Գլխավոր Լրահոս

VLUME՝ հայ գիրքը թուային դարուն. «Ճակատաբաց»՝ Մարտիկ Չոլաքեանին հետ

«Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարի 12-րդ դրուագին հիւրն է Մարտիկ Չոլաքեանը՝ Նիւ Եորքէն. Մարտիկը Vlume հայերէն գիրքերու թուային հարթակի համահիմնադիրն է։

Երեւանի սրտին մէջ, Պետոն ու Ռուբէնը կը հիւրընկալեն Մարտիկը։ Զրոյցը կը սկսի անոր անձնական ուղիէն՝ Հալէպ, Պէյրութ եւ Նիւ Եորք, ապա կը ծաւալի Vlume-ի ծագման, հայերէն ելեկտրոնային գիրքերու եւ ձայնագիրքերու ամբողջական հարթակի կարեւորութեան, արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն բովանդակութեան, մանկական գրականութեան, դպրոցներու եւ հրատարակիչներու հետ համագործակցութեան, թեքնիք մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն շուրջ։ Զրոյցը կը փորձէ պատասխանել, թէ ինչպէս կարելի է հայերէն ընթերցանութիւնը կենդանի, մատչելի եւ կենսունակ պահել թուային այս դարուն՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։

Հիմնական կէտեր՝

● Անձնական ուղի. Մարտիկ ծնած է Հալէպ։ Կը պատմէ Հալէպի աշխոյժ գաղութային կեանքին մասին՝ դպրոցներ, երգչախումբեր, սկաուտական շարժում, մարզական խումբեր։ Ապա՝ Լիբանան, Հայկազեան համալսարան, ուր կ’ուսանի համակարգչային գիտութիւններ։ Կ’աշխատի տարբեր ընկերութիւններու եւ պետական ծրագիրներու մէջ։ 2006-ին կը տեղափոխուի Նիւ Եորք, ուր կը կեդրոնանայ տուեալագիտութեան եւ ֆինանսական ոլորտներուն վրայ։

● Vlume-ի ծագումը. Գաղափարը ծնած է ընկերներու հետ՝ Նիւ Եորքի մէջ, Սուրիոյ պատերազմական վիճակին եւ սփիւռքի կարիքներուն ի տես։ Սկիզբը նպատակը եղած է ձայնագիրքեր ստեղծել, որպէսզի Հալէպի մէջ գտնուող գրականութեան եւ արուեստի մարդիկ գործի մղուին, իսկ սփիւռքի այլ համայնքները օգտուին։ Աստիճանաբար զարգացած է ամբողջական թուային հարթակի ստեղծման գաղափարը։ Անունը՝ Vlume (volume = հատոր / ձայն + lum = լոյս)։ Հարթակը կը սկսի Հայաստանի մէջ՝ հեռակայ աշխատանքով եւ խորհրդատուներու հետ։

● Հարթակի կարեւորութիւնը եւ թիւերը. Vlume-ը ամբողջական թուային գրադարան է (ելեկտրոնային գիրքեր, ձայնագիրքեր, շարժապատկերներ)։ Այսօր ունի աւելի քան 60 000 գրանցուած օգտատէր եւ մօտ կարդացուած ու լսուած 75 000 գիրք ։ Հարթակը կը ծառայէ թէ՛ անհատներու, թէ՛ դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու։ Տուեալները կը հաւաքուին երկու նպատակով՝ հասկնալ ինչ կը կարդացուի, եւ գնահատել գործերն ու ընթերցողները։

● Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն. Երկու ճիւղաւորումներն ալ հաւասարապէս ներկայ են։ Արեւմտահայերէնի մէջ աւելի շատ դասականներ (հասանելիութեան եւ պահանջարկի պատճառով), արեւելահայերէնի մէջ՝ թարգմանուած գրականութիւն։ Հարթակը նաեւ կը փորձէ փրկել դասական գիրքեր, որոնք այլեւս չեն վերահրատարակուիր։

● Մանկական գրականութիւն եւ «խօսող գիրքեր». Մեծ շեշտադրում կայ մանկական եւ կրթական բովանդակութեան վրայ։ Վերջերս հրապարակուած են «խօսող գիրքեր»-ը (talking books), ուր բառը կը լսուի եւ կը տեսնուի միաժամանակ։ Նպատակն է՝ երեխաներուն մէջ ներգործական ընթերցանութեան փորձառութիւն ստեղծել, բառապաշար զարգացնել, պատմելու կարողութիւնը ամրապնդել։ Շարքերը կը պատրաստուին յստակ տարիքի ու մակարդակի բաժանումներով եւ կրթական նպատակներով։

● Հրատարակիչներ եւ դպրոցներ. Սկիզբը հրատարակիչները վերապահ էին. այժմ գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի հրատարակչատուներու հետ։ Դպրոցներու հետ աշխատանքը աւելի յաջող է. Քալիֆորնիոյ Ազգային վարժարանները արդէն կ’օգտագործեն հարթակը եւ յառաջիկային աւելի լայն մասնակցութիւն կը սպասուի։ Ուսուցիչները կը մասնակցին սրբագրութեան եւ փորձարկման։

● Հեղինակային իրաւունքներ եւ մարտահրաւէրներ. Դասական գիրքերու իրաւունքները յաճախ բարդ են։ OCR-ի եւ արհեստական բանականութեան միջոցով հին PDF-ներ կը թուայնացուին։ Նոյնիսկ արհեստական բանականութիւնը կ’օգնէ սրբագրութեան եւ ձայնային համապատասխանեցման։

● Ապագայի ծրագիրներ. Ընթերցանութեան մակարդակներ (reading levels) աւելցնել, անձի տուեալ պահի տրամադրութեան վրայ հիմնուած առաջարկներ կատարել, հրատարակիչներուն աւելի (անանուն) տուեալներ տրամադրել, դպրոցներու հետ աշխատանքը ընդլայնել։

Այս դրուագը կը ցոյց տայ, թէ ինչպէս անհրաժեշտութենէ մը ելած՝ հարթակ մը կը ծնի եւ կամաց-կամաց կը դառնայ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան կենսունակութեան գործիք, միաժամանակ ընդլայնուելով, կամուրջ դառնալով Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, իր շուրջ համախմբելով ամէն տարիքի ընթերցասէրներ ու սկսնակներ։

Տեղեկագիր

Բաժանորդագրվեք մեր տեղեկագրին և առաջինը ստացեք մեր շաբաթական ամփոփումները

Բաժանորդագրվելով Դուք տալիս եք համաձայնություն մեր Գաղտնիության քաղաքականություն համար։

ՍիվիլՆեթն արգելում է օգտագործել իր հոդվածներն ու լուսանկարներն առանց պատշաճ հղման, ներբեռնել և առցանց այլ հարթակներում վերբեռնել իր պատրաստած և տարբերանշանը կրող տեսանյութերը։ ՍիվիլՆեթի տեսանյութերի մասնակի օգտագործումը կարող է լինել միայն ՍիվիլՆեթի գիտությամբ և համաձայնությամբ։

Արդենի պողոտա 315, գրասենյակ 30 Գլենդել, Կալիֆոռնիա 91203

+1(818)749-450 [email protected]

Հյուսիսային պողոտա 1, գրասենյակ 30 Երևան 0010, Հայաստան

+374(10)500-119

CIVILNET © 2011-2026։ Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։

Մշակված է՝ MATEMAT-ում