Մենք 2018-ին կորսնցուցինք Արա Կիւլերը։ Իսկ տարի մը առաչ՝ 9 Հոկտեմբեր 2023-ին, Պոլսահայ ուրիշ հիանալի լուսանկարիչ մը՝ Մանուէլ Չըթաքը յաւերժ բաժնուեցաւ մեզմէ։ Այս երկու վարպետներուն մահը մեզ կը յիշեցնէր, որ իրօք մեծ հեգնանք կայ այն իրողութեան մէջ, որ անոնք, որոնք նկարով բռնեցին Թուրքիոյ, կամ աւելի ճիշդ՝ թրքական ձգտումներու ամենէն ազնուական, խորունկ եւ մարդկային պահերը, կը պատկանին այն խումբին, որ Թուրքերը կ'ուզէին ջնջել եւ վերացնել իրենց երկրէն՝ հայերուն։

Արա Կիւլեր 2002-ին ըսած էր. «Եթէ ես անոնց լուսանկարները չառնէի, թրքական գրականութիւնը անդէմ պիտի մնար», ակնարկելով «100 Դիմանկարներ» ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուեցան թուրք գրողներու իր առած լուսանկարները։ Իրօք, եթէ չըլլար վարպետ լուսանկարիչը, որուն British Journal of Photography Year Bookը կը կոչէր «աշխարհի եօթը լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկը», այսօրուան թուրք գրողներու մեծ մասին դիմանկարները պիտի չըլլային։ Թէեւ անոնց անունները միջազգային բեմին վրայ չեն լսուած, գրողներ՝ ինչպէս Եաքուպ Քատրի, Ահմէտ Համտի, Օրհան Վելի, Սայիթ Ֆայիք եւ Ճեւաթ Շաքիր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ նշանակութիւն ունի թրքական գրականութեան համար, ընթերցողներու մտքին մէջ կը կենդանանան Կիւլերի ոսպնեակին միջոցով։ Աւելին, համաշխարհային ճանաչում ունեցող անուններ՝ ինչպէս Եաշար Քեմալ եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք, ոչ միայն իր լուսանկարներուն նիւթն էին, այլեւ անոր մտերիմ բարեկամները։

Ան ոչ միայն անհատներ կենդանացուց, շատ մը թեմաներ՝ հնագիտութենէն մինչեւ քաղաքային կեանք, աշխատաւոր մարդոց կեանքէն մինչեւ հաւատացեալներու աշխարհը, Թուրքիոյ մէջ նոր հեռանկար եւ կենսունակութիւն ստացան Արա Կիւլերի աչքերուն ընդմէջէն։ Առանց անոր, ոչ միայն թրքական գրականութիւնը, այլեւ Թուրքիան ինք, մանաւանդ իր այժմ կորսուած՝ Օսմանեան կայսրութենէն հանրապետական Թուրքիա փոխակերպման շրջանով, կրնար անդէմ մնալ։ Ինծի պէս մէկուն համար, որ ծնած եւ մեծցած է Թուրքիոյ մէջ, հայ պոլսեցի մը, ասիկա մեծ կորուստ մը պիտի ըլլար, որուն մասին նոյնիսկ մտածելը բաւական սարսափելի է։

Դուրսէն դիտողի մը համար, ասիկա մեծ հակասութիւն մը կը թուի ըլլալ։ Բայց անոնց համար, որոնք կը հասկնան այս երկրին հին եւ բարդ ոգին, ատիկա բնաւ զարմանալի չէ։ Կեանքը այսպէս է՝ դժուար բացատրելի, հիւսուած ինքնաբուխ եւ բնականօրէն պատահող իրողութիւններով, եւ ասիկա աւելի եւս ճշմարիտ է աշխարհի որոշ կողմերու համար։ Թերեւս այն գաղտնիքը, թէ ինչու տակաւին հայեր կ'ապրին Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անոր աւերիչ բռնութիւններով լի պատմութեան, կը գտնուի այս «անբացատրելի» երեւոյթներուն մէջ։
Արդեօ՞ք Արա Կիւլերի հայկական արմատները դեր խաղցած են անոր «լուսանկարչական աչք»ի մը վերածուելուն մէջ, որ առերեւոյթ կը հետեւէր, կը զննէր, կը դիտէր եւ կ'արձանագրէր Թուրքիան։ Արդեօ՞ք կապուած է անոր՝ կեանքէն դուրս մղուած, ճնշուած բայց բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարելով իր հողին կառչած համայնքի մը ծնունդը ըլլալու փաստին։ Թերեւս, իբրեւ հակազդեցութիւն լուսանցք մղուելուն եւ իր սեփական փոքր համայնքին սահմաններուն մէջ ապրելու ստիպողութեան, Արա Կիւլեր դարձաւ մշտապէս դիտող աչք մը։ Աչք մը, որ միաժամանակ դուրսէն էր՝ աւելի քան թուրք մը երբեք կրնար ըլլալ, եւ ներսէն՝ աւելի քան օտարական մը երբեք կրնար ըլլալ։ Թերեւս հայ ըլլալը, թրքական եւ մահմետական մեծամասնութեան մէջ ապրիլը, անոր հիանալի լուսանկարներուն հիմնական գաղտնիքներէն մէկն էր։

