Շուրջ երեք ամիս առաջ, Civilnet-ի համար յօդուած մը գրեցի եւ բացատրեցի, թէ ինչպէս այլ երկիրներու պարագային ամիսներու, գուցէ տարիներու երկայնքին արձանագրուած պատմակշիռ իրադարձութիւնները Թուրքիոյ մէջ կը պատահին քանի մը օրուան ընթացքին, կարծես սովորական երեւոյթ ըլլային:
Իմ յիշատակած երեք դէպքերը պատահեցան երեք օրուան մէջ։ Անոնցմէ առաջինն էր՝ Կեսարիոյ մէջ սկսած եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներ տարածուած գաղթականներու դէմ բռնութիւնները. իսկ երկրորդը՝ Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութեան ընթացքին թուրք ազգային խաղացող Մելիհ Տեմիրալի ցուցաբերած ցեղապաշտական Գորշ Գայլերու նշանը, որ ազգայնական մոլեգնութիւն առաջացուց երկրին մէջ:
Ասոնք էին առաջին երկուքը: Երրորդը՝ բազմակարծութեան շեշտադրումներով յայտնի Աչըք (Բաց) Ռատիոյի փակման սպառնալիքն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտութեան մը պատճառով: Լուրերուն հետեւելու մոլուցքով տարուած այս երկրին՝ Թուրքիոյ մէջ առաջին երկու դէպքերը արդէն մոռցուած են, սակայն Աչըք Ռատիոն չկրցաւ խուսափիլ իրեն համար նախատեսուած ծրագրէն ու պաշտօնապէս փակուեցաւ: Այսպիսով, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ լրատուամիջոց մը փակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելուն համար: Առաջինը ըլլալը միշտ յառաջդիմութիւն չի նշանակեր, այնպէս չէ՞:

Աչըք Ռատիոյ «ոդիսական»ին մանրամասնութիւններուն մօտէն նայելով բաւական յստակ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել այսօրուան Թուրքիոյ մասին: Ամէն ինչ սկսաւ 24 Ապրիլ 2024-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան հեռարձակումով: Ինչպէս որ տարիներէ ի վեր կ՚ընէին ամէն աշխատանքային առաւօտ, կայանի հիմնադիր Օէմէր Մատրան եւ իր գործընկեր Էօզտէշ Էօզպայը ընթացիկ իրադարձութիւնները կը քննարկէին իրենց հիւրին՝ Թուրքիոյ առաջատար ազատական մտաւորականներէն Ճենկիզ Աքթարի հետ: Պոլսոյ կուսակալութիւնը արգիլած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները, թէեւ անոնք գրեթէ վերջին տասնամեակին հրապարակաւ կը կատարուէին: Ասիկա Էրտողանի վարչակազմի տեղական ներկայացուցիչին կողմէ այս հարցին վրայ գործադրուող ճնշման առաջին օրինակն էր: Ճենկիզ Աքթար այս խնդիրը բարձրացուց, յիշեցուց օրուան կարեւորութիւնը եւ իր խօսքերով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նշելով որ շրջանային կառավարիչը այս տարի թոյլ չէր տուած յիշատակի արարողութիւնները: Զրոյցը շարունակուեցաւ այս ուղղութեամբ:
Այստեղ գործի անցաւ CİMER-ը (Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Կեդրոն), որ ստեղծուեց Էրտողանի օրօք՝ քաղաքացիներու պետական գործելակերպի վերաբերեալ որոշ գանգատներով դիմելու համար, սակայն ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ քաղաքական մատնութիւններու գիծի մը։ CİMER-ին յղուած բողոքի մը մէջ կը պնդուէր թէ Աչըք Ռատիոն «Հայոց Ցեղասպանութեան քարոզչութեան» լծուած էր: Մեղադրանքը լուրջ էր:
Այնուհետեւ, երրորդ հաստատութիւն մը միջամտեց՝ Ռատիոյի եւ Հեռուստատեսութեան Գերագոյն Խորհուրդը (RTÜK), որ դարձեալ տարիներ առաջ հիմնուած էր Թուրքիոյ մէջ մամուլը ճնշելու իբրեւ միջոց: RTÜK-ը արտաքուստ կը թուի քաղաքացիական հաստատութիւն մը ըլլալ՝ խորհրդարանական տեղեր ունեցող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած, սակայն անոր կառուցուածքը մեծապէս կը նպաստէ իշխող կուսակցութեան եւ անոր դաշնակիցներուն, ապահովելով որ Էրտողանի վարչակարգին իւրաքանչիւր լրատուական դաշտին վերաբերող որոշում այդ կառոյցէն անցնի: Երբ CİMER-ի բողոքը փոխանցուեցաւ RTÜK-ին, հաստատութիւնը գործեց իբրեւ գրաքննութեան գործիք՝ Աչըք Ռատիոյին վրայ դնելով հինգ օրուան հեռարձակման արգելք եւ 190,000 թրքական լիրայի (մօտաւորապէս 5,600 տոլար) տուգանք: Այս պատիժները թէ՛ նիւթականօրէն կը ճնշեն սահմանափակ միջոցներ ունեցող այլընտրանքային լրատուամիջոցները եւ միաժամանակ զանոնք կը դարձնեն լուսանցքային՝ հեռացնելով իրենց ունկնդիրներէն եւ դժուարացնելով նոր գովազդատուներու ապահովումը:
Այսուհանդերձ, համակարգի թերի աշխատանքի պատճառով, Աչըք Ռատիոյին պատիժը անուշադրութեան մատնուեցաւ։ Պատիժին մասին անտեղեակ՝ Աչըք Ռատիոյի տնօրէնութիւնը շարունակեց իր հեռարձակումները: RTÜK-ի տեսանկիւնէն, ասիկա կը նշանակէր թէ Աչըք Ռատիոն կը մերժէր եւ մարտահրաւիր կը կարդար որոշման դէմ: Ասոր հետեւանքը եղաւ արտօնագրի չեղարկումը: Կրնա՞ր աւելի լաւ առիթ ըլլալ ընդդիմադիր հեռարձակող մը լռեցնելու համար: Թէեւ Աչըք Ռատիոն անդրադարձաւ կացութեան եւ վճարեց տուգանքը, չկրցաւ խուսափիլ փակուելէն: Այսպիսով, 30 տարի հեռարձակելէ ետք, իւրայատուկ լրատուամիջոց մը, որ Թուրքիոյ մէջ 1990-ական թուականներու լրատուական բազմակարծութեան գործընթացին կարեւոր մասը կը կազմէր եւ իր որակեալ հեռարձակումներուն համար սիրուած էր իր ունկնդիրներուն կողմէ, փակուեցաւ: Աչըգ Ռատիօն իմ կեանքիս մէջ ալ կարեւոր դեր մը կը խաղար՝ ես ոչ միայն այդ հաւատարիմ ունկնդիրներէն մէկն էի, այլ նաեւ հաղորդավար մը, որ Ակօս-ի գլխաւոր խմբագրի տարիներուս Ռատիօ Ակօս ծրագիրը կը ներկայացնէի:
Հոկտեմբեր 16-ին՝ որոշման գործադրման եւ Աչըք Ռատիոյի վերջին հեռարձակման օրը, հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուեցան ռատիոյի շէնքին առջեւ, տխուր բայց վճռական՝ կանգնելու իրենց ռատիոյի կողքին: Հեգնական էր, որ Աչըք Ռատիոն հարեւան էր Տեփօ Արուեստի Կեդրոնին, որ հիմնուած էր վերջին եօթը տարիներու ընթացքին անարդարօրէն բանտարկուած գործարար եւ բարերար Օսման Քավալայի կողմէ: Ուրիշ «զուգադիպութիւն» մըն ալ այն է որ Քավալան եւս վճռական էր Հայոց Ցեղասպանութեան համար թուրքերու պատասխանատուութեան դէմ յանդիման գալու հարցին մէջ:

Ճշմարիտ եւ սիրուած Մարքօ Փաշան՝ Մարքօ Ապոստոլիտիս։
Իրենց ունկնդիրներուն հետ միասին, Աչըք Ռատիոյի տնօրէնութիւնը վճռական է իրաւական միջոցներով պաշտպանելու իր իրաւունքները եւ վերատիրանալու իր արտօնագրին: Եթէ իրենց ջանքերը ձախողին, նոր ռատիոյական մը հիմնելու հնարաւորութիւնը կրնայ նկատի առնուիլ: Ի վերջոյ, Թուրքիան երկիր մըն է ուր նման գրաքննութիւն տասնամեակներ շարունակ կիրառուած է եւ այս տեսակի ճնշող քայլերուն դէմ պայքարի ձեւերը կրնան տարբերիլ: Օրինակ, ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք, երբ հայկական Ազատամարտ թերթը փակուեցաւ, անոր տեղը գրաւեց Արդարամարտը, եւ երբ Արդարամարտը փակուեցաւ, անոր յաջորդեց Ճակատամարտը: Հանրապետական շրջանին, երբ մեծ թուրք երգիծաբան Ազիզ Նեսինի հրատարակած Մարքօ Փաշա երգիծաթերթը փակուեցաւ, անոր յաջորդեցին Մերհում Փաշան (Հանգուցեալ Փաշա), Մալում Փաշան (Ծանօթ Փաշա), Հիւր (Ազատ) Մարքօ Փաշան, եւ ապա՝ Պիզիմ (Մեր) Փաշան:
Մարքօ Փաշան երեւակայական կերպար մը չէր, այլ իրական պատմական անձնաւորութիւն մը: Անոր իսկական անունն էր Մարքօ Ափոստոլիտիս (1824-1888): Ան յոյն բժիշկ մըն էր՝ սիրուած օսմանեան զանազան ազգութիւններու քաղաքացիներուն կողմէ: Ան հիմնեց Կարմիր Մահիկ կազմակերպութիւնը, բարձրացաւ Ծերակոյտի անդամութեան, եւ այնքան հռչակաւոր դարձաւ մարդոց գլխացաւերը լսելու եւ լուծումներ փնտռելու համար, որ «Գնա՛ քու գլխացաւերդ Մարքօ Փաշային պատմէ» արտայայտութիւնը տարածուեցաւ: 1940-ական թուականներուն, հեղինակ Ազիզ Նեսին, իր սուր երգիծանքով, իր պարբերականը անուանեց Մարքօ Փաշա՝ ընդգծելու համար ժողովուրդի խնդիրները՝ ի հեճուկս իշխող դասակարգի անտարբերութեան: Այսօր, ո՛չ Մարքօ Փաշան ինք, ո՛չ Ազիզ Նեսինը, ո՛չ ալ անոր պարբերականը գոյութիւն ունին: Բայց Թուրքիոյ խնդիրները տակաւին լեռներու պէս կուտակուած են, Աչըք Ռատիոյի փակումը աւելցնելով կոյտին վրայ: Առայժմ, միայն այս անարդարութիւնները պատմութեան մէջ գրելու եւ արձանագրելու հնարաւորութիւնը ունիմ - գոնէ այնքան ատեն որ կրնանք գրել Թուրքիոյ մէջ - թէեւ որոշ վտանգներ աչքի առնելով... Ո՞վ գիտէ, գուցէ Մարքօ Փաշան, հիմա Միւս Աշխարհին մէջ, կը կարդայ ինչ որ կը գրենք:

Ռոպէր Քոփթաշ՝ գրող եւ հրատարակիչ, կ՛ապրի Իսթանպուլ։ 2010-էն մինչեւ 2015 եղած է «Ակօս» թերթի խմբագրապետը, եւ 2015-էն 2023 «Արաս» հրատարակչութեան ընդհանուր տնօրէնը։
Ռոպէր Քօփթաշ











