Եթէ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները հանրաքուէի նշանակութիւն կրնան ունենալ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար, ապա ինչու ընդդիմութեան մէկ կարեւոր մասը որոշեց չմասնակցիլ այս գործընթացին։ Այս հարցը քննարկեցինք քաղաքագէտ Ասպետ Գոչիկեանի հետ։ Երեւանցիները իրենց թեկնածուն որոշելու ընթացքին նախապատուութիւն պիտի տան քաղաքի խնդիրներուն լուծում առաջարկողի՞ն, թէ՝ երկրի ղեկավարման հանդէպ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու միջոց պիտի դարձնեն ընտրութիւնները։
Զրոյցի սկզբին, Գոչիկեան կարճ ակնարկով անդրադարձաւ եւ արժեւորում կատարեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ շաբթուան կայացած քննարկման։
Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
Civilnet




