Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց քաղաքական կեցուածքներով ու ձեռնարկած քայլերով երկիրը կը տանի՞ն Ռուսաստանի հետ ուղղակի առճակատման, թէ պարզապէս դիւանագիտական ձեւեր կը փնտռեն, որ Ռուսաստանը դաշնակցային իր պարտաւորութիւնները կատարէ։
Փաշինեանի վերջին հարցազրոյցի ընթացքին կատարած ակնարկներու, Արցախի մէջ իշխանութեան փոփոխութեան, Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններու սաստկացման եւ տարածաշրջանային նոր իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ասպետ Գոչիկեանի հետ զրուցեցինք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացումներու ու անոնցմէ բխած հաւանական հետեւանքներու մասին։
Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
Civilnet