Մանուէլ Չըթաք մահացաւ 61 տարեկանին, սրտի տագնապի մը հետեւանքով, եւ ետին ձգեց սգաւոր կին մը՝ վիպագիր Շեպնեմ Իշիկիւզելը, եւ երկու գեղեցիկ զաւակներ։ Կան մարդիկ, որոնց հետ թէեւ մտերմօրէն ծանօթ չէք, բայց որոնց բարութիւնը կրնաք զգալ ձեր սրտին մէջ, եւ որոնց բարոյական բարձր նկարագիրին վստահ էք։ Մանուէլ անոնցմէ մէկն էր։ Տաղանդաւոր՝ իբրեւ լուսանկարիչ եւ վստահելի՝ իբրեւ անձ, ան հարազատ էր։
Չըթաք ծնած է Մալաթիա, 1962-ին։ Անատոլուի գրեթէ բոլոր հայ ընտանիքներուն պէս այդ ժամանակ, իր ընտանիքը գաղթեց Պոլիս։ Ան ուսանեցաւ Պոլսոյ Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական վարժարանին մէջ եւ Միմար Սինան համալսարանի Գեղարուեստից ֆաքիւլթէին մէջ։ 1980-ականներուն սկսաւ մամուլին մէջ երեւնալ իր լուսանկարներով եւ աշխատեցաւ զանազան թերթերու, հանդէսներու եւ ծրագիրներու վրայ։ Իր ուսանողական տարիներուն, սկսաւ լուսանկարներ առնել Թուրքիոյ մէջ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին։ Իր լուսանկարներուն մէջ, ան մեծաւ մասամբ կեդրոնացաւ մարդիկ նկարելու վրայ եւ զբաղեցաւ դիմանկարային աշխատանքով։ Ան նկարահանեց նշանաւոր դէմքեր՝ ինչպէս Ատալէթ Աղաօղլու, Օրհան Փամուք եւ Ֆիւրէյա Քորալ, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքի մաս կազմող սովորական անհատներ, ներառեալ Մատամ Անահիտը՝ Անահիտ Եուլանտա Վարան, որ ծանօթ էր իբրեւ Ծաղիկներու Անցքի աքորտէոն նուագող կինը՝ քաղաքին սրտին մէջ, հռչակաւոր ձկնորսական փողոցին վրայ, հին Բերա թաղամասին մէջ։

Ան կատարեց վաւերագրական լուսանկարչական աշխատանքներ՝ ինչպէս «Հանքափորներ»ը 1994-ին եւ «Քիլեոսի ծովափը» համայնապատկերները 1996-ին։ Թէեւ մասնակցեցաւ բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու, անոր առաջին անհատական ցուցահանդէսը՝ «Islomania», բացուեցաւ 2022-ին Անատոլու Քիւլթիւրի «Տեփօ»ին մէջ։ Անատոլու Քիւլթիւրը քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հաւատայ արուեստի միաւորիչ զօրութեան՝ Թուրքիոյ մէջ տարբեր ինքնութիւններու համակեցութեան համար։ Ինչպիսի՜ վտանգաւոր նախաձեռնութիւն մը՝ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ։ Դժբախտաբար, արդիւնքը ուղղակիօրէն համեմատական է առնուած վտանգին. Օսման Քավալա, Անատոլու Քիւլթիւրի հիմնադիրն ու նախագահը, տարիներէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ անարդար քաղաքական մեղադրանքներով։

Մանուէլի մահուան պատճառած սուգին մէջ, զարմացայ տեսնելով թէ որքա՛ն քիչ տեղեկութիւն կար անոր մասին համացանցի վրայ։ Փնտռուած արուեստագէտի մը համար, որ մօտ քառասուն տարի եղած է Թուրքիոյ լուսանկարչութեան եւ մամուլի աշխարհի մաս, միայն քանի մը լուսանկարներ եւ սահմանափակ տեղեկութիւններ կային առցանց աղբիւրներու մէջ։ Մանուէլ այն մարդոցմէ էր, որոնք կը խօսէին իրենց աշխատանքին միջոցով։ Իբրեւ դիտող եւ մեկնաբան, ան կը նախընտրէր մնալ լուսարձակներէ դուրս, թերեւս թոյլ տալով որ իր աշխատանքը մնայ մաքուր եւ աւելի հարազատ

Իր անձնաւորութեան այս երեսով, անմիջապէս տեսայ կապը իր հայկական ժառանգութեան հետ։ Օսմանեան կայսրութեան արդիականացման շրջանին, լուսանկարչութիւնը տարածուեցաւ եւ ժողովրդականութիւն գտաւ հայ եւ յոյն լուսանկարիչներու միջոցով, որոնք իրենց մահմետական հայրենակիցներէն աւելի սերտ կապեր ունէին Արեւմուտքի հետ։ Այսպիսով, Մանուէլ Չըթաք, Արա Կիւլերի նման, դարձաւ հայ լուսանկարիչներու շղթային վերջին օղակներէն մէկը, որ սկսած էր Փասքալ Սեպահով՝ ուշ օսմանեան շրջանին, շարունակուած էր Ապտուլլահ Եղբայրներով (Վիգէն, Գէորգ եւ Յովսէփ Ապտուլլահ), Ֆոթօ Ֆեպիւսով (Պօղոս Թարգուլեան), Կիւլմէզ Եղբայրներով (Երուանդ, Արթին եւ Գրիգոր Կիւլմէզեան), Տիլտիլեան ընտանիքով, Կարապետ Պաղտասարեանով, եւ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք 1923-ին, Մարիամ Շահինեանի Ֆոթօ Կալաթասարայով եւ Յովսէփ Մինասօղլուի Սթիւտիօ Օսէփով, եւ շատ, շատ ուրիշներով։

Թերեւս զարմանալի թուի, որ Թուրքիոյ փոքր եւ ներամփոփ հայ համայնքէն այսքան յայտնի լուսանկարիչներ ծագած են։ Սակայն, անոնց համար, որոնք գիտակից են այս պատմութեան, արեւելեան ճակատին վրայ նոր բան չկայ։ Նոյնիսկ երբ խորապէս կը զգանք այս երկարատեւ աւանդութեան ցուլումը Մանուէլ Չըթաքի մահուամբ, գիտենք որ կայ ժամանակակից լուսանկարիչներու խումբ մը, Անի Չելիք Արեւեանէն մինչեւ Սիլվա Պինկազ, Արամիս Քալայէն մինչեւ Պէրճ Արապեան, Վազգէն Տեյիրմենթաշէն մինչեւ Մասիս Իւշենմէզ, որոնք պատրաստ են սեղմելու լուսանկարչական գործիքին կոճակը իրենց միշտ դիտող աչքերով։ Թուրքերը կամ հայերը եւ կամ աշխարհը գիտակից է ասոր թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց այս լուսանկարիչներէն իւրաքանչիւրը, իր իւրայատուկ գեղարուեստական ինքնութեամբ, իբրեւ ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի ժառանգորդներ, կը շարունակէ դիտել թրքական հասարակութիւնը իւրայատուկ տեսանկիւնէ մը, որ ոչ ոք ուրիշ կրնայ, խորապէս հասկնալով զայն ներսէն։ Մանուէլ Չըթաք, Թուրքիոյ մէջ հայ լուսանկարիչներու այս վերջին սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը, այժմ պիտի ապրի, գէթ քիչ մը, այն լուսանկարներուն մէջ զորս իր բարեկամները պիտի նկարահանէն։

Ռոպէր Քոփթաշ՝ գրող եւ հրատարակիչ, կ՛ապրի Իսթանպուլ։ 2010-էն մինչեւ 2015 եղած է «Ակօս» թերթի խմբագրապետը, եւ 2015-էն 2023 «Արաս» հրատարակչութեան ընդհանուր տնօրէնը։
Կարդացէք նաեւ՝ Կարելի՞ է Թուրքիան Բարեկարգել
Ռոպէր Քօփթաշ











