Փողարեանները՝ Ասպետն ու Այդան ահա չորս տարի է իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Տաւուշի Գոշ գիւղի վրայ, այստեղ սեփական տուն ունին, այստեղ տարբեր նախաձեռնութիւններով իրենց լուման կը բերեն գիւղական միջավայրի զարգացման, երիտասարդներու կազմակերպման, անոնց կրթական ծրագիրներուն աջակցման գործին։ Գոշի դպրոցի շրջանաւարտները, եթէ ուսումնական որոշ մակարդակ ապահոված են՝ Փողարեանները անոնց անպայման կը տրամադրեն համալսարանական կրթաթոշակ։ Իրենց ճիգերով նորոգուած գիւղի կեդրոնը գտնուող ակումբը արդէն դարձած է ամէնօրեայ հաւաքատեղի, որու պահպանման գործին գիւղացիք, յատկապէս երիտասարդները կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը։
Ահագին աշխատանք կատարուած է եւ շատ են նոր ծրագիրները։
Որքան ալ հեռուէն դժուար թուայ գիւղական առօրեան, Փողարեանները կը գտնեն, որ սփիւռքահաը Հայաստանի մէջ գիւղի մը բնակչութեան կապելով իր կեանքը, կ՝իմաստաւորէ զայն։
Խօսքը ուղղելով սփիւռքահայերուն՝ հրամմեցէ՝ք։
Civilnet




