«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի առաջին հիւրն է միջազգայնագէտ, Երեւանի ամերիկեան համալսարանի նախկին այցելու դասախօս եւ հասարակական գործիչ՝ պուենոսայրեսաբնակ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը: Ան Հայաստան կը գտնուէր իր բանաստեղծութիւններու ժողովածու «Սահմանելի»-ի ներկայացումին եւ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտներու ընկերային հաւաքին համար:
Պետօն ու Ռուբէնը Խաչիկին հետ կը փորձեն հասկնալ, թէ ո՞ւր կը սկսի ու կ’աւարտի սփիւռքահայու ինքնութիւնը այսօր։
Հիմնական կէտեր՝
- «Սահմանելի». Խաչիկին հետ զրոյցը ընթացաւ նախ եւ առաջ իր գրքի՝ «Սահմանելի»-ի ծագումին, տարիներու վրայ երկարած բանաստեղծական աշխատանքին, ազդեցութիւններուն եւ սփիւռքեան-արեւմտահայ գրական ստեղծագործութեան ու ինքնութեան մասին:
- Հայաստան-սփիւռք. Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու եւ փոխընկալումներու, հիմնական, խորքային ինքնութեան, գոյութենական ճշմարտութեան եւ hողի քաշողականութեան եւ ինքնութեան հաստատման մասին: Քննարկուեցան սփիւռք-Հայաստան ընկալումները, խօսոյթները, երկկողմանի փոխըմբռնումները եւ ինքնութիւնները, ակնարկելով սփիւռքեան հարցախոյզէն դուրս եկած տուեալներն ու մեկնաբանութիւնները:
- Լեզու եւ ուղղագրութիւն. Զրոյցը կ’անդրադառնայ ուղղագրութեան եւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մօտեցման ձախողած փորձերուն: Խօսուեցաւ թարգմանութիւններու կարեւորութեան մասին՝ Արժանթինի թէ ընդհանրապէս սփիւռքի տարածքին, յատկապէս թուայնացած ու արհեստական բանականութեան այս դարուն:
- Սփիւռքը իբրեւ «փափուկ ոյժ». Ինչպէ՞ս կարելի է փոխել Հայաստան-սփիւռք փոխընկալումները եւ ինչո՞ւ էական է, որ սփիւռքը ինքզինք պարտադրէ իբրեւ քաղաքական ու մշակութային լուրջ գործօն, այլ ոչ թէ մնայ լոկ հեռակայ դիտորդ, մանաւանդ յետ-2020 պատերազմեան, Արցախի կորուստով յատկանշուած այս դժուար հանգրուանին:
- Հողի քաշողականութիւն. Խաչիկին համար Հայաստանը հայրենիք է, բայց ինքզինք կը սահմանէ որպէս սփիւռքահայ՝ պահելով այդ երկու աշխարհներուն միջեւ գոյութենական կապը։ Հաղորդումը կը փակուի գեղեցիկ ու խորհրդանշական աւարտով մը՝ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Չվայր» բանաստեղծութեան ընթերցումով։
«Ճակատաբաց»-ը կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները միանալու այս խորքային նաւարկութեան՝ փնտռելու համար հայկական աշխարհի իրական հարցերուն պատասխանները։
Եթէ դուն կամ ծանօթներէդ մէկը ունիք «բաց ճակատով» ըսելիք, նոր տեսլական կամ քննարկելիք թարմ գաղափար մը, գրեցէ՛ք մեզի [email protected]: Մեր հարթակը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք ըսելիք ունին ու պատրաստ են զրուցելու անկաշկանդ, համարձակ եւ (արեւմտա)հայերէնով:




