Քսաներորդ դարու սկիզբը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող տարբեր ժողովուրդներ կը փորձէին պատասխան գտնել այս հարցումին՝ կարելի՞ է Թուրքիան բարեկարգել. հայեր, յոյներ, հրեաներ, ալպանացիներ, քիւրտեր, եւ իհարկէ, թուրքեր:
Կայսրութիւնը, որ ունէր շուրջ 600 տարուան նշանակալից կեանք մը, կ'ապրէր էական անկում մը, կը յառաջանար դէպի փլուզում, եւ հարցը՝ թէ արդեօք կարելի՞ էր ստեղծել ապագայի ընդհանուր տեսլական մը այդ քաոսին մէջ, կը զբաղեցնէր մտաւորականներու ամբողջ սերունդի մը միտքը: Սուլթան Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին դէմ օսմանեան ընդդիմադիր գործիչներու միացեալ ճիգերով աշխատելու ջանքերը այս որոնումին արդիւնքն էին: Սուլթանը շարունակած էր իր մեծ հօր՝ Մահմուտ Բ.-ի նախաձեռնած արդիականացման քայլերը, սակայն երկիրը վերածած էր արիւնալի բռնապետական վարչակարգի մը: Ասիկա մասնակի բացատրութիւն մըն է կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր ազգային եւ կրօնական խումբերուն կողմէ ազատութիւն, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն խոստացած 1908-ի Սահմանադրական Յեղափոխութեան խանդավառ ընդունելութեան։
Այդ ժամանակէն ի վեր աւելի քան 110 տարի անցած է: Պատմութեան տարօրինակ դարձուածք մը չէ՞ արդեօք, որ նոյն հարցումը այժմ կը տրուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար, որ հիմնուեցաւ իբրեւ Օսմանեան պետութեան շարունակութիւն:
Այսուհանդերձ, Օսմանեան պետութեան բարեկարգման եւ փլուզումէն փրկուելու բոլոր առաջարկները սխալ դուրս եկան: 1908-էն ետք ընդամէնը մէկ տարի անց տեղի ունեցած Ատանայի Ջարդը, քանի մը տարի ետք Պալքանեան Պատերազմները, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տարածքային ընդարձակման յաւակնութեամբ մտած Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին մէջ Օսմանեան կայսրութեան աղէտալի պարտութիւնը՝ միասնաբար վերջ դրին կայսրութեան:
Անոր տեղը հիմնուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այժմ կը պատրաստուի տօնել իր 101-րդ տարեդարձը: Բայց այս տօնակատարութիւնը կը ստուերուի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներով: Այս տագնապները գլխաւորաբար արդիւնքն են օսմանցիներուն կողմէ չլուծուած, յետաձգուած կամ գորգին տակ պահուած հարցերու վերադարձով, որոնք կը վերադառնան ուրուականներու պէս: Անկարելի է չյիշել Մարքսի յայտնի խօսքը, որ կը վկայակոչէ Հեգելը. «Պատմութիւնը կը կրկնուի, նախ իբրեւ ողբերգութիւն, ապա իբրեւ կատակերգութիւն»: Այս պատմական կրկնութիւններէն շատ դասեր կան քաղելու, եւ այս յօդուածին մէջ կը փորձեմ պատասխան գտնել հարցին՝ այսօրուան Թուրքիոյ տեսանկիւնէն, մէկ կողմ դնելով ողբերգութիւն-կատակերգութիւն երկուութիւնը:
Նախ, իրավիճակային վերլուծութիւն մը: Թուրքիան 2003-էն ի վեր կը կառավարուի Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի կուսակցութեան՝ ԱԶԿ-ի կողմէ: 2013-էն ի վեր տեղի ունեցած է անցում մը դէպի միակուսակցական եւ աւելի ուշ՝ միանձնեայ վարչակարգ: Սկզբնապէս յաղթելով բանակին, հեռացնելով զինուորականութիւնը քաղաքականութենէն, կատարելով բազմաթիւ բարեփոխումներ՝ ԵՄ անդամակցութեան նպատակին ծիրէն ներս, մեկնարկելով քրտական խաղաղութեան գործընթաց մը եւ թուացեալ կերպով փորձելով անդրադառնալ փոքրամասնական համայնքներու, ներառեալ հայերու դիմագրաւած անարդարութիւններուն, Էրտողան աստիճանաբար սկսաւ խստացնել իր դիրքորոշումը՝ իշխանութեան կառչելու համար, յենելով բեւեռացման քաղաքականութեան վրայ՝ սրելով աշխարհիկ-կրօնական, թուրք-քիւրտ եւ ալեւի-սիւննի լարուածութիւնները: Յատկապէս 2016-ի ձախողած յեղաշրջման փորձէն ետք, Էրտողան օգտագործեց այս առիթը իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար եւ 2017-ի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք հաստատեց ոչ-ժողովրդավարական համակարգ մը՝ զայն կոչելով «թրքական ոճի նախագահական համակարգ», դառնալով ծայրայեղ ազգայնական եւ իսլամական խմբաւորումներու անվիճելի «Նախագահ»ը, կառավարելով երկիրը այն պալատէն, ուր ան քաշուած է: (Պալատներու եւ քաշուելու մասին խօսելով, անկարելի է չմտածել Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մասին, որուն Էրտողան մեծ հիացում ունի:)
Այսօրուան Թուրքիան վերածուած է ծանրաշարժ միանձնեայ կուսակցապետական կառոյցի մը: Անցեալին, հիմնադիր առաջնորդ Աթաթիւրքի անունին հետ հաստատուած ոչ-ժողովրդավարական պետութիւնը բազմաթիւ խնդիրներու աղբիւր էր, սակայն Էրտողանի ԱԶԿ-ն, որ իշխանութեան եկաւ զայն ժողովրդավարացնելու նպատակով, Թուրքիան վերադարձուցած է նախկինէն աւելի յետադիմական երկրի մը: Անոնք, որոնք կը յուսային թէ ժամանակը պիտի բերէր յառաջդիմութիւն, զարգացում եւ ազատութիւն, խորապէս յուսախաբ եղած են: Լարուածութեան, բռնութեան, ճնշումի եւ մերժումի վրայ կառուցուած քաղաքական բեմը Թուրքիոյ ժողովուրդը կը դատապարտէ հետզհետէ աւելի վատթարացող կենսապայմաններու:
Այսպիսի պայմաններու մէջ, կը յիշեմ 1908-ի շրջանի հայ քաղաքական ակտիվիզմը, յեղափոխականները եւ բարենորոգիչները: Անոնցմէ ամենէն յայտնիներէն՝ Գրիգոր Զօհրապը, ինչպէս գիտենք, հայ գրականութեան մեծ դէմք մըն էր, նաեւ լրագրող եւ փաստաբան: Ան աշխատեցաւ Ապտիւլ Համիտի բռնապետութեան վերջ տալու համար, թիրախաւորուեցաւ վարչակարգին կողմէ եւ աքսորի ենթարկուեցաւ, սակայն վերադարձաւ Պոլիս 1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք ու ընտրուեցաւ օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան: Ան ժամանակի ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկն էր: Զօհրապի տեսլականն էր ապրիլ խաղաղութեան մէջ այնպիսի Օսմանեան կայսրութեան մը մէջ, ուր կը տիրէր ապակեդրոնացում, խորհրդարանականութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ բոլոր ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներ: Խորհրդարանին մէջ եւ քաղաքական վարագոյրներուն ետեւ իր բոլոր ջանքերը ուղղուած էին այս սկզբունքները հասարակութեան աւելի լայն խաւերուն կողմէ ընդունուելուն: Այս առումով, Զօհրապը «Վերջին Օսմանական»ը կոչելը բաւական իրատեսական է: Սակայն, անոր խաղաղասիրութիւնը, օսմանականութիւնը եւ արդարութեան զգացումը չարգիլեցին, որ ան դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն մէկը: Օսմանականները սպաննեցին Վերջին Օսմանականը իրենց իսկ ձեռքերով:

Մէկ դար ետք, 21-րդ դարու սկիզբը, Պոլսոյ մէջ փայլող ուրիշ դէմք մը յաճախ կը նոյնացուի Զօհրապի հետ: Զօհրապի նման, լրագրող Հրանդ Տինք կը պայքարէր Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան հաստատման համար: Ան կը պաշտպանէր Թուրքիոյ դէմ յանդիման գալը անցեալի իր յանցագործութիւններուն, այսպիսով կառուցելով աւելի մարդկային ապագայ մը իր համար: Իր «Ակօս» թերթին միջոցով ան կը փորձէր բացատրել հայերու դիմագրաւած խնդիրները ոչ-հայերուն: Ան անխոնջ կերպով կ'աշխատէր, որպէսզի Թուրքիան հասնի եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանող համակարգի եւ հասարակական կառուցուածքի՝ իբրեւ յարգելի ժողովրդավարութիւն: Ան կը հաւատար, որ թուրքերու հասարակական ախտերը բուժելու ճանապարհը կ'անցնի իրենց անցեալին դէմ յանդիման գալով, եւ որ իրենց կողքին ապրող ժողովուրդներու ցաւին հանդէպ յարգալից մօտեցումը էական է թուրք-հայկական հաշտեցման համար: Սակայն, Գրիգոր Զօհրապի նման, Հրանդ Տինք եւս թիրախ դարձաւ թուրք ազգայնականներու եւ սպաննուեցաւ: Եթէ Զօհրապը Վերջին Օսմանականն էր, ապա Տինքը թերեւս «Առաջին Ազատ Քաղաքացին» էր, որ արժանի էր ապրելու իր երեւակայած ժողովրդավարական Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ: Թուրքերը սպաննեցին այդ առաջին ազատ քաղաքացին եւս իրենց իսկ ձեռքերով:

Այս տեսանկիւնէն, Թուրքիան բարեկարգելու կարելիութեան հարցին պատասխանները բաւական մռայլ եւ յուսալքիչ կը թուին ըլլալ: Թուրքիոյ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու աւագ սերունդները միշտ ժխտական պատասխան կու տային այս հարցումին՝ հիմնուելով իրենց կեանքի փորձառութեան վրայ. «Ոչ, ասիկա Թուրքիան է, երբեք պիտի չփոխուի, ոչինչ պիտի բարելաւուի»: Իմ սերունդս, որ հասունցաւ 1990-ականներու վերջին եւ 2000-ականներուն, կը կարծէր թէ այդ ժամանակները անցած են, որ երկիրը կը բացուի հանրային քննարկումներու միջոցով, որ հասարակութիւնը կը փոխակերպուի, եւ որ այս փոխակերպումը ի վերջոյ պիտի փոխէ նաեւ պետութիւնը: Մենք յաճախ կը ծիծաղէինք աւագ սերունդներու ցինիզմին վրայ՝ մտածելով թէ անոնք կը վախնան եւ որ մենք քաջ ենք: Բայց ժամանակը երկիրը տարաւ ոչ թէ աւելի լաւ, այլ աւելի վատ տեղ մը, եւ ասիկա ծանր եւ ցաւալի պարտութիւն մը եղաւ մեզի համար: Քիչ պարտութիւններ կրնային այնքան ծանր ըլլալ, որքան գիտակցիլը որ նախորդ սերունդը իրաւացի էր:
Ուրեմն, ի՞նչ է պատասխանը հարցումին: Կարելի՞ է Թուրքիան բարեկարգել, կրնա՞յ ան դրական ուղղութեամբ շարժիլ: Անկեղծօրէն, ես ալ չեմ գիտեր: Եթէ տասը տարի առաջ հարցուցած ըլլայիք ինծի, պիտի ըսէի՝ այո, անշուշտ: Այսօր, աւելի քիչ մազեր ունիմ, եւ մօրուքիս մէջ սպիտակ թելեր կան, որոնք այն ատեն չկային: Եւ հաւատալով փիլիսոփայ Անթոնիօ Կրամշիի յայտնի բանաձեւին ճշմարտութեան, միշտ կը փորձեմ առաջնորդուիլ մտքի յոռետեսութեամբ եւ կամքի լաւատեսութեամբ: Կը հաւատամ, որ յառաջիկայ քանի մը տարիները Թուրքիոյ համար, յատկապէս 2026-ին կամ 2027-ին կանխատեսուող վաղաժամ ընտրութիւններուն եւ անկէ ետք պատահածներուն առումով, շատ վճռորոշ են: Ընդդիմութեան կողմէ Էրտողանի դէմ դուրս բերուելիք թեկնածուն, այդ անձին որդեգրելիք քաղաքական գիծը եւ թէ արդեօք աւելի ժողովրդավարական թէ աւելի հեղինակապաշտ ուղի պիտի որդեգրուի, մասնաւորապէս քրտական հարցին եւ այլ գլխաւոր խնդիրներուն վերաբերեալ, պիտի ցոյց տան մեզի թէ արդեօք տակաւին յոյս կա՞յ Թուրքիոյ համար: Թէ ոչ: Ես այսօր 47 տարեկան եմ, եւ կը յուսամ որ երբ յիսունը անցած ըլլամ, պիտի չըլլամ անոնցմէ մէկը, որոնք կ'ըսեն՝ «Ոչ, ասիկա Թուրքիան է, ան հակաժողովրդավարական եւ ճնշող է, ասիկա երբեք պիտի չփոխուի»:
----------

Ռոպէր Քոփթաշ՝ գրող եւ հրատարակիչ, կ՛ապրի Իսթանպուլ։ 2010-էն մինչեւ 2015 եղած է «Ակօս» թերթի խմբագրապետը, եւ 2015-էն 2023 «Արաս» հրատարակչութեան ընդհանուր տնօրէնը։
Կարդացէք նաեւ՝ Ըլլալ Հայ Լուսանկարիչ՝ Թուրքիոյ Մէջ
Ռոպէր Քօփթաշ











