայ: Ոմանք Լաթաքիոյ մէջ ժամանակաւոր տուներ վարձեցին, ուրիշներ Պէյրութ կամ Այնճար գացին, իսկ ոմանք տակաւին կ’ապաստանին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Քէսապահայութեան տարհանումը հայութեան շատ զգայուն ջիղին դպաւ, քանի որ այն կրկնուող տեղահանութիւններու եւ կորուստի յիշողութիւնները արթնցուց:
Ընկճուածութեան լուռ շղարշ մը սկսած էր պատել ամէնուրէք: Հազարամեակէ աւելի հին արմատներէն խլուած ծերունիներ յուսահատ դէմքերով բլասթիկ աթոռներու վրայ նստած, տարբեր տարիքի երեխաներ միջօրեայ արեւուն տակ իրարու հետ կը խաղային՝ իրենց շուքը թողելով աջ ու ձախ, առանց իմանալու եկեղեցւոյ մէջ իրենց այդ երջանիկ թուացող գոյութեան հետեւանքները: Մայրերը լուացքով կը զբաղին, իսկ կամաւորները կէսօրուայ ճաշը կը պատրաստեն: Երիտասարդ տղաք տոպրակներով պարենամթերք կը բերեն անդադար եւ զանոնք կը տեղաւորեն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Միջին տարիքի տղամարդիկ, մեծամասնութեամբ հողագործներ՝ ամուր եւ ուժեղ իրենց հողի վրայ, հիմա կորսուած կ’երեւին: Երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերը այնտեղ են իրենց հօտին հետ: Անոնք ճաշէն առաջ Տէրունական Աղօթքը կը կատարեն եւ իրենց օգնութիւնը կ’առաջարկեն այժմ անտուն դարձած հայութեան եւ անոնց հետ կը մնան եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեսայ Աբրահամ Ղազարեանը, որ ամուսինիս մանկութեան ընկերն էր, ինչպէս նաեւ Քարատուրանի գիւղապետը: Անոր հետ 25 տարի առաջ հանդիպած էի՝ Քէսապի մէջ ամրան ամուսնուս ընտանիքին այցելութեանս ժամանակ: Այդ բոլոր մարդոց, ընկերներուն եւ ազգականներուն մէջ, որոնց այնտեղ հանդիպած էի, վերջինս իմ մօտս թողած էր տարբեր տպաւորութիւն մը, զոր ես միշտ հիացմունքով յիշած եմ: 20 տարի ետք Աբրահամը կրկին տեսած էի, երբ ան իր կնոջը հետ Երեւան այցելած էր: Ինծի համար ան միշտ քեսապցի մարդուն բարութիւնը կը ներկայացնէր, իսկ այդտեղ՝ այդ եկեղեցւոյ բակին մէջ, երեւակայելի բոլոր սահմաններէն անդին, ան փաստեց իր այդ բարութիւնը:
Երբ եկեղեցիէն դուրս պիտի ելլէինք վերադառնալու համար Սուրիա-Լիբանան սահմանը՝ տասնեակ բանակային անցակէտեր անցնելէ ետք, Աբրահամը մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ ամուսինիս տալու բան մը ունի իր մօտ: Ան ձեռքը գրպանը տարաւ եւ սուրիական անցագիր մը հանեց ու ինծի յանձնեց: Ես տուած անցագիրին նայեցայ ու ապա իրեն. անոր աչքերը կը փայլէին: Անցագիրը բացի եւ տեսայ, որ այդ իմ ամուսինիս անցագիրն է: Քանի մը վարկեան տեւեց մինչեւ, որ հասկցայ, թէ ինչ կը կատարուի: Անցագիրին մէջ 40 տարուայ հին փաստաթուղթ մըն ալ կար, որուն գոյնը անցած էր հնութեան եւ ծալքերու պատճառով: Անոր վերի ձախ անկիւնին վրայ փոքր տղու մը նկարը կցուած էր: Այդ ամուսինիս Սուրիական ինքնութեան փաստաթուղթն էր: Աբրահամը այս փաստաթուղթերը իր հետ առած էր, երբ որ գիւղը յարձակումի ենթարկուեցաւ:
Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ, որ ներկայիս հարիւրաւոր տեղահանուած հայերու տուն դարձած է, ձեռքս կար անցագիր մը եւ թուղթի կտոր մը, որ կրնար կորսուեր ուրիշ փայփայուած յիշատակներու, առարկաներու կամ փաստաթուղթերու հետ: Երբ իր պատմական գիւղը յարձակման կ’ենթարկուէր, երբ ան կը փորձէր իր ընտանիքը ազատել, երբ ան իր այգիներու տարիներու աշխատանքը ետին կը թողէր, Աբրահամը յիշեց, որ ետ պէտք է դառնար եւ մանկութեան հին ընկերոջ մը իրեն վստահած փաստաթուղթը վերցնէր:
Ես չկրցայ խօսիլ… Ան ալ պէտք չունէր, որ ես խօսէի… Ան միայն ըսաւ. «Մարիա ջան, չկրցայ ասիկա այնտեղ թողել»։
Read the article in English.
Civilnet











