Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստանի գիտութեան ոլորտի մէջ արձանագրուած զարգացումներու եւ հեռանկարներու մասին զրուցեցինք Լոս Անճելոսի Արփա հիմնարկութեան նախագահ Դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի հետ։ Գիտնականին հետ նաեւ զրուցեցինք Արփա հիմնարկութեան նախաձեռնութիւններու մասին համալսարանական եւ աշակերտական շրջանակներու մէջ գիւտարարութեան եւ գիտական նորարութիւններու հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու համար։
Արեւային ուժանիւթի արտադրութեան արդիւնաւէտութիւնը կրկնապատկելու գիւտը Հայաստանի մէջ զարգացնելով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի թռիչքներ ապահվել թէ երկրի տնտեսութեան եւ թէ գիտութեան զարգացման մէջ, կը հաւաստէ դոկտ. Փանոսեան, որու միջնորդական աշխատանքի շնորհիւ սփիւռքահայ գիւտարար գիտնական դոկտ. Արա Աբգարեան սկսած է գործակցիլ Հայաստանի երիտասարդ գիտնականներու հետ։
Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
Civilnet


