Վիքթոր Օրպանի երկարամեայ իշխանութենէն ձերբազատուելու Հունգարիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու որդեգրած մարտավարութիւնը ուսանելի դաս կրնա՞յ հանդիսանալ Հայաստանի ընդդիմութեան։ Հունգարիոյ ընտրութիւններուն Փեդեր Մաջարի Տիսզա կուսակցութիւնը, համախմբելով երկրի ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերը, համոզիչ յաղթանակ տարաւ Օրպանի դէմ։ Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներու մեծամասնութիւնը կարծես միտուած չէ համախմբուիլ մէկ թեկնածուի շուրջ, ինչ որ շատ անհաւանական կը դարձնէ իշխանափոխութիւնը։
Քաղաքագիտութեան դասախօս Ասպետ Գոչիկեան համեմատութիւններ կատարեց Հունգարիոյ եւ Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութեանց քարոզչական մարտավարութեանց, կազմակերպական իւրայատկութիւններու եւ գաղափարական ուղղուածութեան վերաբերեալ։ Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։





